Հալէպ. ներբող պատերազմին
Հալէպ մնացած ընկերոջս՝ Յակոբ Նալպանտին:
Դիմակաւոր սեւազգեստ գլուխներ, անտէր դիակներ, մեռելներ, որ դեռ գետնին են,
պարկեր եւ կառքերով շրջող մունետիկներ: Ալլահ կը կանչեն բոլորը:Հինցած
քաղաքներուն կարմիր ուրուականը: Տեղ մը, ուր ագռաւները չեն հասնիր:Ճանապարհ
բացող շէկ ու սեւ մօրուքաւորներ, խոփ խոշոր սկուտեղներ, խոշոր տուփեր,
սնտուկներ, որոնցմէ շատ- շատեր դատարկ են:Սին բառեր տրուած օդին,
դրօշակներ՝ սեւ ու կարմիր, աստղեր գետին ինկած եւ զինուորական գլուխներէն
գետին դրած գդակներ:Անգդակ, անվիզ գլուխներ:Արաբական ծարիր փոխադրող
վաճառականներ:Գտնուած դեղերուն սփոփանքը:Մարանէն հանուած կարմիր
գորգեր, հին տարիէն մնացած օղիի աւազագոյն կարասներ:Տակաւին պարսկական
շորեր, վիրակապով անցնող երեխաներ, որոնց ձեռքերուն կան անմազ պզտլիկ
տիկնիկներ:Չածիլուած անագէ դէմքեր, որոնց վրայ կը դողայ Հալէպի փայլուն արեւը:
Եւ հին երազը՝ աս բոլորէն անդին, որ կ’իյնայ գետնին փշուր- փշուր ըլլալու համար:
Երազն ապակի է.
Զգոյշ, միայն երազը չփշրուի մայթերուն վրայ:
Մայթերուն՝ արիւնոտ ու անօթի:
Ճամիներուն ապակիները դեռ կը փայլին, կը պոռայ հիմա իմամը ու ձայնն անոր
պիտի տարածուի թաղէ- թաղ, պիտի անդրանցնի անցարգելէ- անցարգել: Պիտի
շարունակէ իր ճամբորդութիւնը, մինչեւ որ արձագանքները լռեն ու հատնին:
Լռութեան մէջ կը թաղուի այս Հալէպը:
Իմ գիտցած Հալէպս ասի չէ:
Ես Օշականի անունը մոռցայ անոր սիլուէթներուն ու փոշոտ խոր ու մութ
շուկաներուն մէջ: Իմամը դարձեալ կը պոռայ:
Մի գողնաք այս քաղաքը ինձմէ:Կարթ կը փնտռէ աղօթքէն ելած պահուն, կարթ,ասեղ
ու թել:Ես կը զննեմ ու սառը աչքով կը հետեւիմ: Սառոյց եւ ջուր ծախող ճարպիկ
աչքը արաբին: Աչքս կը յառի անոր շարժումներուն, ու շարժումները օդին մէջ մնալով
կ’անհետանան մեծ լռութեամբ փակուած թաղերուն մէջ:
Կեանքը, որ կ’եռար անոր մէջ, հիմա մեռելային լռութեան մը սահմանն է:
Ամէն դիէ մեռելասնտուկները կը բեռցուին ու ծաղիկները խուրձ -խուրձ հասնին
վերջին հրաժեշտի սեղանին:
Կրօնքը կը մեռնի:Քրիստոս կը հեծնայ հեռացող սպիտակ աւանակին ու կը հեռանայ
քաղաքէն:Աշխարհը սեւ պարիկ կտրած մէկ- մէկ կը հաշուէ անոր մահն ու անկումը:
Ամէն մէկուն համար ես տապանագիր մը պիտի կանգնեցնեմ:
Ամէն մէկուն համար ես նոր հողաթումբ մը պիտի բարձրացնեմ:
Ամէն մէկուն համար ես նոր պսակ պիտի բերեմ:
Հինէն մնացած ալիւրի եւ ձաւարի կիսաբաց մեծ պարկեր կը շարուին:Անոնց վրայ
նահատակներուն գէշ արեան հոտը կայ:
Պատերազմ:
Ոչ մէկ փրկութեան բառ:
Բոլոր անցորդները հերթով կ’աղաղակեն ու կը խօսին վիշտին մասին:
Անոր վերջին գրողը հարց պիտի տայ, թէ ո՞վ բաժնեց այս քաղաքը իր
