Քուէյթի հայ համայնքը

Քուէյթի հայ համայնքը Քուէյթի հայ համայնքը սկսած է կազմաւորուիլ 1950-ական թուականներուն, Իրանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած, յատկապէս աշխատանք որոնող հայ երիտասարդներով: Համայնքը միշտ վայելած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը: 1956-ին Քուէյթ հաստատուած ընտանիքներուն թիւը հասած է քառասունի, իսկ անհատներուն թիւը՝ հազարի: Հետեւաբար, գոյացած է համայնքային վարչութիւն մը, որուն առաջնահերթ խնդիրը եղած է դպրոց եւ…

Մասաչուսեցի մէջ. Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը

Մասաչուսեցի մէջ. Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը Արշիլ Կորքի կը գծէ իր քրոջ՝ Ագապիի տունը՝ Ուաթըրթաունի Տեքսթըր պողոտային վրայ, 1922-ին (Լուսանկարողը անծանօթ է. Արշիլ Կորքի հիմնարկութեան հաւաքածոյէն) Փետրուար 3-ին, ԱՄՆ-ու Մասաչուսեց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքի Քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկած է Տեքսթըր պողոտայի եւ Հէյզըլ փողոցի խաչմերուկը Արշիլ Կորքիի անունով կոչելու որոշումը։ 1915-ի…

Հայկական համայնքները Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ

Հայկական համայնքները Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ Հայերը Եւրոպայի մէջ հաստատուած են վաղնջական ժամանակներէն։ Միջնադարուն յայտնի էին Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութները, որոնց մեծ մասը առեւտրական քաղաքներ կամ թաղամասեր էին, ունէին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ տպարանները։ Լիտր Արմենիա թաղամասը Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ, ԱՄՆ Սկզբնական շրջանին առաւել ծանր էր հայ գաղթականներու վիճակը Արեւմուտքի արագ զարգացող արդիւնաբերական երկիրներուն…

Հայկական համայնքները Արեւելքի երկիրներուն մէջ

Հայկական համայնքները Արեւելքի երկիրներուն մէջ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ մտնող Սուրիա եւ Լիբանան բռնագաղթած հայերու հիմնական զանգուածը պատերազմէն ետք մշտական բնակութիւն հաստատած են այդ երկիրներուն մէջ, մէկ մասն ալ տեղափոխուած է Յունաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, ԱՄՆ, Արժանթին եւ այլ երկիրներ։ Մինչեւ 1920-ականի վերջը Արեւելքի երկիրներուն մէջ գործած են մեծ թիւով որբանոցներ եւ գաղթակայաններ, որոնք հիմնած էին…

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին վրայ դնելու դիմում

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Պատմական Կոթողներու Ցանկին Վրայ Դնելու Դիմում Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդամներէն 36ին ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղուած է Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպոլլոյի յուշարձանը դրուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։ Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցիի գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով…

Լոս Անճելըսի մէջ. Թիւ 5 Ազատուղիին Վրայ Հատուած Մը Կոչուեցաւ Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի Անունով

Լոս Անճելըսի մէջ. Թիւ 5 Ազատուղիին Վրայ Հատուած Մը Կոչուեցաւ Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի Անունով Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը (Sherriff Department) յատուկ ոստիկանական արարողութեան մը միջոցով ոգեկոչեց իր նահատակ ոստիկաններէն Յակոբ Ճէյք Քիւրէճեանի (1961-2001) յիշատակը, եւ այս առիթով, Քալիֆորնիոյ թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը անոր անունով կոչեց եւ յատուկ ցուցատախտակ մը հաստատեց: Պաշտօնական…

Շուէտի Հայ Գաղութը

Շուէտի Հայ Գաղութը Շուէտի հայ գաղութը Աւստրիոյ, Չեխիոյ, Սլովաքիոյ, Հունգարիոյ, Նորվեկիոյ, Ֆինլանտայի եւ Դանիոյ հայ գաղութներուն հետ միասին կը մտնէ Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան մէջ: Կեդրոնական Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութիւնը կազմաւորուած է 1980 թուականին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն   Ա.-ի կոնդակով: Սկզբնական շրջանին Գերմանիոյ հայ գաղութն ալ ընդգրկուած էր այս պատուիրակութեան կազմի մէջ, որ 1991 թուականին հռչակուած…

Փարիզեան շրջան – «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» շաւիղի բացում

Կանյի – Փարիզեան շրջան. «Մերսէս Ռոպէր Փափազեան» * շաւիղի բացում   Փարիզեան շրջա­նի արե­ւելեան քա­ղաք­նե­րուն ազա­տագ­րութեան 80-ամեակը տօ­նուե­ցաւ զա­նազան արա­րողու­թիւննե­րով: Այսպէս Կան­յի քա­ղաքը այս առի­թով Կի­րակի, Սեպ­տեմբեր 1-ին կազ­մա­կեր­պած էր նախ բա­ցատ­րա­կան պտոյտ մը քա­ղաքին պատ­մա­կան եւ հե­տաքրքրա­կան վայ­րե­րը: Այս խումբը յե­տոյ մասնակցեցաւ նա­խապէս «Կա­նաչ ճամ­բայ» կո­չուող եւ քա­ղաքա­պետա­րանի Յու­նիս 26-ի որո­շու­մով «Մեր­սէս Ռո­պէր Փա­փազեան»…

Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են

Կարինի պատմական յուշարձանները ախոռի վերածուած են Օլթուի (Կարինի շրջան) վերականգնուած ռուսական եկեղեցւոյ մէջ անասուններ կ՚որոճան։ Թէեւ 3,2 միլիոն լիրա ծախսուած է եկեղեցւոյ վերանորոգման համար, սակայն կառոյցը տակաւին չէ բացուած զբօսաշրջիկներու։ Ըստ Akunq.net-ի, լուրը կը հաղորդէ Artigerçek լրատու կայքը։ Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը Էրզրումը (Կարին) հռչակած է 2025-ի զբօսաշրջութեան մայրաքաղաք։ Սակայն վերջերս հոն վերանորոգուած Օլթուի ռուսական եկեղեցին եւ Ազիզիէի ամրոցային համակարգը վերածուած են ախոռի, ուր կ՚որոճան անասունները։ 2017-ին միլիոնաւոր լիրաներով վերականգնուած եւ նախկին տեսքը ստացած ռուսական եկեղեցին…

Պշերիկցի քրտախօս հայերը եւ անոնց գաղթը դէպի Սուրիա

Պշերիկցի քրտախօս հայերը եւ անոնց գաղթը դէպի Սուրիա Պշերիկն ու պշերիկցիները հայ ազգագրութեան ու բանագիտութեան կողմէ, դժբախտաբար, անհրաժեշտ չափով ուսումնասիրութեան առարկայ չեն դարձած, ո՛չ նախաեղեռնեան շրջանին, ոչ ալ յետոյ՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Անոնց նիստն ու կացը, կենցաղը, ընտանիքը եւ այլն, մեծ չափով անծանօթ մնացած, մոռցուած եւ ուսումնասիրութեան առարկայ չեն դարձած: Նոյնպէս անծանօթ մնացեր է…