Արամ Քէթէնճեան

Կարօտ ու բերկրանք Խաւարին մէջ գիշերուայ Հայեացքս կողմդ յառած, Ուր բազմած ես վեհութեամբ Հիմա՝ անյայտ, մթագնած: Այնտեղ ես Դուն օրնիբուն, Երկա՜ր դարեր, բիւր տարիք, Որպէս պահակ մշտարթուն ՝ Յար կը հսկես հայրենիք: Քեզ տեսնելու բուռն տենչով Ես կը սպասեմ այգաբաց, Իսկ ժամերը գիշերուայ Անանցնող են ու սառած: Բայց վերջապէս՝ լուսաբաց Ու ճառագայթք շողշողուն. Կարծես երկինքն…

Սագօ Արեան

Հալէպ. ներբող պատերազմին   Հալէպ մնացած ընկերոջս՝ Յակոբ Նալպանտին: Դիմակաւոր սեւազգեստ գլուխներ, անտէր դիակներ, մեռելներ, որ դեռ գետնին են, պարկեր եւ կառքերով շրջող մունետիկներ: Ալլահ կը կանչեն բոլորը:Հինցած քաղաքներուն կարմիր ուրուականը: Տեղ մը, ուր ագռաւները չեն հասնիր:Ճանապարհ բացող շէկ ու սեւ մօրուքաւորներ, խոփ խոշոր սկուտեղներ, խոշոր տուփեր, սնտուկներ, որոնցմէ շատ- շատեր դատարկ են:Սին բառեր տրուած…

Սարգիս Վահագն – Լոս Անճելըս

Կրակմար​ ​Փակէ՛ փեղկերդ,​ Դուռ ու պատուհանդ,​ Փակէ՛ ինչ որ կրնաս.​ Աչքերդ, շրթներդ, ունկերդ,​ Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ:​ – Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ:​ Դուրսը՝​ Գիշերը առանձինն՝​ Կը ճանկէ աչքը աստղերուն:​ Ամայութեան սալայատակները​ Կը սրսփան, կը դողան​ Կաղկանձներուն տակ լռութեան:​ Դուրսը՝​ Անձաւներէն իջեր է մարդը,​ Մերկ նստեր է​ Ու գիշերուայ յեսաքարին վրայ,​ Կը սրէ ժանիքները ատելութեան:​ Նախամարդը՝ հրազէնի…

Խաչիկ Արսլանեան – Պոլիս

ՁՕՆ ՀՈԳԵԿԱՆ Հոգիս հոլանի՝ հողմերուն առջեւ,​ Ահեղ մարտերուն, ոսոխին առջեւ.​ Թեւերս պարզած ակնկոր ու լուռ,-​ Հին աստուածներու կրակին առջեւ: Հոգիս ըմբոստ է դաւերուն առջեւ,​ Ցնորքին, ցաւին, արցունքին առջեւ.​ Ողջո՜յն, հրաբո՜ւխ վրէժի ցասման,-​ Հոգիս ըմբոստ է դարերուն առջեւ: Հոգիս գուսան է սիրոյ փանդիռով,​ Առասպելական վսեմ երգերով.​ Շառաչող յոյսի շանթով արփազուն,-​ Հոգիս երկնքի կապոյտն է անհուն: Հոգիս…

Արթուն Կէպէնլիօղլու – Պոլիս

Փնտռտուք Մենք մեզի մնացինք Եւ մտածեցինք Մենք մեր մէջ Թէ ի՞նչ էր Մեզ բաժնողը ձեզմէ Դուք ձեզի մնացիք Արդեօք բնաւ մտածեցի՞ք Դուք ձեր մէջ Թէ ներկայ ըլլալու հանգամանքը Կը պարտիք մեր բացակայութեան Այդ աղբիւրն է որ Կը փնտռեմ հիմա Ջեր շունչը խնայող մեզմէ Կոյրի մը պէս բնազդաբար Խարխափելով Ու կը ճանկեմ ոչնչութիւնը Ոդիսական մը յարատեւ…

