Ազգային գրադարանային շաբաթը 20 տարեկան է
Ազգային գրադարանային շաբաթն այս տարի յոբելենական էր: 20-րդ տարին ըլլալով, շաբաթն այս տարի կրկին համախմբեց Հայաստանի գրադարանային համայնքը՝ Երեւանի եւ մարզերու մէջ, ընդգրկելով հանրային, մարզային, գիտական, համալսարանական եւ այլ գրադարաններ: Նման շաբաթ կայացնելու նպատակը հասարակութեան զարգացման գործին մէջ գիրքի եւ գրադարաններու դերն ու նշանակութիւնն ընդգծելն ու կարեւորելն է:
Ապրիլ 12-19-ը կայացած շաբթուայ բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս եւ կը կրէր «Գիրքը՝ բալասան» կարգախօսը: Այդ առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին անգամ մը եւս յիշուեցաւ Ազգային գրադարանային շաբթուան պատմութիւնը, որ նախաձեռնութիւնն է Հայաստանի գրադարանային ընկերակցութեան:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան տեղեկատուական պաշարներու կեդրոնի տնօրէն Ներսէս Հայրապետեանն իրենց ելոյթներով նշանաւորեցին ազգային գրադարանային շաբթուան բացումը, այնուհետեւ Ազգային գրադարանի կողմէ շնորհակալանքի պատուոգրեր յանձնուեցան գրադարանի կարգ մը նախկին տնօրէններու եւ ղեկավարներու, այլ գրադարաններու վարիչներու եւ ոլորտի այլ մասնագէտներու։ Անոնք էինք՝ Ներսէս Հայրապետեանը, Ֆաթմա Խաչատրեանը, Ռաֆիկ Ղազարեանը, Յասմիկ Կարապետեանը, Դաւիթ Սարգսեանը, Սաթենիկ Աւագեանը, Տիգրան Զարգարեանը, Մատլէն Յովսէփեանը, Աննա Շիրինեանը, Սիլվա Նաթալի Մանուկեանը, Մարիեթա Ամիրխանեանը:
Շիրակի մարզային գրադարանը մարզային միւս գրադարաններու հետ միասին, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգային գրադարանային շաբթուան՝ նախ մասնակցելով ընթերցանութեան մարաթոնին, ապա շաբթուայ ընթացքին զանազան ձեռնարկներով նշելով գրադարանային յոբելանական շաբաթը: