Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի Մէջ Փլուզուած է Հայ Թագաւորի Պատկերով 2000-ամեայ Սիւնը
Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի Մէջ Փլուզուած է Հայ Թագաւորի Պատկերով 2000-ամեայ Սիւնը Այժմեան թրքական Ատիյեամանի մէջ (Արեւմտեան Հայաստանի Կոմմագենէի տարածք) գտնուող Կոմմագենի թագաւորութեան հայկական թագով պատկերուած Միհրդատ II-ի եւ քրոջ պատկերով 2000-ամեայ սիւնը փլուզուած է երկրաշարժին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ 1in.am-ը։ Կը նշուի, որ UNESCO-ի ցանկին մէջ գտնուող Նեմրութ լերան արձանահամալիրը նկատելի վնաս չէ կրած։