ԱՆԻ՜
Երազներո՜ւ մէջ հիւսուած ճրագարա՛ն,
ո՞ւր է ճրագդ,
այն որ պիտի ջերմացնէր սիրտն
ու հրդեհէր հոգին։
Այսօր եկայ մօտդ,
եկայ ճրագդ որոնելու,
Հազար ու մէկ ճրագ։
Անի՛…Անի՛… Անի՜…
Փլատակ էութեանդ ընդմէջէն
կրկնուող համանուագ,
Անի՛…
Մեր էութիւնն ալ փլատա՛կ,
բայց խաչը քանդակուած ։
«Տէ՜ր ողորմեա՛»,
լո՜ւռ կը լսենք,
«Ազգիս հայոց սէր միութիւն»,
լո՜ւռ կ՛երգենք,
կը լսե՞նք…
Կրկնու՜ող համանուագ։
Ճրագդ, Անի՛, պիտի վառեմ ու
միշտ վառուա՜ծ պիտի պահեմ։
Նոյն պահուն ձայն մը
ողողեց էութիւնս…
– Ո՞վ ես դուն։
– Ես ազգ մըն եմ, որ իր հոգւոյն
պատկերով քեզ կառուցեց։
– Յետո՞յ… լքե՜ց։
– Ո՛չ, չլքեց։
– Ինչո՞ւ պատմութենէն կը փախչիս,
թէ չես լքած, հապա ո՞ւր ես հիմա։
– Եկած եմ մոմ մը վառելու։
– Մոմ եւ ոչ ճրագ։
– Եկած եմ «Տէ՜ր ողորմեա՛» երգելու։
– Բայց ոչ միշտ պատարագելու։
– Եկած եմ քեզ այցելելու։
– Բայց ոչ վերակառուցելու…։
Ձայնն անհետացաւ,
Հայեացքս դէպի արեւելք ուղղուեցաւ,
Ախուրեանն էր,
Անիին աղի Ախուրեանը…
Տէ՜ր, ողորմեա՛,
մեզ ողորմեա՛,
Անին ողորմեա՛։
Արեգակին շողերը օծած էին
Մայր եկեղեցին,
անբացատրելի՜ պերճանք,
Անուշ հով մը փչեց արեւելքէն
Անի՜…Հայաստա՜ն…
Գարուն է դիւթական
վերածաղկեալ Անին՝
Հայաստանի իշխանուհին։
Սեւան Հանէշեան Պետուրեան