Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առթիւ
Շիրակի Մարզային Գրադարանը նախանձախնդիր ըլլալով արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ մայր հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնով գրականութեան եւ մշակոյթի հանրահռչակման (www.arevmtahayeren-shmg.am/), եւ շարունակելով հայաստանեան բնակչութեան համար Արեւմտահայերէնը մատչելի ու ընկալելի դարձնելու իր առաքելութիւնը, #ԲանաստեղծութեանՄիջազգայինՕրուան առթիւ՝ 21 Մարտ 2022-ին, կը կազմակերպէ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ»՝ նախատեսուած արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար:
- Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները եւ անոնց ստեղծագործութիւնները ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին, նպաստել արեւմտահայերէնի տարածման:
- Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել արեւմտահայերէնով ստեղծագործող ե՛ւ անուանի գրողներ, ե՛ւ սիրողական գրական փորձեր կատարող անհատներ:
- Փառատօնի մասնակցութիւնը մէկ ստեղծագործութեամբ է (անտիպ կամ տպագրուած): Մասնակցիլ փափաքողները իրենց ստեղծագործութիւնը (մինչեւ 20 Մարտ 2022-ը) կրնան ուղարկել հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ reglibshirak@gmail.com