Երկձեւ բառեր
Երկձեւ բառեր Պէտք է նկատած ըլլաք, որ աշխարհաբարը կը կիրարկէ կարգ մը երկձեւ բառեր: Այս երկձեւութիւնը հետեւանք է զանազան գործօններու: Ան երբեմն կը գտնուի մեր երկու բարբառներէն նոյնին մէջ, երբեմն երկուքին հաւասարապէս, իսկ երբեմն ալ յատուկ է անոնցմէ մէկուն կամ միւսին միայն: Տեսնենք այսպիսիներէն մէկ քանին: –Գագաթնաժողով եւ գագաթաժողով Բառիս արմատը կու գայ գրաբարէն, ուր…