Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ պատարագն այս տարի աւելի բազմամարդ եղած է
Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած է հերթական պատարագը, որ, ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, իր վրայ սեւեռած էր աւելի մեծ ուշադրութիւն:
Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեւական ժամանակ կը հրաժարէր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբեթին վրայ, բայց ի վերջոյ տեղի տուաւ, քանի որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, ու թէեւ ս. Խաչ եկեղեցին սկսած է գործել որպէս թանգարան, այդուհանդերձ թրքական իշխանութիւնները կը թոյլատրեն տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ կայացնել:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս տարուան պատարագի կապակցութեամբ անվտանգութեան միջոցառումներն աննախադէպ էին: Թրքական յատուկ ծառայութիւններու ներկայացուցիչները Հայաստանէն ժամանածներուն կ’ուղեկցէին հիւրանոցներէն, իսկ կղզիին վրայ ուժեղացուած պարեկութիւն կ’իրականացնէին տասնեակ ոստիկաններ, որ կանխարգիլեն հնարաւոր անախորժութիւնները տեղաբնակ ծայրայեղական թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու կողմէ: Կղզիի վրան պատարագի ամբողջ ընթացքին կը պտըտէր ոստիկանութեան ուղղաթիռը:
Բարեբախտաբար, միջադէպեր չեն գրանցուած եւ արարողութիւնն անցած է բնականոն հունով, որուն, ի դէպ, կը մասնակցէին ոչ միայն հայեր, այլեւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ քիւրտեր եւ թուրքեր: Հաւաքուածներն այնքան շատ էին, որ պատարագը նախ մեկնարկեց ներսը, այնուհետեւ շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ նոյն ծիսակարգով։