ԸՍԷ՛
Դեռ չյանգած լոյսը կեանքիս,
Եթէ յանկարծ տեսնես իրեն,
Ըսէ՛ ինչպէս դեռ կը սպասեմ,
Ըսէ՛ որքա՜ն զինք կը սիրեմ…
Ըսէ՛ հիւանդ տեսար ինծի,
Բայց չկտրած յոյսս կեանքէն,
Ըսէ՛ միայն մէկ անգամ ալ
Կ՛ուզեմ ապրիլ մեր սէրը մեծ…
Ըսէ՛ կեանքս առանց իրեն՝
Երկինք անաստղ, ծաղիկ անցօղ,
Առանց իրեն սիրոյ տաճար
Անճար հոգիս չունի աղօթք։
Տեսիլք չունի կեանքիս ճամբան,
Լոկ լո՜ւռ քայլեր դէպ’ գերեզման,
Ըսէ՛ հիւանդ տեսար ինծի
Բայց դեռ վառ է յոյսս վերջին…
Եթէ յանկարծ տեսնես իրեն,
Ըսէ՛, ինչպէս դեռ կը սպասեմ,
Ըսէ՛, որքա՜ն զինք կը սիրեմ,
Եթէ յանկարծ, յանկարծ, յանկարծ տեսնես իրեն…։
Ա.Ն