ԱՄՆ Արեւմտեան Ափը Կ’օժտուի Կրթական Նոր Կառոյցով՝ «Նարինյան» Դպրոցով

Արեւմտեան Ափը Կ՛Օժտուի Կրթական Նոր Կառոյցով՝ «Նարինյան» Դպրոցով   Վերջին տասնամեակներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին կարեւոր օղակ մըն է Նարինյան Դպրոցի բացումը Կլենտէլի հայահոծ մեր գաղութէն ներս։ Անցնող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմը ոչ մէկ ջանք չխնայելով ի խնդիր մայրենի Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի պահպանութեան, իր լայնածաւալ առաքելութեան զուգահեռ, օրակարգի կիզակէտ դարձուց նոր սերունդի հայապահպանութեան…

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան Ստանձնեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտականի Վարիչի Պաշտօնը

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան Ստանձնեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայագիտականի Վարիչի Պաշտօնը Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ ծրագիրի նախորդ վարիչ Սալբի Ղազարեան հրաժարած է իր պաշտօնէն եւ անոր տեղի վարիչի պաշտօնը պիտի կատարէ ցարդ վարիչի օգնականի պաշտօնը ունեցած դոկտ. Շուշան Կարապետեան։ Կը տեղեկացուի, որ Սալբի Ղազարեան պիտի շարունակէ մասնակցիլ Հայագիտականին կարգ մը նախաձեռնութիւններուն…

Կիրակնօրեայ Վարժարաններ

Կիրակնօրեայ Վարժարաններ 1929-ին Համաշխարհային Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ամերիկեան ընկերութիւնը խորհրդաժողով մը կազմակերպած է Լիբանանի Պաալպաք շրջանին մէջ: Այս խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին: Սահակ Բ. Խապայեան Ծերունազարդ Կաթողիկոսը Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը նշանակած էր, ներկայացնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Սոյն խորհրդաժողովին որոշում առնուած է Կիրակնօրեայ Վարժարաններ հիմնել, Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ: Որպէս տնօրէն ընտրուած է…

«Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացում՝ Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացում՝ Իսիի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ Նոյեմբեր 24-ին կը կատարուէր Հայաստանի Յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան (UATE) նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի բացումը, UATE-ի գործադիր տնօրէն Հայկ Չոբանեանի ներկայութեամբ։ «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցները (Armath Labs) ծնունդ առած են ճարտարագիտական վերապատրաստման ծրագրէն, զոր ստեղծած է եւ կը վարէ UATE-ը:…

«Զուարթնոց» կեդրոն` Լիբանանի մէջ

«Զուարթնոց» կեդրոն. Հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Յատուկ դաստիարակութեան «Զուարթնոց» կեդրոնը Լիբանանի մէջ  հայկական միակ ամենօրեայ կեդրոնն է, որ կը սպասարկէ մտաւոր եւ ֆիզիքական խնդիրներ ունեցող երեխաներուն ու մեծահասակներուն: Կեդրոնին առաքելութիւնն է աշակերտներուն կրթական, ֆիզիքական, հոգեբանական, ընկերային եւ գործնական կարիքները հոգալ, կատարելագործել անոնց հմտութիւնները եւ օգնել անոնց դառնալու ինքնաբաւ սորվողներ՝ անկախ կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէ: 2019-ին,…

Թիֆլիսի Պետական Համալսարանի Հայագիտութեան Բաժինը Նշեց Իր 100ամեակը

Թիֆլիսի Պետական Համալսարանի Հայագիտութեան Բաժինը Նշեց Իր 100ամեակը Իվանէ Ճաւախիշվիլիի անուան Թիլիսի պետական համալսարանի (ԹՊՀ) արեւելագիտութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժինը նշեց իր 100ամեակը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Aliq.ge կայքը։ Հայագիտութեան ամպիոնը ԹՊՀին մէջ հիմնուած է 1922ին։ Մինչ այդ՝ համալսարանի հիմնադրման օրէն այնտեղ դասաւանդուած են շարք մը հայագիտական նիւթեր։ 100ամեակին առիթով համալսարանին մէջ կազմակերպուեցաւ խորհրդաժողով մը եւ…

Ամերիկայէն Ցեղասպանութեան Նիւթը Դասաւանդող 15 Ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն` Հայաստանի Մէջ

Ամերիկայէն Ցեղասպանութեան Նիւթը Դասաւանդող 15 Ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն` Հայաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի (Genocide Education Project, GenEd) կազմակերպութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով` 9էն 17 Յուլիս իրականացուց Ամերիկայէն 15 ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր մը: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի գործադիր վարիչ Ռաքսեն Մաքասճեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը հիմնուած է շուրջ 20 տարի առաջ, իր երկու…

Կրթաթոշակ` 44օրեայ Պատերազմում Վիրաւորուած 71 Ուսանողի

Կրթաթոշակ` 44օրեայ Պատերազմում Վիրաւորուած 71 Ուսանողի Հայ Կրթական հիմնարկութեան (ՀԿՀ) յանձնախմբի որոշման համաձայն, արցախեան 44օրեայ պատերազմի ընթացքում վիրաւորում ստացած 71 ուսանողներ, ոչ մրցութային կարգով, կը ստանան կրթաթոշակ` ուսման ամբողջ վարձի տեսքով: Ստացուած յայտերը դիտարկելիս ՀԿՀն հաշուի չի առել ոչ համալսարանը ու մասնագիտութիւնը, եւ ոչ էլ վարձերի չափը: Իսկ 177 այլ ուսանողի, ովքեր եւս 44օրեայ պատերազմի…

Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան Վկայական Լոս Անջելեսի Հանրային Քոլեջից

Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան Վկայական Լոս Անջելեսի Հանրային Քոլեջից Լոս Անջելեսի Համայնքային քոլեջն այսուհետ հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան վկայական կը շնորհի տուեալ դասընթացն աւարտողներին: Իրողութիւնը բացառիկ է նրանով, որ կրթական այս հաստատութիւնը Միացեալ Նահանգների ամենամեծ՝ ինը համայնքային քոլեջների շրջանին պատկանող առաջին ու դեռեւս միակն է, որ հաստատել է հայոց լեզուի ծրագիրը՝ վկայականի տրամադրումով: Ուրախալի…

Երազը Հայաստանի մէջ մանկապարտէզի հիմնելն է. Ալիս Տագէսեանը Պէյրութէն հասած է Մեծ Մասրիկ գիւղ

Երազը Հայաստանի մէջ մանկապարտէզի հիմնելն է. Ալիս Տագէսեանը Պէյրութէն հասած է Մեծ Մասրիկ գիւղ Հայրենադարձ  երիտասարդներու   մասին տեղեկութիւններ կամ լուրեր ներկայացնելը միշտ ալ հաճելի է։ Ինչպէս շատերը  կ՚ըսեն «հաճելին օգտակարի հետ»,  ալ ուր մնաց, երբ խօսքը  գործարանատիրոջ մը,  փոքր խանութի մը,  կամ  հանրային ոլորտի  աշխատակցի մը մասին չէ, այլ  մանկավարժութեամբ զբաղուող  անձնաւորութեան մը մասին, որ…