մարմնէն:Վիշտէն մեծցաւ փորոտիքը եւ երգը լռեց:Որդիներն անոր ուրուականներու
պէս հագան իրենց դահիճի հագուստը եւ բարձրաձայն խնդալով հեռացան:
…
«Պուսթան Ալ Քասր»:Կայան՝ բաց երակներու:Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հաւաքական
ողջակիզումի կէտ: Հանգոյց մահուան եւ դիակներու անխօս երգին:
«Պուսթան ալ քասըր»՝ կարմիր բիբէն անդին երեւցող կէտ, յոյսի բաց ճանապարհ:
Հոն միայն դիակներ կը փոխանակուին:
Արգիլուած սիկարէթի կճեպներ, փնտռուած միս եւ ուտելիք, պանիր, կաթ, մեղր ու
գինի: Բերք՝ ապօրինի եւ այլանդակ:Կիրքի մառանէն բերուած Անիսոնի օղի:Բոլորը
երկիւղած կը մօտենան անոր անցքին. ան է ճանապարհը ելքին:
«Պուսթան ալ քասր» կարծես վէրք ըլլաս արգանդին մէջ:Մօտդ հարուածը կրնայ
վրիպիլ ու յանկարծ գորշ մօրուքով Պաղտատի ծայրերէն հասած Շէյխը կրնայ իյնալ
առանց հասնելու մատեանի վերջին տողին:
Աշխարհը ի՞նչ կը պատմէ պատերազմիդ մասին:
Աշխարհը զոհիդ կենացը կը խմէ՝ մինչ բոլոր սրճարաններն ու հանրատուները կը
փակեն իրենց դռները:
Պատերազմդ հարուստ է կիներով եւ դիակներով:
Ճէյմս Ճոյսն էր ըսողը՝ մեռելները պէտք է ուղղահայաց թաղել, որպէսզի տեղ
չ՛զբաղեցնեն:
Ո՞վ էր այս պատերազմներուն հեղինակը, որ հրէշի աչքերով կեցաւ ու ձեռքով ըրաւ
մեզի: Կը ճանչնայի զինք բայց հաւէս չունէի բարեւելու:Լաւ կը ճանչնայի զինք, երբ
միասին կը քալէինք Պէյրութի նեղ ու ամայի փողոցներէն …Կը ճանչայի զինք ու
տարիներ անց երբ Երեւանի գետնափոր սրճարաններէն մէկուն մէջ հանդիպեցանք
ու չուզեցի բարեւ մը տալ կամ երեսին նայիլ:
Պատերազմ հոգիներու աղմուկին ու կէս-գիշերային լռութեան պահերուն մէջ:
Պատերազմ աշխարհի հինցած ու պոռնիկ աչքերուն առջեւ:
Կապարներու ահաւոր անձրեւներուն տակ, ուր փամփուշտները կաթ- կաթ կաթ-
կաթ կը թափին մեր ուղեղի սենակներուն մէջ ու կը թալանեն մեր անցեալը մեզմէ:
Ու յետոյ բոպիկ քալելու նոյն պատերազմներու պատումէն:Մերթ սողալով
արմուկներու վրայ:
Մենք չսորվեցանք ապրիլ այդ պահէն անդին: Չուզեցինք բնակիլ այդ պատերազմի
օրհասէն վերջ:
Չուզեցինք փակել ցաւի կարմիր տետրակը: Չուզեցինք ապրիլ կարմիր գիծէն հեռու:
Սիրեցինք մահը եւ անկումը սիրեցինք: Սիրեցինք բարբարոս հրէշներու ժպիտներն
ու անոնց սուտ ծէսերն ու օթեկ պատգամները: Սիրեցինք անոնց սպաննելու ձեւը եւ
մեր սիրելիներուն մեզմէ գողցուիլը սիրեցինք :
Բանաստեղծութիւններ գրեցինք յանուն նախճիրներուն ու ջարդին: Ձեւացուցինք,
որ մահը կը պաշտենք մենք:Բայց նորէն կը ստէինք:
Հաւատացինք պատերազմի ֆէնոմէնին ու մտածեցինք, որ անոր մէջ կային կանայք,
կար շատ փող, կար առատ ոսկի:Կար փոքր ու միջին պահարաններով ու
