Կարօտ /նոր/
Կարօտը իր մարմինը կը յանձնէ,
ինծի է՞ր,
չեմ գիտեր,
գիտեմ միայն, որ իր մարմինը կը յանձնէ,
տեւական է՞ր,
չեմ գիտեր,
գիտեմ միայն, որ իր մարմինը կը յանձնէ:
Ո՞ւր էր,
այժմ կը լռեմ,
արդէն ինքը՝ կարօտը կ’ըսէ՝
-մարմինս ձեզի կը յանձնեմ,
ներեցէք ինծի
վէրքերուն սիրոյն:
Տիգրան Գաբոյեան