Աշխատանոց՝ Հայ-Օսմանեան մշակոյթի մասին
«Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» սրահը առցանց աշխատանոց մը կը կազմակերպէ «Հայեացք Հայ-Օսմանեան Մշակոյթին» խորագիրով։ Պեթիւլ Պաքըրճը Քելէշի ժողովավարութեամբ կայանալիք աշխատանոցը 6 Ապրիլ- 25 Մայիս 2022 թուականներու միջեւ 8 շաբաթներու տեւողութեամբ պիտի կայանայ ամէն չերոքշաբթի 19.00-22.00 ժամերուն։
Մասնակցութիւնը սահմանափակուած է 15 անձերով։
Աշխատանոցի ընթացքին Օսմանեան հայերու մշակոյթի, պատմութեան եւ գրականութեան շուրջ ԺԹ. դարու քաղաքական զարգացումներու եւ ընկերային ճգնաժամերու առանցքով վերլուծումներ պիտի կատարուին։
ԺԹ. դարը յատկանշական է կայսրութենէ ներս ազգութիւններու դրութեան վերացումով եւ հաւասարակշռութիւններու խանգարումով։
Աշխատանոցը կը մտադրէ դէպի 1915 աճող քաղաքական լարուածութիւնը եւ 1909-ի Ատանայի կոտորածներու գրականութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւններու ուսումնասիրութիւնը քննարկել։
Ժողովավար Պեթիւլ Պաքըրճը Քելէշ Իսթանպուլի «Շեհիր» համալսարանի Թրքերէն լեզու եւ գրականութեան բաժինը աւարտելէ ետք, նոյն համալսարանի մէջ 2010 թուականին շարունակեց բարձրագոյն ուսում եւ աւարտաճառը ներկայացուց ԺԹ. դարու վերջերուն հայերէն եւ թրքերէն գրականութեան բաղդատական քննարկումով։ Աշխատակցած է «Տերկահ», «Ակօս Քիթափ-Գիրք», «Զ», պարբերականներուն եւ յօդուածներ ստորագրած է «K24» եւ «Ակօս» թերթերու մէջ։
Պեթիւլ Պաքըրճը Քելէշ այժմ կ՚աշխատակցի «Արաս» հրատարակչատան, որպէս խմբագիր։