Բարեւ Քեզ
Երջանկութեան մայրաքաղաք ու ձանձրոյթի արքայութիւն,
Բարեւ քեզ, հնադարեան վառ բարեւ…
Փառատօնն ես հազարդարեան անուրջներով իմ անանուն
Եւ անորոշ ապրումներուս երջանկութեան երկիրն ես դուն:
Անկունքներէ հեռաւոր
Գետեր կուգան վարարուն,
Գետեր կուգան կամրջընկէց, տարփաձայն…
Գետեր սանձող կամուրջ եմ ես, կամո’ւրջդ եմ ես:
Գետերուն մէջ երազներ կան:
Յաւերժական անդունդին ափն անծանօթ
Եւ այդ ափին ապարանքներ հետախուզող ե’րթն եմ ես,
Ուր կը ծլին, կը ծաղկին իմ հոգիիս կակաչները կարմրաթուշ
Ուր կը սերտեմ ըլլալ ես ցոլացումը կերպարիդ,
Ունկնդրելով ղօղանջները զանգակներուդ
Կ’ըլլամ ջրվէժ ձայներուդ հետ ծաւալող…
Ուր կը սորվիմ ըլլալ բոցը աշտանակին ու քրմուհին մեհեանին,
Որ կը ծխէ, կը ծխէ կճատներն ալ թունաւոր
Բիւր մայթերուն անլուսին…
Եւ դեռ կ’ըլլամ տարերքներու իշխանուհին, սպասուհին քու տարերքին,
Որ կ’ապրի լուռ պատրանքները խուսափուկ
Եւ մարդկային խղճմտանքին մոխրացած
Որոնումները մաշեցնող
Ուր կը ծխեմ ես զանոնք
Արիւնելով շրթներն իմ վար
Ու շրթներէս կը ծորին մոխիրն ի վար
Իմ սերմ արեան կայլակները ադամանդեայ,
Կ’ընդելուզուին մոխրադաշտին, մոխրադաշտին էջերն անգոյն կ’ալեկոծին
Ու կը պայթին
Նոր կակաչներ…
Բարեւ քեզ,
Քերթողներու յուսահատ արցունքներով խռովեալ կաւ,
Կակաչներն իմ ոտքերդ օծող, քեզ մկրտող միւռոն-գետ են:
Ազնիւ Գարալէքեան Միքայէլեան