Հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտը
Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ նշուեցաւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի 200-ամեակը: Հանդիսութեան մասնակիցներու շարքին էին ներկայ եւ նախկին աշակերտներ, ուսուցիչներ, հոգեւոր եւ կրթական մշակներ: Զուգահեռ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր նաեւ Հնդկաստանի մէջ։ Կալկաթայի ճեմարանէն ներս ներկայ էին հնդիկ ուսուցիչները, տեսչութիւնը, հնդկահայոց վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ հնդակահայ համայնքէն անդամներ: Հեռավար կարգով իրարու շնորհաւորութիւններ փոխանցուեցան, հարազատ կրթօճախին անցեալին ու ներկային նուիրուած խօսքեր հնչեցին: Ճեմարանը հնդկահայ գաղութին բաբախող սիրտն է՝ միակ հայախօս հաստատութիւնը Հնդկաստանի մէջ, որ կը համախմբէ ու յոյս կը ներշնչէ փոքրաթիւ հնդկահայերուն՝ պահպանելով անցեալը եւ պատմութիւնը:
Ճեմարանի 200-ամեակին առթիւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է արծաթեայ յուշադրամ մը, դիմերեսին՝ Կալկաթայի Հայոց ճեմարանի շէնքի եւ Սուրբ Նազարէթ հայկական եկեղեցւոյ պատկերներէն հատուածներ, իսկ դարձերեսին՝ Հայոց ճեմարանի պատկերանիշը: Ճեմարանի 200-ամեակի ձեռնարկները պիտի շարունակուին 2021-ի ընթացքին: