Փարիզ. Վերանորոգուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին

Փարիզ. Վերանորոգուած է Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցին Օրերս  վերանորոգուած է Փարիզի  Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ  Մայր եկեղեցին։ Այս մասին գրած է Փարիզի  «Նոր Յառաջ»ը։ Յիշեցնենք, որ  Ֆրանսայի թեմի առաջնորդի  աթոռը  կանոնական  ժամկէտներու բերումով կը մնայ  թափուր, եւ  Առաջնորդական  Տեղապահի  պաշտօն  կը կատարէ Տ.  Կոմիտաս ծ.վրդ. Յովնանեանը։ Ինչպէս աւելի վաղ  ալ  «Արեւելք»  գրած էր  Ֆրանսայի Թեմակալ…

Թադէոս Եսայեան Բանաստեղծը

Թադէոս Եսայեան Բանաստեղծը Արեւմտահայերէնի ահաւոր վայրէջքին եւ Արեւելահայերէնի տարտամ եւ պղտոր ապագային ի տես, արեւմտահայերէն նոր եւ որակաւոր գիրքի լոյս ընծայումը մեր սիրտը հրճուանքով կը լեցնէ: Անշուշտ Երեւան մայրաքաղաքի Թէքէեան կեդրոնի մէջ այս շնորհահանդէսը իրականացնելն ալ ունի իր խոր-հուրդը (Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի սրահին մէջ կայացաւ Եսայեանի «Պարզ ու տաքուկ Բառերով» գիրքին շնորհանդէսը, ուր սոյն խօսքը…

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները

Երեւանի մէջ ներկայացուեցան Հայկազեանի հրատարակած՝ Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի համայնքներուն նուիրուած հատորները Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021ի առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրատարակած Լիբանանի Հայերը, Սուրիոյ Հայերը, Յորդանանի Հայերը եւ Իրաքի Հայերը հատորներուն շնորհանդէսը՝ ներկայութեամբ երիտասարդ եւ երէց սերունդի հայագէտ մտաւորականներու: Հանդիսութեան բացումը կատարեց…

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (բ./գ. մաս)

Նոր կենցաղ՝ նոր տարածք. առցանց Արեւմտահայերէնին թափը (բ./գ. մաս) ԵուԹիուպ Քորոնա ժահրի ինքնարգելափակման ամէնէն խիստ օրերը զուգադիպեցան քրիստոնէական ամէնէն խորհրդաւոր տօներուն՝ Ծաղկազարդին ու Ս. Զատկուան. այս իմաստով, ծաղկեցաւ պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն առցանց հասանելիութիւնը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը, ԵուԹիուպ-ի վրայ իր արդէն իսկ կայացած Cilicia TV-ի ճամբով, ուղղակի կը սփռէ Մայրավանքին կիրակնօրեայ պատարագները։ Cilicia TV-ն, որ…