ՄՈԽԻՐԷ ԾԱՌ
(Հատուած)
Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ
Լոյսի նման ծննդազօր
ստուերի պէս սերմնապահ
Լոյսի նման միահեծան
ստուերի պէս ինքնակոչ
Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյսի նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ
Լոյսի նման հաւատացեալ
ստուերի պէս դիւրախաբ
Լոյսի նման ինքնուղի
ստուերի պէս հնազանդ
Լոյսի նման ինքնաբաւ
ստուերի պէս մակաբոյծ
Լոյսի նման բազմիմաստ
ստուերի պէս երկդիմի
Լոյսի նման յաւերժական
ստուերի պէս կարճատեւ
Լոյսի նման ստուերահաճ
ստուերի պէս լուսաբաղձ
Մեր երակներուն մէջէն դեռ հողի որքան
հոսանքներ պիտի անցնին որ հասնի Հո՛ղը
Պիտի ցաւին ականջներդ բայց յանցաւոր չեմ
Ձայնէս առաջ խեղդուեցաւ սի՛րտս
Աստուծոյ պէս խօսեր եմ հետդ ամբողջ հոգիով եւ սրտով
դեռ ինչո՞ւ
կեանքիս խորհուրդը կը հարցնես
Երկի՛ր
Ճշմարտութիւնդ աչքերէս մեծ էր երբ ծնայ
Ճշմարտութեանդ հոգին գտայ եւ ոչ թէ մարմինը
Որոնեցի զայն
հասած արձագանգներու թրթռացումին մէջ
նրբամոլ ձեւերու անտառներուն մէջ
գոյեղագոյն կիրքերու խարիսխներուն մէջ
մինչ այդ Անապատին մէջ
մշդտադող անունդ կը շոյէր բեկումիս կնճիռները
ոսկորներս մեծցան փշածաղիկներու նման
Գիտէիր որ ողնայարիդ մէջ կարօտիս ծուծը կ՚ապրի
թող խօսի՜ լռութիւնդ Երկիր
հիմա որ արիւնլուայ՝ հասեր եմ պողպատին
ո՞ւր աքսորեմ լալահառաչ բառերը
Դեռ չեմ գիտեր թէ ո՛ր ջրհեղեղը փարատեցաւ
իր նաւը ձգած լերանս վրայ
ո՛ւր գնաց խռոված ջրհեղեղը
Անտառներս քակուեցան քակուեցա՜ն
ո՞ւր ցրուեցիր արմատներս
Բարկացայ քեզի Աստուծոյ պէս ամբողջ հոգիով եւ սրտով
դեռ ինչո՞ւ
կեանքիս խորհուրդը կը հարցնես
Մեռելները կ՚ապրին մեր շուրջը ծառացած ձեռքերով
անոնք տխուր են մեզի համար
անոնք մեռած կը մնան սխալ պատճառներու համար
անոնք կ՚ուտեն մեր բառերը եւ կու գան գիշերելու
մեր մարմիններուն մէջ
Երկիրս ամէն բան կորսնցուց բացի յիշողութենէն
Մենք բոլորս հսկումի մէջ ենք
գիշերը լարած է իր երկրաբիբ կնճիթը
Էսօր դուման է մեր լեռների վրայ
այսօր փամփուշտ է Անապատին մէջ
հին թնդանօթները բացած են իրեց ենթալեզուն
Ինչու ե՛ս ստիպուեցայ դիմաւորել լեզուին ամենէն տխեղծ
ու տափակ ձեւը
ինչո՛ւ ես պիտի դիտէի տարիներով բեմադրուող եղերախաղը
մոխրակիր դաշտերը եւ աստղերը կարմիր
գիտակցելով որ ամբողջ աշխարհի մէջ
այսքան կարմիր չեն աստղերը
Եւ հիմա՝ աղմուկը դարանակալ ձայներու ոստայնին մէջ
կը թփրտայ
եղկումեղկ լեզուներէն մեղմացած քաղցրագին բարեխառն
Բացէ՛ք վարագոյրները որ տեսնէք այս թունաւոր աղմուկը
անվերջ խաչակնքումները փրկութիւն նկատելով
մինչ տեղի կ՚ունենայ անոր կեանքի՛ ցնցումը
Համր ու անձայն կու գան կուգան ծանրաքայլ
