Խաղալի՞ք եմ միթէ
Խաղալի՞ք եմ միթէ,
Անզգամ մէկ ի՞ր.
Համոզուած ես որ չե՞մ զգար,
Եւ սիրտս քա՞ր է անկենդանի.
Կը կարծես որ այդքան հեշտ,
Կրնամ մոռնա՞լ ամէն ինչ.
Անտարբերութիւնդ իմ վերջս է,
Եւ ահա կը զգամ ոչինչ:
Ռուբէն Խաժակ
Թորոնթօ, Սեպտեմբեր 2014