ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ ԵՒՍ՝ “ՀԵՐԿ ԵՒ ԲԵՐՔ”
Հալէպի մեր ժրաջան ու բանիբուն աշխատակիցը՝ պր. Լեւոն Շառոյեան, որ երկրին դժուարին պայմաններուն մէջ թէ՛ անվհատ կը շարունակէ հայերէնաւանդ ուսուցիչի իր նուիրական պաշտօնը եւ թէ՛ ալ բացառիկ կարգապահութեամբ իր բաղձալի աշխատակցութիւնը կը բերէ սփիւռքահայ մամուլին, Կաղանդի անմիջական վաղորդայնին հաճելի անակնկալով մը հրճուեցուց մեզ: Ան մեր սեղանին դրաւ իր նորատիպ ստուար մէկ հատորը, զոր կոչած է “Հերկ եւ բերք”:
Փայլուն ու սիրուն կողքով (գործ՝ Արի Հատտէճեանի, Պոլիս) գեղատիպ գիրք մը, ահաւասիկ, որ գիտենք թէ լոյսին բերուեցաւ երկա՜ր ու ցաւատանջ երկունքէ մը ետք: Հալէպի պատերազմն ու Սուրիոյ տակնուվրայ իրավիճակը բաւական տարիներ ձգձգեցին անոր հրատարակութիւնը: Ի վերջոյ, սակայն, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մեկենասութեամբ աշխատանքը մարմին զգեցաւ:
“Հերկ եւ բերք”-ը գրադատական ու վերլուծական էջերու ժողովածու մըն է (512 էջ, Հալէպ, 2024): Խորագիրը մեզի կը յիշեցնէ իսթանպուլահայ ողբացեալ բանաստեղծ ու գրագէտ տոքթ. Վարդ Շիկահերի ու ամերիկահայ ողբացեալ հրապարակագիր Անդրանիկ Փօլատեանի նոյնանուն գիրքերը, որոնք հրատարակուած էին քսանամեակ մը առաջ: Ինչպէս այս երկուքը, Շառոյեանի հատորը եւս լաւագոյնս կ՛արդարացնէ իր խորիմաստ վերնագիրը, որովհետեւ նշեալ նոյնանուն երեք գիրքերն ալ տասնամեակներու վրայ տարածուած գրական “հերկ”-ի մը արդար ու ոգեւորիչ “բերք”-ը կը հրամցնեն…: Շառոյեանի հատորին հիմնական տարբերութիւնը միւսներէն՝ թերեւս անոր գրադատական բովանդակութեան ծանրութիւնն է:
Վերջին տարիներուն մենք Շառոյեանէն ողջունած էինք “Դեգերումներ հայ գիրի եւ պատմութեան գետեզրին” խորագրեալ եռահատոր շարք մը (2016-2022), որ ուշադրութիւն կը գրաւէր իր պէսպիսուն պարունակութեամբ, հմտալից ուսումնասիրութիւններով եւ մա՛նաւանդ հիւթեղ լեզուով, որ հեղինակին մեծագոյն արժանիքն է: Յետոյ Շառոյեան հրապարակ հանած էր ուղղագրական, բառագիտական ու կէտադրական կանոններու շատ հանրամատչելի ու օգտաշատ գրքոյկ մըն ալ (“Գրականաշունչ պտոյտ՝ Այբուբենի տառերուն հետ”), որ լայն հետաքրքրութիւն ստեղծեց դպրոցներու ու գրասէր շրջանակներու մէջ:
Հինէն իվեր, ինչ յօդուած ու գիրք որ կարդացեր ենք Շառոյեանէն, հոգեկան բաւարարութեան ու մտաւորական կազդոյրի առիթ հանդիսացեր է մեզի: Շառոյեան գիտէ գաղտնիքը՝ ա՛նպայման կայծ մը բռնկեցնելու իր ընթերցողներուն սրտին մէջ: Նո՛յնն է պարագան այս հատորով ալ:
Գիրքին յառաջաբանը ստորագրած է արժանթինահայ արձակագիր ու գրագէտ (այժմ արդէն՝ ողբացեալ) Պետրոս Հաճեան, որ համապարփակ վերլուծումի ենթարկած է ժողովածուն ու դրուատած է անոր հեղինակը, որպէս մէկը “յետեղեռնեան երրորդ սերունդի փոքրաթիւ այն դէմքերէն, որոնք վերջին տասնամեակներուն յայտնուեցան սփիւռքահայ ճակատի վրայ եւ նուիրուեցան պեղումի բեղմնաւոր աշխատանքի մը՝ հայ մշակոյթի, գրականութեան, եկեղեցւոյ, մամլոյ, լեզուի թէ մտաւոր այլ ժառանգութիւններու տարեգրութեանց մէջ: Մարզեր, որոնք կ՛ենթադրեն սրատես եւ յամառ հետախուզութիւն, կամք եւ համբերատար պրպտում, ճշգրտում ու տարրալուծում: Մանաւանդ՝ ուղղամտութիւն եւ անկողմնապահութիւն”:
Հեղինակը, ըստ շօշափուած նիւթերու, ինը գլուխի բաժներ է իր հատորը: Զորօրինակ, “Եկեղեցին հայկական” գլուխը կը ներկայացնէ վեց գիրքեր, որոնք կը խօսին Հայ Եկեղեցւոյ անցեալին ու ներկային մասին: “Նիւթեր սուրիահայութեան պատմութեան համար” գլուխը ի մի կը բերէ Սուրիոյ հայութեան պատմութեան առնչուած ինը մատեաններու գրախօսականներ: “Անհետացող սերունդ մը” գլուխը մահագրականներու եւ տպաւորապաշտ վերյիշումներու պսակ մըն է, զոր հեղինակը կու գայ դնել իր երբեմնի մէկ ուսուցիչին (Մկրտիչ Մկրտիչեան), մէկ երէց բարեկամին (Սուրէն Նազարեան), կամ խմբագիրի մը (Գրիգոր Շէնեան), երգիչի մը (Յարօ Բուրեան), բարերարի մը (Արմէն Յարութիւնեան) դամբանին…: “Յուշերու տոպրակ” գլուխը լուսամուտ մըն է, որ կը բացուի յուշագրական բնոյթի գրական երկերու վրայ: “Մամուլի կրպակ” գլուխը լուսարձակ մըն է հայ մամուլի կարգ մը անուններուն վրայ: Ու վերջապէս՝ “Յարդանոցէն ներս” պայթուցիկ գլուխը, որ սուր քննադատութեան կ՛ենթարկէ շարք մը ձախաւեր հրատարակութիւններ…:
Ամբողջ գիրքը, ծայրէ ի ծայր, կ՛ընթերցուի հետաքրքրութեամբ, քանի որ էջերը լեցուն են հանրագիտարանային անհամար տեղեկութիւններով: Անիկա տիպար նմուշ մըն է գրախօսական գրելու արուեստին, որուն հաստատապէս կը տիրապետէ Լեւոն Շառոյեան, ըլլալով մէկը սփիւռքահայ այն ձեռնհաս մտաւորականներէն, որոնք ուղղամտօրէն կրնան ճշդորոշել գիրքի մը “սպիտակ ու սեւ” երեսները…:
Կը շնորհաւորենք “Հերկ ու բերք”-ի երջանիկ ծնունդը ու դալար գրիչ կը մաղթենք հալէպաբնակ մեր սիրելի բարեկամին:
Գիրքէն օրինակներ ապահովելու համար կարելի է դիմել հեղինակին՝ Ի-մակի հասցէով. sharoyanlevon@gmail.com :
«Նոր Մարմարա»