Աղեքսանդրիոյ հայկական գաղութը (Եգիպտոս)
Աղեքսանդրիոյ հայկական գաղութը կազմուած է Ժ դարուն ընթացքին։ Անկէ առաջ հայութեան կամ հայու ներկայութեան մասին արձանագրուած տուեալներ չկան․ 1611-ին հայ ճամբորդ մը, Սիմէոն Դպիր Լեհացի, Եգիպտոս եկած է եւ Աղեքսանդրիոյ մասին կ’ըսէ թէ․- «Կայր եկեղեցի մի Հռոմի, խաններ մեծամեծք, կային հռոմք, խպտիք, Ֆրանք, բայց հայք եւ ոչ»։
Իսկ 1762-ին Հ․ Յովհաննէս Թոմաճան, Մխիթարեան Ուխտէն, իր Եթովպիա (գրութեան մէջ Հապեշիստան գրուած) ուղեւորութեան առթիւ, կը հանդիպի Աղեքսանդրիա ու կը պատմէ․ «Կացեալ ի Քանտիա, աւուրս 24, ելի նոյեմբեր 24-ին 1762 եւ 29 ին հասաւ ի յԱղեքսանդրիա, ընդ որդւոյն իւրոյ Պօղոսի եւ գնացեալ իջեւանեցաւ ի վանս Ֆրանչիսկան բաթերայից, որոյ մեծաւորին անունն էր Բատրէ Պօնավէնթուրա․․․․․»։ Ըստ Արտաշէս Գարտաշեանի (հեղինակ Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց Պատմութեան համար, գիրք Ա․ էջ՝ 115), եթէ հայեր գտնուէին Հ․ Յ․ Թոմաճան ապահովաբար անոնց պիտի դիմէր, ինչպէս ըրած էր Գահիրէ։ Սակայն հաւանական է որ 1796-1800 թուականներուն, Նափոլէոնի Եգիպտոս արշաւանքին ատեն, քանի մը հայ վաճարականներ բնակած ըլլան Աղեքսանդրիա (այդ շրջանի նաւահանգիստ եւ առեւտուրի գլխաւոր կեդրոն)։ Մուհամէտ Ալի կառավարիչի իշխանութեան սկիզբէն, հայեր կը սկսին Աղեքսանդրիա հաստատուիլ, մանաւանդ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան՝ պետական թարգմանիչի պաշտօնին կոչուելէն ետք։ Կառավարիչը, Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի մահէն անմիջապէս ետք, պետութեան կողմէ հսկայ հողատարածք (որուն մէկ փոքր բաժինը արդէն Եուսուֆեան գնած է եւ իր տուն-ապարանքը, ինչպէս նաեւ Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կառուցած է) հայ գաղութին կը շնորհէ եւ անոր մէկ մասի գնման Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կը մասնակցի․ այս ուղղութեամբ տեղեկութիւնները գրեթէ նոյնն են, բացի փոքր տարբերութիւններէ՝ Վրդ․ Էփրիկեան (Բնաշխարհիկ Բառարան Ա․ հատորին մէջ, էջ 638-39), Թորգոմ Արք․ին յիշողութիւնները (Եգիպտոսի Հայոց հին եւ արդի Եկեղեցիները, էջ 53-54) եւ Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան (Ազգապատում)։
Իզմիրցի Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան Boghos Yusufian կը սեպուի Աղեքսանդրիոյ հայկական գաղութին հիմնադիրը։ Ան, իր շուրջը կը հաւաքէ հայ հասարակութեան գլխաւոր դէմքերը, որոնցմէ են՝ Խավակա Աբրահամ Կիւլպէնկեան, Նուպար Փաշա*, Ղազարոս Տէր Գասպարեան, Ստեփան Աղա Ապրոյեան, Թագուոր Փաշա Յակոբեան․.․ եւ շատ ուրիշներ։
Նուպար Փաշան եղած է Եգիպտոսի առաջին վարչապետը: Ան այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է երեք անգամ: Անոր պրոնզէ արձանը տեղադրուած է Աղեքսանդրիոյ ազգային օփերայի բակին մէջ։ Ան կանգնեցուած է 1904-ին: Նուպար Փաշայի անունով կոչուած են երկու փողոց, մէկը Գահիրէի, միւսը՝ Ալեքսանդրիոյ մէջ:
Աղեքսանդրիոյ Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին
Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կը հիմնուի Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանին կողմէ 1830-ին եւ կը գործէ մինչեւ 1880․ այնուհետեւ անոր շէնքին մէջ գործած է Մելգոնեան Մանկապարտէզը։ Պօղոս Եուսուֆեանի ժառանգորդները, իրենց սեփական կալուածը գաղութին կը նուիրեն։ Եկեղեցւոյ հարաւ արեւմուտքին կը հիմնուի հայկական գերեզմանատունը․ ծառազարդ եւ պարսպապատ։ 1881-ին թաղականութեան ջանքերով կը հիմնադրուի նոր եկեղեցին։ 1882-ի ռմբակոծումները անոր շինութեան աշխատանքները կը դանդաղեցնեն, սակայն 1884-ին շինութիւնը կ՛աւարտի։ Անոր բացման Նուպար Փաշան (Եգիպտոսի առաջին վարչապետը եղած է) ներկայ կը գտնուի։ Նոյն տարին, 9 Դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ նորաշէն գոթական ոճով եկեղեցւոյ օծումը։ 1914-ին եկեղեցւոյ մայր դրան յառաջամասը կը վերաշինուի հայական ոճով, իսկ 1923-ին եկեղեցին կը նորոգուի։
Եկեղեցւոյ կից կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանը, հիմնուած՝1839 թուականին, իսկ առաջին տոմարներուն արձանագրութիւնները կը սկսին 1843 թուականէն։
Գերեզմանատունը եւ Ս․ Գէորգ Զօրավարի մատուռը
Նոր գերեզմանատան կարիքը կը զգացուի, որովհետեւ հինին շուրջը քաղաքը արագ թափով կը զարգանայ։ Պետութիւնը Աղեքսանդրիոյ համայնքներուն հսկայ հողատարածք մը կը նուիրէ, գոհացնելու համար անոնց կարիքը։ 8 Ապրիլ 1878-ին, նուիրուած տարածքին հարթակումի, պարսպատման եւ թաղամասերու բաժանման աշխատանքները կը լրանան։ 22 Մայիս 1927-ին կ՛օծուի Հայկական Գերեզմանատան կեդրոնական մասին մէջ կառուցուած Ս․ Գէորգ Զօրավարի մատուռը։
Ս․ Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս մատուռը
Աղեքսանդրիոյ թեմին նաեւ կը պատկանի Տիսանիս գիւղին մէջ Ս․ Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս մատուռը, կառուցուած՝ 1835-36 թուականներուն։
Հայկական կրթական Ազգային եւ անհատական վարժարաններ
Ներկայիս կը գործէ Պօղոսեան-Մելգոնեան վարժարանը, որուն աշակերտութեան թիւը 1950-ական թուականներուն 800 հոգիի հասած էր, իսկ 1960-ական թուականներէն ետք հայութեան զանգուածային արտագաղթին պատճառաւ գաղութին թիւը շատ կը նուազի եւ 2016-ի տուեալներով աշակերտութեան թիւը հազիւ 86 հոգի կը հաշուէ։
Աղեքսանդրիոյ մէջ գործած են հետեւեալ վարժարանները։
ԱՐԱՄԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐԱՏՈՒՆ, 1845-1862 հիմնուած 1845-ին, Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի կողմէ 1838-ին ազգին նուիրուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ, Աղեքսանդրիոյ Միտան Մաթրագ (Միտան Սուք-Գանթօ, Սուք-Կազզարին) կոչուած թաղին պարսկական մզկիթին մօտերը:
ՊՕՂՈՍ-ՊԷՅԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐԱՏՈՒՆ, 1862-1895 հաստատուած Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցիին կից տարածքին վրայ գտնուող նախկին եկեղեցիին վերնատան մէջ, իբրեւ շարունակութիւնը Արամեան Դպրատան, իր երկսեռ բաժիններով եւ սակաւաթիւ աշակերտութեամբ:
ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1895 – մինչեւ այսօր․ 1946-ին, դէպի հայրենիք ներգաղթին եւ 1960-ականներու արտագաղթին պատճառով աշակերտութեան թիւը դժբախտաբար շարունակ նուազում կը կրէ: 1968-1969 տարեշրջանին, Ազգային Իշխանութիւնը յարմար կը նկատէ Պօղոսեան Վարժարանի աշակերտութիւնը միատեղել Մելգոնեան Մանկապարտէզի շէնքին մէջ, որուն հիմնովին նորոգութիւնը կը կատարուի 1985-ին: Վարժարանին երկրորդական կարգերը կը հաստատուին 1974-1975 տարեշրջանին: 1924, 1925 եւ 1926 տարիներուն, Նիկոլ Աղբալեանի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնեն Պօղոսեան Ազգ. Երկսեռ Վարժարանի տարեկան գործունէութիւններու “Զեկուցում”ները, իսկ 1953-էն 1955 տարեշրջաններուն «Զարթօնք», «Զուարթնոց» եւ «Ջանք» աշակերտական պարբերականները:
ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ – Սիուֆ, 1938-1948 Աղեքսանդրիոյ Ազգային Իշխանութեան նախաձեռնութեամբ կը հաստատուի Պօղոսեան Վարժարանի Սիուֆի մասնաճիւղը եւ բացումը կը կատարուի 1 Հոկտեմբեր 1938-ին։
ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ, 1896 – եւ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ, 1929: Պօղոսեան Մանկապարտէզը կը հաստատուի 1896-ին։ 1968-1969 տարեշրջանին, Պօղոսեան Վարժարանի աշակերտութիւնը կը միատեղուի Մելգոնեան Մանկապարտէզի շէնքին մէջ, որուն կառոյցին նորոգութիւնը եւ հանդիսասրահին բարեզարդումը կը կատարուի 1985-ին:
ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ԿՐԹԱՐԱՆ, 1924-1952․ Քան-Տը-Սէզար թաղաշրջանին մէջ, 24 Մայիս 1924 Հայկազուն Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան կը հիմնէ «Հայկազեան Կրթարան»ը՝ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ բարձրագոյն նախակրթարանի երկսեռ բաժիններով:
ՊԱԼԱՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1927-1938։ 1 Սեպտեմբեր 1927-ին, Տիկին Մարիցա Պալայեանի նախաձեռնութեամբ «Պալայեան Մանկապարտէզ եւ Երկսեռ Վարժարան Աղեքսանդրիոյ» անունով կրթարանը կը հիմնուի Իպրահիմիէ թաղաշրջանին մէջ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑ. ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1933:
ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1936-1939: Գործած է Սալահ-էլ-տին թաղաշրջանի «Վերածնունդ» Հայ Երիտասարդաց ակումբի շէնքին մէջ։
ԹԱԳՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1937-1943:
Հայ Կաթողիկէ համայնքը
1800-1840 թուականներուն կը սկսի կազմուիլ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը։ 25 Մայիս 1880-ին կ՛օծուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան եկեղեցին։
Կաթողիկէ համայնքի գործած վարժարաններ
Անարատ Յղութեան մայրապետերու օրիորդաց վարժարան, 1914 եւ ապա՝ Հայ Կաթողիկէ «Քերց Անարատ Յղութեան» Վարժարան 1922 – 1962:
Մաթոսեան աղջկանց որբանոց – Կրթարան, 1924-1934:
Մխիթարեան Վարժարան, 1937-1946 եւ Շուլց արուարձանին մէջ՝ 1946-1964:
Հայ Աւետարանական համայնքը
Աւետարանական համայնքը կը ստեղծուի 1896 երբ նոյն թուականին Պատմական Հայաստանի գաւառներուն մէջ կատարուած ջարդերէն փրկուած հայ բողոքական ընտանիքներ Աղեքսանդրիա կը հաստատուին։ Անոնք իրենց կրօնական պաշտամունքը Ամերիկեան միսիոնարներուն եկեղեցիին մէջ կը կատարեն։
