Արեւմտահայերէնի ուսուցումը Հայաստանի դպրոցներէն ներս

Արեւմտահայերէնի ուսուցումը Հայաստանի դպրոցներէն ներս Լեզուն ազգի գոյատեւման հիմնական ազդակն է, ինքնութեան ժառանգութիւնը, զոր կորսնցնելով, կը կորսնցնենք մեր լինելութեան պահպանման հիմնասիւնը։ Լեզուն նաեւ լեզուամտածողութիւն է, ապրում, ներշնչանք, որուն դրսեւորման ամենավառ վկայութիւնը Վազգէն Շուշանեանի հետեւեալ տողերն են.  «Հայո՜ց լեզու, որքա՜ն կը սիրեմ քեզ: Ո՛չ մէկ աղջիկ երկրի վրայ կրնայ պարծենալ, թէ այդքան խանդաղատանք, այդքան գորով, այդքան աղապատանք ստացած է…

Հայ Տոհմանուններ. Պատմական Հետազօտութիւն

Հայ Տոհմանուններ. Պատմական Հետազօտութիւն 1937 թուականին Իսթանպուլի մէջ «Մշակոյթ» գրատան հրատարակչութենէն լոյս կը տեսնէ «Հայ տոհմանուններ» խորագրով պատմական հետազօտութիւն մը: Հրատարակիչները նման հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը կը բացատրեն Թուրքիոյ մէջ մականուններու զործածութեան անհրաժեշտութեամբ, նշելով, որ այդ անհրաժեշտութենէն բխելով ալ, Թուրք Պատմութեան հետազօտիչ միութեան այդ ժամանակ արդէն հանգուցեալ նախագահը՝ Եուսուֆ Ագչուրա (1876-1935թթ.) տարիներ առաջ փափաք յայտնած էր ուսումնասիրել…

«Այնթապի Հայերը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն

«Այնթապի Հայերը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Այնթապի Հայերը»  նիւթով առցանց բանախօսութիւնը։ Նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ․ Ումիթ Քիւրթ, որ հեղինակն է The Armenians of Aintab: The Economics of Genocide in an Ottoman Province հատորին։ Ներկայացումին հետեւելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudieskurt կայքէջը, իսկ…

ԱՐԴ ԵՒՍ. Արեւմտահայ մշակոյթի նոր ծրագիր

ԱՐԴ ԵՒՍ. Արեւմտահայ մշակոյթի նոր ծրագիր արդ եւս.  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։ Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը։ Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը. կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու…

Կարսի Հարիւրամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ Վերանալու Վտանգի Առջեւ

Կարսի Հարիւրամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ Վերանալու Վտանգի Առջեւ   Կարս քաղաքի Քալէիչի թաղամասին մէջ գտնուող հարիւրամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ «Ռուսական եկեղեցի» անունով, վերջնականապէս վերանալու վտանգի տակ է։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։ Հայկական աղբիւրին համաձայն՝ եկեղեցին «Ռուսական» կը կոչուի, քանի որ ժամանակին անիկա օգտագործուած է նաեւ ռուսերուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ պատերը փլած…