փականներով օսմանցիներու գանձերէն մեզի մնացած հարստութիւն:
Յետոյ աշխարհի երեսին թափեցինք մեր վէրքն ու որդնոտած սեւ հացին մեղքը,
առանց հասկնալու, որ մենք եղանք պատերազմի զոհերը:Մենք եղանք այդ
պատերազմի մեծ խոհանոցին վառօդ ու նաւթ հասցնողները: Բերողները:
Ու շարունակեցինք քալել պատերազմին համար, որ մեր մէջն էր:Ահաւոր
պատերազմին համար, որ հարուստ էր:Սեւ ու ապերախտ ցորենով: Ուղղահայաց
դրուած մեռելներով: Յետոյ վէրքէն դուրս ելլելով ըսինք մենք մեզի.«Դուն
պատերազմներուն ամէնէն ահաւորը եղար ու քու վէրքերուդ մասին մատեաններուն էջերը սպառեցան:Քու խաղաղութեանդ, քու արեւելքի բերքիդ քու Աստուած կանչող մզկիթներուդ ու շատախօս հաւատացեալներուդ բերնէն սպառեցաւ մեր գոյութեան իմաստը»:
Կարծեցին, որ սպաննեցին քեզ:
Ո՞վ էր պատճառումը այս բոլորին, ո՞վ էր, որ սեւ մեխակը ցանեց բնակիչներուդ
հոգիի սենեակներուն մէջ:
Դուն դարձար սենեակ առանձնութեան ու մահուան վերջին կերպարի:
Քանի անգամ մահ բառը դրի տողերուդ մէջ բայց դուն նորէն անցար ճանապարհին
միւս կողմը որովհետեւ գիտէիր, որ այս պատերազմը անպայման պիտի լռէ:
Անպայման պիտի մաքրուի երկինքդ ու հեռացողերը, որոնք հիմա բախտ կ’երազեն
պիտի ետ գան:
Ոչ ոք իմացաւ, որ քու ցաւդ քեզմէ տարածուող զարմանալի հեղուկ էր, որուն
շատրուաններուն տակ լոգանք պիտի ստանային բոլորը:Անոնք որ պատերազմիդ
մէջ փրկութեան սուտ ծառեր կը տեղադրեն:
Հիւանդ եւ շիլ աչքերով:
Քու վերջին կայարաններուդ վրայ հսկող մահերգակ դիպուկահարներ, որոնք
գիշերուան թանձր մութին եւ փայլուն սառած աչքերով կը հաշուեն եւ անգիր կ’ընեն
դրախտի երանութեան եօթը սենեակներուն բանալիներուն անունները:
Ըսէ՝ քեզ ինչպէ՞ս պատմեմ քու ցաւիդ մասին, որուն քղանցքին ծայրէն սահեցան
մեր ժամանակներու չհեռացող եւ խեղճ ու ծանօթ տէրվիշները:
Իսլամ, խաչակնքող հայ, ալէւի, քիւրտ, եզտի, Փարիզէն նոր վերադարցած տիկին եւ
Պասրայի բարբառով խօսող ասորի:
Ըսէ՛, եթէ պատերազմդ խաչ պիտի ըլլայ մեր գալիք ճանապարհներուն համար,
խօսի՛ր անոնց անունով:Խօսիր փրկութեան մը համար:
Ըսէ՛, եթէ վէրքդ բուժիչ է՝ մորթեմ բառս:
Հալէպ, խօսի՛ր:Քու տառապանքէդ ու ցաւերէդ պիտի քալեմ:Ուխտաւորի պէս
հասնելու համար շիրիմներուդ ու յիշատակիդ:
Մինչեւ ծուատեմ բառս եւ պատշգամներէդ կապեմ կապոյտ-կապոյտ յոյսի
վարագոյրը:
Մինչեւ աղաչանքս դառնայ խիղճի սառոյց ու զովացնէ այրած ոտքերդ:
Հալէպ, հօրս մանկութեան երազներու քաղաք, քու անունիդ մասին պիտի խօսիմ,
քու անունովդ պիտի աղօթեմ, քու անունովդ օրհնեմ:
Քու անունովդ փակեմ վէրքերուս մեծ կափարիչը:Քու անունովդ ոտքերս հեռացնեմ
ցաւի վերջին կայարանէն….
