ՁՕՆ ՀՈԳԵԿԱՆ
Հոգիս հոլանի՝ հողմերուն առջեւ,
Ահեղ մարտերուն, ոսոխին առջեւ.
Թեւերս պարզած ակնկոր ու լուռ,-
Հին աստուածներու կրակին առջեւ:
Հոգիս ըմբոստ է դաւերուն առջեւ,
Ցնորքին, ցաւին, արցունքին առջեւ.
Ողջո՜յն, հրաբո՜ւխ վրէժի ցասման,-
Հոգիս ըմբոստ է դարերուն առջեւ:
Հոգիս գուսան է սիրոյ փանդիռով,
Առասպելական վսեմ երգերով.
Շառաչող յոյսի շանթով արփազուն,-
Հոգիս երկնքի կապոյտն է անհուն:
Հոգիս սրբատաշ վանքի գմբէթին
Թառած արծիւն է արեւագալին.
Հոգիս ղօղանջն է մեր արքայական,
Կարօտի կանչն է յարատեւութեան:
Հոգիս տաճար է բոցերով յուռթի՝
Կարօտի անյագ տենչերով յուռթի.
Երկունքի վսեմ ցոլքը աչքերուս՝
Անհուն եթերի աստղերով յուռթի:
Հոգիս ոսկեբոց երկունքին ընծայ,
Դարաւոր անբիծ մեհեանին ընծայ,
Սիրոյ հրայքով հոգիս պարուրուած,
Հոգիս բուրվառ է աշխարհին ընծայ:
Խաչիկ Արսլանեան
«Լուսաբացիս ամպրոպը» շարքէն