Փարիզ. Վերանորոգուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին

Փարիզ. Վերանորոգուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին Օրերս  վերանորոգուած է Փարիզի  Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ  Մայր եկեղեցին։ Այս մասին գրած է Փարիզի  «Նոր Յառաջ»ը։ Յիշեցնենք, որ  Ֆրանսայի թեմի առաջնորդի  աթոռը  կանոնական  ժամկէտներու բերումով կը մնայ  թափուր, եւ  Առաջնորդական  Տեղապահի  պաշտօն  կը կատարէ Տ.  Կոմիտաս ծ.վրդ. Յովնանեանը։ Ինչպէս աւելի վաղ  ալ  «Արեւելք»  գրած էր  Ֆրանսայի Թեմակալ…

Թադէոս Եսայեան Բանաստեղծը

Թադէոս Եսայեան Բանաստեղծը Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ Արեւելահայերէնի տարտամ եւ պղտոր ապագային ի տես, արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի Թէքէեան կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խոր-հուրդը (Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Եսայեանի «Պարզ ու տաքուկ Բառերով» գիրքին շնորհանդէսը, ուր սոյն խօսքը…

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրատարակած Լիբանանի Հայերը, Սուրիոյ Հայերը, Յորդանանի Հայերը եւ Իրաքի Հայերը հատորներուն շնորհանդէսը՝ ներկայութեամբ երիտասարդ եւ երէց սերունդի հայագէտ մտաւորականներու: Հանդիսութեան բացումը կատարեց…

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (բ./գ. մաս)

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (բ./գ. մաս) ԵուԹիուպ Քորոնա ժահրի ինքնարգելափակման ամէնէն խիստ օրերը զուգադիպեցան քրիստոնէական ամէնէն խորհրդաւոր տօներուն՝ Ծաղկազարդին ու Ս. Զատկուան. այս իմաստով, ծաղկեցաւ պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն առցանց հասանելիութիւնը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը, ԵուԹիուպ-ի վրայ իր արդէն իսկ կայացած Cilicia TV-ի ճամբով, ուղղակի կը սփռէ Մայրավանքին կիրակնօրեայ պատարագները։ Cilicia TV-ն, որ…

Արա Մածունեան

Արա Մածունեան 1990-էն առ այսօր, ֆիլմարուեստի բնագաւառին մէջ ստեղծագործող անկախ արտադրող եւ բեմադրիչ Արա Մածունեան հեղինակ է աւելի քան մէկ տասնեակ վաւերագրական ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու, որոնց կարեւոր մէկ մասին մէջ արժէքաւոր վկայութիւններ արձանագրուած են հայկական իրականութեան տարբեր երեսներուն մասին՝ պատմական թէ այժմէական դիտանկիւններէն։ Ան սինեմաթոկրաֆըր է, թատերական հեղինակ, դերասան, լուսանկարիչ եւ համալսարանի դասախօս։ Արա Մածունեանի հեղինակած վաւերագրական ֆիլմերուն շարքին…

«Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Զօհրապ Գրագէտը»

«Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Զօհրապ Գրագէտը» Տաղանդաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի զաւակը՝ Վահէ Օշական, աններելի մեղք մը գործած էր, «Բագին»ի մէջ հրատարակելով յօդուած մը գրագէտ, նորավէպերու անմրցելի վարպետ եւ մեծանուն նահատակ Գրիգոր Զօհրապին դէմ: Չգտնուեցաւ ընթերցող մը, մտաւորական կամ ոչ-մտաւորական խաւերէն, որ գայթակղած չըլլար կարդալով այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած արտառոց, ծանրօրէն վիրաւորական եւ տրամաբանութեան հետ…

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (ա./գ. մաս) Երկխօսութիւն՝ առցանց հարթակներու վրայ հայատառ արեւմտահայերէնով արտայայտութեան երեւոյթին հետ Նախաբան Աւելի քան տարի մը առաջ, համաճարակին հետեւանքով պարտադրուած ինքնարգելափակումը այլակերպեց մեր օգտագործած ֆիզիքական թէ՛ թուային տարածքները։ Մեր առջեւ գոցուած դռները կարելիութիւն տուին մեզի կտրելու տարբեր սահմաններ եւ ստեղծելու (կամ վերստեղծելու) տարածքներ, որոնց գոյութիւնը մեր կեանքին մէջ նոյնքան…

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Ժիրայր Դանիէլեանի «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)» Հատորը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։ Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝…

Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան

Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան Երկսեռ երկրորդական (միջնակարգ) դպրոց (1952 թուականէն), հիմնուած է 1929 թուականին, Երուսաղէմի մէջ, Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի ջանքերով եւ անոր առաջարկով ալ անուանակոչուած՝ ի յիշատակ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի։ Կառուցուած է ժառանգաւորաց վարժարանին եւ մատենադարանին կից։ Մանկապարտէզին եւ նախակրթարանին մէջ բոլոր առարկաներու ուսուցումը կը տարուի հայերէն։ Միջնակարգին մէջ հայոց լեզուն (գրաբար եւ աշխարհաբար),…

Շրուանդ Եւ Շրշիւն

Շրուանդ Եւ Շրշիւն 1.Շրուանդ Պատկերացուցէք, որ ողկոյզ մը խաղող կ’ուտէք   եւ  ի վերջոյ կուլ կու տաք   անոր վերջին հատիկն ալ. ձեր մտքէն անցա՞ծ է երբեւիցէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կոչել այն   հատազուրկ  կմախքը, որ կը պատրաստուիք աղբանոց նետել: Կը թուի,  թէ չէք մտածած…  ճիշտ այս տողերը գրողին պէս: Իսկ մեր լեզուն, իմա՝ մեր նախնիները  շատ…