Ի՞նչու մոռցար մանկութիւնդ:
Ի՞նչու յոշոտեցիր երազներուդ սպիտակ վարդը:
Ի՞նչու սիրտդ ապակեայ սկուտեղներու ծայրերուն դրիր, որ արիւնի:
Ի՞նչու:
Մարմինները ծակող փամփուշտներուն ցաւէն բանաստեղծութիւը կը ձեւափոխուի ու մարմինը ծակող վէրքերուն պէս անոր արեան կաթիլները գետին կը հասնին:Պատերազմի ամբողջ ընթացքէն, անոր հասողութիւնէն, անոր տուած ցաւէն պիտի մնան միայն գերեզմանաքարերը … որոնք արձագանքն են վիշտի լռութեան:Մահուան խաղին մէջ ինկած դէմքերուն համար պատերազմը չունի սկիզբ, աւերակը, մահը, մահուան հետ ուշացած սպասումները կամ ձեւափոխուող երանգները ոչ մէկ իմաստ պիտի տան թէքստին:
Ընկեր մը հարց տուաւ. ի՞նչու կը գրես Դամասկոսի մասին, ուրիշ մը հեգնեց Հալէպի քաոսին մասին գրուած տողերը:Քաոսին առջեւ ամէն ինչ անիմաստ է:Բայց եթէ կայ ուժանակի եւ սիրտի պայթում, ապա կայ նաեւ բառին պայթումը:Թերեւս առանց ճանապարհի մը տանելու:Այսպէս լեզուին ու անոր կուտակումներուն մէջ:Եթէ կայ պայթում մահուան տեսարանին մէջ, կայ նաեւ բառին պայթումը:Բառը սեւ ու ծանր մշուշէն պիտի թռչի:Ոչ մէկ բացատրութիւն անոր համար:Քաոսի նկարագրութիւնը եւ այդ աւերակներուն հետ խօսելու փորձը ամէն օր պիտի մեծնան:Շարժումին, արարքին, պայթումին հետ բառը պիտի պայթի:Խօսելու ձեւ է այս արարումը:Աւերակներէն դուրս գալու համար:
Իմ մարմնիս վրայ
Արեւներուդ ու ճանապարհիդ յոյսը կայ
Անոր, որուն համար մեռար դուն
Եթէ ազատութիւնը բառ է, բաց թող
Փրկէ քու բաժին ինկածը
Վստահ եղիր՝ այս գիշերէն ետք ցաւ պիտի չմնայ
Նորէն քաղաքը իր աչքերը պիտի բանայ
Նորէն մահէն պիտի ելլեն բոլոր մեռեալները ..
Նորէն պիտի քալեն դէպի արեւներու ժամանակը:
Որ տեղ չէ, ո՛չ կայարան, ո՛չ քաղաք, ո՛չ ամրոց…
Աղօթքդ բեր ականջիս
Վէրքին մասին ես երգեր լսեցի
Հին եւ նոր աղօթքներ
Հիմա այս ամեհի լռութեան առջեւ
Ո՜վ գիտէ քանի-քանի գիշատիչներ
Քու մարմնէդ պիտի ճամբորդեն ….
Լուալու կոյս մարմինդ ցաւի հառաչանքներէն ..
Չէ որ ես ու դուն կոչուած էինք փրկելու
Յոյսի վսեմական այդ ամրոցը…
Չէ որ խոստացած էիր
Աչքերուդ ծարիր եւ շուրթերուդ մեղր քսել:
Դուն այս պատերազմի բաժինն ես
Դուն այս պատերազմէն դուրս ծնած յոյսի կաթիլն ես
Ես չեմ գիտեր անունդ
Ես չեմ գիտեր հասցէդ, բնակարանդ, տանդ համարը ու սենեակիդ դռան տեղը:
Վարսերդ կապէ պտըտինք այս մահուան ամայքներէն
Պառկած մեռելներուդ ձայն մը տուր թող ելլեն …
Այսքա՞ն ցաւ պիտի տային քեզի:
Ու դուն պիտի խնդայիր:
Բոլոր զոհերուն, բոլոր աւերակներուն դիմաց որ բնակեցան արգանդիդ մէջ:
Ե՛լ, քաղաք:
Իմ նախնիներս քու ջուրդ ու մայթերուն վրայ փռուած հացդ գովեցին
Հոն փորեցին խոյանքներ
Քու պատերուդ քսեցին հեռուէն բերուած աղօթքներու մասնիկները …
Դարձան քու անունէդ, դարձան քեզմէ:
Երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք քեզ փոխադրեցին:
Ել,
Ել այս մահէն
Ինչքան երկար տեւէ այս գիշերը
Ինչքան խուլ ձեւանաս
Ու ինչքան համր դառնան գրողներդ,
Պիտի ելլես:
Մարմնիդ վէրք տուողները օր մը, պիտի հեռանան քեզմէ…
