«Այնթապի Հայերը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն
Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Այնթապի Հայերը» նիւթով առցանց բանախօսութիւնը։
Նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ․ Ումիթ Քիւրթ, որ հեղինակն է The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province հատորին։
Ներկայացումին հետեւելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudieskurt կայքէջը, իսկ Հայագիտական ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։