Անուշ Նագգաշեան – Երուսաղէմ

ԸՍԷ՛ Դեռ չյանգած լոյսը կեանքիս, Եթէ յանկարծ տեսնես իրեն, Ըսէ՛ ինչպէս դեռ կը սպասեմ, Ըսէ՛ որքա՜ն զինք կը սիրեմ… Ըսէ՛ հիւանդ տեսար ինծի, Բայց չկտրած յոյսս կեանքէն, Ըսէ՛ միայն մէկ անգամ ալ Կ՛ուզեմ ապրիլ մեր սէրը մեծ… Ըսէ՛ կեանքս առանց իրեն՝ Երկինք անաստղ, ծաղիկ անցօղ, Առանց իրեն սիրոյ տաճար Անճար հոգիս չունի աղօթք։ Տեսիլք չունի…

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան – Թորոնթօ

ՅՈՅՍԻ ՏՕՆԱԾԱՌՍ Ծառէն յոյսեր կախեցի։ Լոյսերուն տեղ փափաքներս վառեցի։ -Աստղն ի՞նչ ընեմ,- Ըսի, մէկդի նետեցի, Փոխարէնը՝ սիրտս բերի Ու գագաթին գամեցի։ Տրտում սիրտս Գոռաց ուժգին՝ «Կեանքիս թելը մի՛ կապեր, Իմ լոյսերս մի՛ վառեր. Ես մեռած եմ երէկուընէ, Զիս կեանք տալու փորձեր Երբեք մի՛ ըներ։ Անցեալ տարի, Նոյեմբերին Ես մեռայ, ու մինչ օրս Կուրծքիդ տակը Կը…

Սեդա Գրիգորեան – Լոս Անճելըս

ՔՈՐՈՆԱ – Տասը Երգ – ՄԷԿ ***** Քորոնա ԵՐԿՈՒ ******* Առաջինը դուն ես, Երկրորդը չկայ… ԵՐԵՔ ***** Ջուրը տունն է, կը հոսի, Լոյսը տունն է, կը վառի, Մարդը տունն է, բայց մարդ չէ… ՉՈՐՍ ***** Անծանօթ էիր՝ ծանօթներ դարձանք, Յետոյ եղար միակ հարազատ… Ծնող, բարեկամ հեռու վանեցիր, Կը պառկինք-կ՛ելլենք միայն քեզ գրկած… ՀԻՆԳ ***** Հինգ…

Հրանդ Մ. Մարգարեան – Նիւ Եորք

ԴԻԱԿՍ…   Այս առաւօտ, դիակս գտան` գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։ Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ տառերուն անզարդ երանգ էր տուած… Արիւնս լերդացած… Դիազննիչը ըսաւ վճռօրէն. մահը առտուայ մութին էր եկեր։ – Սրտի կաթուած է- … Յետոյ նայեցաւ համակարգիչի պաստառին ճերմակ։ Տառ մը միայնակ, որբի մը նման՝ նստա՞ծ էր, կանգնա՞ծ, թէ լո՜ւռ խոնարհած… Զարմացած հարցուց.…

Երան Գույումճեան – Նիկոսիա-Կիպրոս

ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ Թող փարատի թանձր մէգը, Ցաւի, դաւի սեւ մրուրը, Խարդաւանքի մառախուղը, Պիղծ կեղծիքի գորշ մշուշը Հայ աշխարհէն բազմադարեան, Ուր մշակը Բանին կենաց Արարեր է Լոյսը անափ, Որպէս փարոս, լոյս-ուղեցոյց Մտքի, սրտի, խիղճի, հոգուոյն, Զայն զետեղեր Մասսեաց գլխուն Որպէս պսակ մը անթառամ, Յաւերժավա՛ռ, յաւերժափա՛յլ: ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ, Թող ծագի նոր արշալոյսը Լուսահեղե՛ղ, վարդահեղե՛ղ, Թող ողողէ երկինքները,…