……………………………………………………………………
Դուն ի՞նչ ընթացք ես
Որ ջրամոյն օրերուս մէջէն դուրս եկար:
Դուն ի՞նչ լեզու ես, ինչ բառ ես
Ինչ արգանդէ ես որ պատռեցիր օտարանքի իմ մարմնիս շուրջ հաւաքուած փոշին
Ու դանդաղ մտար երակներուս հաստ ու խոր ճանապարհին մէջ:
Դուն ի՞նչ անուն ես, որ սպաննեցիր մոլուցքը սիրոյ եւ ատելութեան:
Ըսէ դուն ի՞նչ արիւնէ ես,
Որուն կաթիլները ինծմէ ու քեզմէ հոսեցան
Իմ հեռացումը եւ պապակը հողերուդ եւ գետնին մէջ ցանուած վիշտէդ է, որ կ’աճի:
Ան պապակն է արգելքներէն անցնելու ճիգին, ուր չկան ո՛չ սահմաններ, ո՛չ կանաչ
սաղաւարտներ եւ ո՛չ վերարկուն իրենց ուսին նետած դիպուկահարներ ու
մարդասպաններ:
Ինծի ըսին անունդ ինչ է:
Մեծարենցի միմոսն եմ ըսի:
Ինծի ըսին ճարպիկ մըն ես:
Ըսի կոր քիթով Զահրատին պատկերները փակցուցած եմ մեր տան բոլոր
անկիւններուն, որ բառը մեր տան պատերէն խոյանայ:
Ըսին բանաստեղծութիւն մի գրեր
Եւ լռեցին : Պէտք է լռել- պատուիրեցին:
Ինծի ըսին՝ սիրէ խաղաղութիւնը ու տան ծաղիկները ջրէ:
Պատերազմը, ըսի, որ կը կրեմ, պիտի լեցընեմ սեւ նայլոնէ տոպրակներուն մէջ ու
խեղդեմ:Այն պատուհաններուն տակ, ուր կատուները կը խօսին մեր մասին:
Պատերազմը ես եմ: Դուն ես:
Մեր մահն է պատերազմը:
Մեր անկումը յիմար կտրած դէմքերուն այրուող քաղցն է պատերազմը:
Բառը, մեռնող կեանքը, մեռնող սէրը, մեռնող
Բառը, մեռցնող կեանքը, մեռցնող սէրը, մեռցնող պատերազմը:
Մեզ սպաննող, մեզ հրկիզող պատերազմը:
Մեծ քաղաքներու կամուրջներուն տակ
Անյոյս մարդոց վերջին ճիչն է:
Պատերազմը մեր մէջն է:
Խողովակներէն դուրս սպրդող:
Քաղաքին մէջ տարածուող սատանայ պատերազմը:
Աղբ դարձող, ետ հողին դարձող
Նորէն ծնող, նորէն ծաղկող պատերազմը որ «Յայտնութեան գրքի»
տասնըչորսերորդ գլուխի ճշմարիտ վկայութիւնն է:
Կամուրջէն վար, շէնքերէն վար պատերազմը:
Այն շէնքերուն, ուր չկայ մեր փնտռած անցեալը , չկայ ճիչը:
Պատերազմը խաղաղութեան սենեակներէն խոհանոց հասնող թէյի իւղոտ
բաժակներուն մէջ եղած սիրոյ պակասն է: Պատերազմը:
Քամահրանքը, սպասումը, լքումը մարդոցմէ: Սիրոյ անձերեւներէն ետք վերջին
սպասումներուն հզօր պահն է պատերազմը:
Գերիրական այս գոյներէն եւ մեր որբութիւնը հրկիզող կրակէ լեզուն է պատերազմը:
Մեր կոկորդներուն մէջ որբութեան բառը կ’եռայ:
Կեռայ եւ խիղճը, յաղթելու վիշտը:
Ըհը, սա պատերազմը ըլլար մեծ մօրս սեւ ռատիոն, ու ես առանց զոհ առնել տալու
փակէի բոլոր ալիքներն անոր եւ հինայի ափսէին վրայ դրուած երեք խնձորները
տայի- բաժնէի:
Լուրերը բոլոր, թերթերը–ռատիօն լռէին ընդմիշտ:
Ու ռատիոյէն –սեւ մեծ մամայի, լսուէին երգեր , ոչ լուրեր արկի ու պայթումներու:
Վիշտի պարին մէջ, պարը վիշտին մէջ պատերազմը:Եւ բողոքը միասեռականերուն,
որոնք քամահրանքով կը հեռանան:
Պատերազմը սեւ է. սեւ ագռաւներուն պէս, որ կանցնին մահէն:
Ու կը ճամբորդէն հզօր գերեզմաններու վրայով:
Անոնց համար պատերազմը, որ հեռացան:
Անոնց համար պատերազմը, որ զոհուեցան:
Իմ մէջ եղող պատերազմը:
Սագօ Արեան