Հատտէճեան եւ Սարըասլան պարգեւատրուած են
Հատտէճեան եւ Սարըասլան պարգեւատրուած են 6 Փետրուար թուակիր «Մարմարա» օրաթերթը արդար հպարտութեամբ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէր Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ ԱՄՆ-ի Ամերիկահայ Գրողներու եւ Լրագրողներու Միութեան միասնաբար շնորհած «Դրուատանքի Մագաղաթ»ը, ուղղուած պոլսահայ անուանի հրապարակախօս Ռոպէր Հատտէճեանին։ Սա ուրախալի գնահատանք մըն էր պարոն Հատտէճեանի համար, որ կը զուգադիպէր իր ծննդեան 98-րդ տարեդարձի օրերուն։ Զոյգ կազմակերպութիւններու անունով…