Երկու վէպեր
ԵՐԿՈՒ ՎԷՊԵՐ 1906-ի նոյեմբերին Զապէլ Եսայեան կը ձեռնարկէ Փարիզ-Գահիրէ երկար ու արկածալից ճամբորդութեան մը, պայուսակին մէջ՝ անտիպ վէպի մը ձեռագիրը։ Պիտի հանդիպի դեռ նոր կազմուող Բարեգործական Միութեան անդամներուն, մանաւանդ Պօղոս Նուպար փաշային, գրական թերթի մը հրատարակութեան համար։ Այդ ծրագիրը չ’իրականանար։ 1907-ի փետրուարին Եսայեան կը վերադառնայ Փարիզ, սակայն ոչ ձեռնունայն։ Ամուսնին՝ Տիգրան Եսայեանին ուղղուած նամակով կը…