Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան – Թորոնթօ
ՅՈՅՍԻ ՏՕՆԱԾԱՌՍ Ծառէն յոյսեր կախեցի։ Լոյսերուն տեղ փափաքներս վառեցի։ -Աստղն ի՞նչ ընեմ,- Ըսի, մէկդի նետեցի, Փոխարէնը՝ սիրտս բերի Ու գագաթին գամեցի։ Տրտում սիրտս Գոռաց ուժգին՝ «Կեանքիս թելը մի՛ կապեր, Իմ լոյսերս մի՛ վառեր. Ես մեռած եմ երէկուընէ, Զիս կեանք տալու փորձեր Երբեք մի՛ ըներ։ Անցեալ տարի, Նոյեմբերին Ես մեռայ, ու մինչ օրս Կուրծքիդ տակը Կը…