Ամերիկայէն Ցեղասպանութեան Նիւթը Դասաւանդող 15 Ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն` Հայաստանի Մէջ
Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի (Genocide Education Project, GenEd) կազմակերպութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով` 9էն 17 Յուլիս իրականացուց Ամերիկայէն 15 ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր մը:
«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը հիմնուած է շուրջ 20 տարի առաջ, իր երկու գործակիցներուն կողմէ: Այս անկախ նախաձեռնութեան նպատակն է՝ ամերիկացի տեղացի ուսուցիչներուն ներկայացնել եւ սորվեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որպէսզի անոնք սկսին դասաւանդել եւ ճիշդ ու կարեւոր տեղեկութիւն հաղորդել իրենց աշակերտներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ ընթացող դասընթացքներուն մասնակցողներուն ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնները՝ նոյն ժամանակ ցոյց տալով այդ ոճիրին եւ անոր անպատժելիութեան ունեցած յարատեւ ազդեցութիւնը հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի քաղաքական ու տնտեսական իրադրութեան վրայ», ըսաւ Մաքասճեան:
Ան շեշտեց, որ առանձին դասաժամ յատկացուած էր Արցախեան հարցին եւ թէ ծրագիրը ունէր մշակութային բաժին, որ կը նպաստէ ուսուցիչներու շրջանակին մէջ հայութեան, հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի վերաբերեալ ընդհանուր ճանաչողութեան բարձրացման:
«Այս տարի ծրագիրին մասնակցեցան 15 ուսուցիչներ Ամերիկայի 15 նահանգներէ: Անոնց մեծ մասը ունի բնագաւառին մէջ դասաւանդելու առաւել քան 20ամեայ փորձառութիւն. ոմանք խմբագրած կամ մասնակցած են Ցեղասպանութեան մասին ժողովածուներու հրատարակութեան եւ զանազան թանգարաններու կրթական ծրագիրներու մշակման», ընդգծեց ան՝ աւելցնելով, թէ մասնակցողները, իրենց կարգին, GenEd-ի աջակցութեամբ կը կազմակերպեն վերապատրաստման նման ծրագրեր եւ դասընթացքներ իրենց նահանգներուն մէջ: