Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն hայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկանը բոլորեց

Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն hայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկանը բոլորեց Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին 95 տարեկան է։ Եկեղեցին ունի շատ հետաքրքրական պատմական։ Արդեօք ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է անիկա՝ միչեւ այսօրուան նորակառոյց եկեղեցին դառնալը։ Թորոնթոհայ համայնքը մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ձեւաւորուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ պատմական հիմնադրութեան շուրջ՝ նկատի ունենալով, որ ցեղասպանութենէն փրկուած փոքր թիւով…

Ճանչնանք մեր բառերը (10) – Աշկարայ, ռենկ, նիշան, հիւնար, պեթար բառերը թրքերէն չեն, այլ՝ ……

Աշկարայ, ռենկ, նիշան, հիւնար, պեթար բառերը թրքերէն չեն, այլ՝ …… 1.Աշկարայ Այս բառը տասնամեակներ առաջ,  երբ թրքախօսութիւնը  շեշտուած էր Պուրճ-Համմուտի մէջ, ունէր  շատ ընթացիկ ու  սովորական կիրարկութիւն մը, յատակապէս թրքախօս շրջանակներու թէ պարագայաբար թրքերէն խօսողներու  միջեւ: Կը նշանակէ յայտնապէս, ակներեւաբար, բացէ ի բաց, ակնյայտ, եւ ամէն ոք  համոզուած էր, որ ան թրքերէն է[1]: Շատ տարիներ ետք զարմանքս…

Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գողցուած Արուեստի Գործերուն Եւ Վնասուց Հատուցման Նուիրուած Գիտաժողով UCLA-ի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գողցուած Արուեստի Գործերուն Եւ Վնասուց Հատուցման Նուիրուած Գիտաժողով UCLA-ի Մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ հիմնարկին Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագիրին կազմակերպութեամբ, 10 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին գողցուած արուեստի գործերուն եւ վնասուց հատուցման նուիրուած գիտաժողով մը։ Գիտաժողովին մղիչ ուժն է փրոֆ.…

Լեւոն Շառոյեանի նոր հատորը՝ «Հերկ Եւ Բերք» (Գրադատական Եւ Վերլուծական Էջեր)

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ ԵՒՍ՝ “ՀԵՐԿ ԵՒ ԲԵՐՔ” Հալէպի մեր ժրաջան ու բանիբուն աշխատակիցը՝ պր. Լեւոն Շառոյեան, որ երկրին դժուարին պայմաններուն մէջ թէ՛ անվհատ կը շարունակէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի իր նուիրական պաշտօնը եւ թէ՛ ալ բացառիկ կարգապահութեամբ իր բաղձալի աշխատակցութիւնը կը բերէ սփիւռքահայ մամուլին, Կաղանդի անմիջական վաղորդայնին հաճելի անակնկալով մը հրճուեցուց…

Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան

Կո՛չ արեւմտահայերէնի պատասխանատու գործածութեան Հայ ժողովուրդի կարեւոր հատուածին պարտադրուած սփիւռքացումը մէկ կողմէ, իսկ համաշխարհայնացումը միւս կողմէ, ուր տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու ծովածաւալ յորձանուտին մէջ լեզուներ ու մշակութային ինքնութիւններ այլասերելու եւ նոյնիսկ լուծուելու վտանգին դէմ-յանդիման կը գտնուին, կարելի չէ թերագնահատել արեւմտահայերէնի պահպանման կարեւորութիւնը՝ իր լեզուամտածողական կանոններով ու քերականական օրէնքներով: Արեւմտահայերէնը՝ հայ ժողովուրդի լեզուական գոհարներէն մէկը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի իսկ…