Գործած է «ԷՄԱՆՈՒԷԼ» Կիրակնօրեայ վարժարանը, 1947-1953։
Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութին ընկերային-հասարակական կեանքը
Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը իր 200-է աւելի Միութիւններով եւ Ընկերութիւններով (Մշակութային, Բարեսիրական, Հայրենակցական, Սանուց-Շրջանաւարտից, Կանացի, Պատանեկան – Երիտասարդական, Մամուլի – Հրատարակչական, Խնայողական, Բժշկական) ունեցած է հարուստ հասարակական կեանք։
Կազմուած եւ գործած են տասնեակէ աւելի գրադարաններ։
Մամուլ
Արժանի են յիշատակումի՝
«Նեղոս» 1889, «Նոր Կեանք» 1896, «Լրաբեր» 1897, «Ազատ Խօսք» 1902, «Փեթակ» 1903, «Հայելի» 1903, «Պարտէզ» 1903, «Սուրհանդակ Պարտէզի» 1904, «Գրասէր» 1904, «Սիսուան» 1905, «Օրէնք» 1905, «Թերթիկ» 1906, «Կրակ» 1906, «Մտրակ» 1908, «Արեւ» 1908, «Ոմանց Տարեցոյցը» 1909, «Կավրօշ Եգիպտոս» 1914, «Անիւ» 1915, «Արաքս» 1917, «Յառաջդիմասէր» 1917, «Պրիսմակ» 1917, «Որբունի» 1919, «Եգիպտահայ Տարեց. (ՈՄ)» 1919, «Ալեակներ եւ Խլեակներ» 1919, «Ասեղ» 1922, «Զեկուցում» 1923, «Հայ Բուժակ» 1923, «Կայծ» 1924, «Եգիպտահայ Տարեցոյցը (ԱԼ)» 1925, «Գրպանի Տարեցոյց» 1941, «Հայ Վարժարան, Տեղեկատուութիւ»ն 1946, «Արարա» 1926, «Զուարթնոց» 1953, «Ամէնուն Գիրքը» 1937, «Զարթօն»ք 1953, «Դալարի»ք 1939, «Փիւնիկ» 1899-1901, «Աւետարանի Ձայն» 1939-1945, «Եգիպտահայ Տարեցոյց (ՊՍ)» 1914-1917, «Բարի Լուր» 1948, «Ազատ Բեմ» 1903-1906,« Մասիս» 1923-1925, «Հորիզոն» 1904, «Փունջ» 1925-1940, «Շիրակ» 1905-1907, «Սֆինքս» 1925-1928, «Տարեկան Տեղեկագիր» 1907-1912, «Սարկաւագին Տրեց.» 1928-1933, «Արեւ» 1915-1950 եւ 1970 – մինչեւ այսօր, «Հայ Դպրոց» 1933-1935։
Մամուլը Ներկայիս
«ԱՐԵՒ» թերթ՝ 1915-1922․ երկօրեայ, հրատ.՝ Սահմանադիր Ռամկ. Կուսակցութիւն։ 1922-էն – 1950 իբրեւ օրաթերթ, հրատ.՝ Ռ.Ա.Կ. Եգիպտոսի Կազմակերպութիւն։ 1970-էն ետք օրաթերթ, իսկ 2016-էն Շաբաթաթերթ, հրատ.՝ Հայ Ազգային Հիմնադրամ։
Աղեքսանդրիոյ գաղութը այսօր
20-րդ դարուն առաջին կիսուն, գաղութին թիւը կը սկսի դանդաղօրէն նուազիլ․ 1947-48ին եւ 1956-ի պատերազմին ներգաղթ դէպի Հայաստան։ Սակայն, 1960-ական թուականներէն ետք, հայութեան թիւը Եգիպտոսի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ՝ մայրաքաղաք Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա արագ թափով կը նօսրանայ։ Այժմ Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հայութեան թիւը մօտաւորապէս 400-500 հոգի է։ Համայնքին կեանքը համերաշխ է։ Գաղութը ունի եկեղեցի, դպրոց եւ կը գործեն հետեւեալ միութիւնները․- «Տիգրան Երկաթ» եւ «Յառաջադիմասէր» մշակ. միութիւնները, ՀԲԸՄ Նուպար եւ ՀՄԸՄ մարզական ակումբները, ուր երիտասարդները կը զբաղին հայկական պարով եւ երգով։ Վերեւ ընդգծուած երկու մարզական ակումբներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը նախընտրաբար կողովագնդակով կը զբաղի։ Գաղութը նիւթական դժուարութիւններ չունի եւ կալուածներուն նիւթական հասոյթը կը տրամադրուի հայ երիտասարդներուն ուսման եւ ամէն օգնութեան։