Կը Մշակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Ընդարձակման Ծրագիրը

Կը Մշակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Ընդարձակման Ծրագիրը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին դպրոցին կից գտնուող նոր կալուածները գնելու քայլին շնորհիւ, կը մշակուի վարժարանը ընդարձակելու եւ արդիականացնելու յանդուգն ծրագիր մը, որուն իրականացման պիտի նպաստէ հեղինակաւոր մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը։ Ծրագիրը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ նոր…

Դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուեցաւ USC հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի դասախօս

Դոկտ. Հրակ Փափազեան Նշանակուեցաւ USC Հայագիտականի «Թրբանճեան» Ամպիոնի Դասախօս   Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Տորնսիֆ» բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուած է Հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի  դասախօս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ Դոկտ. Հրակ Փափազեան մասնագիտացած է Օքսֆըրտ համալսարանին մէջ։ Ան ծնած է Լիբանան եւ յաճախած Համազգայինի Ճեմարանը եւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է համայնքին…

Յաջողութեամբ աւարտեցաւ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Վենետիկի 38-րդ ամառնային խտացեալ դասընթացքը (1-17 Օգոստոս 2024)

Յաջողութեամբ աւարտեցաւ Հայ լեզուի եւ մշակոյթի Վենետիկի 38-րդ ամառնային խտացեալ դասընթացքը (1-17 Օգոստոս 2024)   ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ  Հայ լեզուի եւ մշակոյթի վենետիկեան ամառնային խտացեալ դասընթացքին 38-րդ շրջանը տեղի ունեցաւ 1-17 Օգոստոս թուականներուն, կազմակերպութեամբ «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան եւ համագործակցութեամբ Վենետիկի «Studium Generale Marcianum» հիմնարկին։ Այս տարի կը մասնակցէին 39 ուսանողներ, տասներկու երկիրներէ, ինը ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, որոնց…

«Սիամանթօ» Լսարանի առցանց շրջանաւարտից հանդիսութիւն

«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ 1981-էն ի վեր, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ ու հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ 13 – 18 տարեկան պատանիներու։ «Սիամանթօ» լսարանի 2023-24 տարեշրջանի շրջանաւարտից առցանց հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 1-ին։ Օրուան հանդիսավարն էր Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի՝ Հերա Մախուլեան։ Բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանդիսութիւնը…

Հայկազեան Համալսարան. Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք

Հայկազեան Համալսարան. Մետաղաշերտերու Վրայ Հայկական Զարդանախշեր Դրոշմելու Դասընթացք 13 մայիս 2024-ին սկիզբ առաւ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին նախաձեռնած մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացքը: Ծրագիրը արդիւնքն է Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի հետ Հայկազեան համալսարանի հաստատած գործակցութեան: Դասընթացքը կ՛իրականացնեն գիւմրեցի ծանօթ դարբին Յովհաննէս Մընոյեանը եւ թանգարանի փոխտնօրէն  Գայիանէ Ասլանեանը: Աշխատանոցը պիտի…

Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը՝ Միջին Արեւելքի անմար փարոսը

Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը՝ Միջին Արեւելքի անմար փարոսը Հին ժամանակներէն, հայ ժողովուրդին համար կրթական կեանքն ու մայրենիին պահպանումը կենսական հարցերէն եղան: Դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական բոլոր հանգրուաններուն էական դեր ունեցան հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցը, որոնք եղան հայեցի դաստիարակութեան, հայապահպանումի եւ հայակերտումի գլխաւոր գործօնները: Աւելի ուշ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի…

Մարսիլիոյ Աբովեան վարժարան

Մարսիլիոյ Աբովեան վարժարան Հայերը Ֆրանսայի մէջ սկսած են ապրիլ դեռեւս վաղ միջնադարիէն։ Հիմնականին մէջ հաստատուած են Փարիզ, Մարսիլիա, Վերսալիա, Լիոն, Նիս, Փուաթիէ, Լա Ռոշէլ, Պորտօ, Սան Շամոն, Վիեն, Վալանս քաղաքներուն մէջ։ Ֆրանսահայ համայնքի ձեւաւորումէն ի վեր ստեղծուած են բազմաթիւ դպրոց-վարժարաններ, հասարակական, բարեգործական եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, որոնք վերածուած են հայապահպանութեան իւրայատուկ կեդրոններու։ Ատոնցմէ մէկն ալ Մարսիլիոյ Աբովեան վարժարանն է։ Խաչատուր Աբովեան ընկերակցութիւնը, որ նաեւ յայտնի է…

Կիպրոսի Հայոց Վարժարանի եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը՝ Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

Կիպրոսի Հայոց Վարժարանի եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը՝ Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքթարն է, Էրտողանին փեսան: Երեքշաբթի 7 Նոյեմբերին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ոյժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանին եւ Սբ.Աստուածածնայ եկեղեցւոյն շրջափակին մէջ: Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն…

Մոսկուայի Լազարեան ճեմարան

Մոսկուայի Լազարեան ճեմարան   «Կարելի է համարձակ կերպով ըսել. եթէ չըլլային Լազարեանները եւ Ներսէս Աշտարակեցին, ռուսահայերը տակաւին շատ երկար թաղուած կը մնային ասիական խաւարին մէջ։ Անոնց դպրոցներն էին մեզ կեանքի հրաւիրողները։ Այդ դպրոցներէն էր, որ հայու խաւար հորիզոնին վրայ բացուեցաւ գարնանային առաւօտը։ Անոնք երկուորեակներ էին, միատեսակ կը մտածէին ու կը գործէին։ Երկուքին դաւանանքը միեւնոյնն էր,…

Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Դասընթացքը Սկիզբ Առաւ

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի կազմակերպած ուսուցիչներու վերաորակաւորման միամեայ ծրագիրը սկիզբ առաւ Սեպտեմբեր 16-ին, մասնակցութեամբ աւելի քան 25 ուսուցիչներու, որոնք մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան նուիրուած դասախօսութեան շարքի առաջին դասին։ Դասընթացքը պիտի ունենայ 18 դասապահեր եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան կողքին պիտի աւանդուին հայոց պատմութիւն, Հայ Եկեղեցի…