Փնտռտուք
Մենք մեզի մնացինք
Եւ մտածեցինք
Մենք մեր մէջ
Թէ ի՞նչ էր
Մեզ բաժնողը ձեզմէ
Դուք ձեզի մնացիք
Արդեօք բնաւ մտածեցի՞ք
Դուք ձեր մէջ
Թէ ներկայ ըլլալու հանգամանքը
Կը պարտիք մեր բացակայութեան
Այդ աղբիւրն է որ
Կը փնտռեմ հիմա
Ջեր շունչը խնայող մեզմէ
Կոյրի մը պէս բնազդաբար
Խարխափելով
Ու կը ճանկեմ ոչնչութիւնը
Ոդիսական մը յարատեւ
Մշտնջենական
Ճամբաներ կը մաշեցնեմ անխոնջ
Մկրտուած այս նախնական անէծքով
Արթուն Կէպէնլիօղլու