վառօդը՝ իրեց կուղպ բերաններէն արձակուած ճիչ
երբ հոգին կը պարէ եւ մարմինը իր ներքին
գալարումը կը կղպէ
եւ կը բացուին տեսիլները որոնք մեր
մանկութիւնը չարչարեցին
իրար ետեւ շարուած օրերու զարհուրանքը
եւ բառերը անդոհին
պատրանացնոր ու ինքնահար
օտարոտի ներքնայարկերու մէջ հեւընկալ ապաստանած
Համր ու անձայն եկան եկան նահատակի աչքերով
ուր կը շնչէին դարերու փոթորիկները
եկան ոստայնանկեալ մեր պատմութիւնը մատնելու կրակին
Եւ արդարութիւնն էր
արնագոյն կոպերուն ինկած կայծակի շեղբ
ուր թանձրացեալ կատաղութիւնը կը սկսի վառիլ
իրենց սրտի խունկին հետ որ դեռ սրտի չէր վերածուած
Եւ մենք տեսանք ծուխը պալան պալան
խաւարի մէջ արձակուած հռնդիւնը
մենք մեր պապերուն պէս դիակառքեր չտեսանք
դիակները մնացին ասպնջական մայթերուն
վայրենի ցաւ մը իրենց այտամկաններուն
մէկը միւսին անցուցին ծածկագիրը եղելութեան
Նարեկները դուրս քաշելով՝ հողին տակը
ծածուկ թուղթեր պահեցին
Նորընծայ Սարը շարժող ուխտաւորներ
անդուռ անցեալներէ ելած
ուրացուած իրենց իսկ տունէն
հում եւ արնաշաղախ խռովքներով
ամրաբազուկ արձակեցին սլաքները կայծակէ
Ոգեկան որքան ոլորտներէ ետք
աղօտած քաղցրութիւններէն զրկեալ
կեանքի մուտքին իսկ ստեղծուած այս խաւարումին
իրենց արեան հետ յոյսը հոսեցուցին
Երանաբաղձ եւ լուսանցոյց այդ դէմքերը
մումիացած աչքերով այդ դէմքերը ինկած
իրենց արեան շապիկներուն վրայ
ուր կը կպէր յուսափշուր սիրտը ցեղին
կը տեսնէին կը տեսնէին կը տեսնէին
աշնան օր մը յանկարծ ծաղկող ծիրանին
Շապիկները արեան՝ սահմանացիր բերկրապատար
բարձի նման կակուղ եւ բարձի պէս կարծր
Պէտք չունիս բերելու ամոքում աշխարհի սարսափին
երբ մեր սարսափը վերածուած է հեգնանքի
տրտմութիւնը՝ զայրոյթի աղէտը՝ կշիռքի եւ ցաւը՝ ձայնի
Կամուրջներ չկան
մի խուսափիր իրաւին եւ տխուրին հետ ապրելէ
աշխարհի երեսին շպրտէ իր քարոզած
մարդկայնութեան շեղջակոյտերը
երբ չի թողուր որ մեր պողպատէ ձեռքերը
մեր մանուկ ուրախութիւնները շոյեն
Ծնդրադրէ՛ արեան երկրատարած շապիկներուն քով
եւ սորվեցո՛ւր Աստուծոյ
որ այսպէս է
երբ սէրը կեանքէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ
Ոտքի՛ ելիր
մենք շիփշիտակ պիտի նայինք ողբերգութեան աչքին
անահ ահաբեկման լոյսը հեղելով
մեր հոգիին փակ դժոխքէն
Արտաւազդի քով բանտարկուած ձիերը թառանչ կը քաշեն
մեր յուսաբեկման աղջամուղջը փարատի պիտի
կամարներէն եւ աստիճաններէն ոչինչ կը յայտնուի
դե՛րդ է իր պիտի պաշտպանէ քեզի պաշտպանէ՛ դերդ
Զգացական ջրհեղեղներէ դուրս թեւարձակ
ներքայլումդ դէպի հոգիիդ հեղանուտը
ուր թաղած էինք ամէն բան որ կատարեալ էր
այսինքն սեւը ուրկէ կրակը անցած էր
անձուկ զարհուրագին կպչուն
Շողաթոյր երկինքին տակ անշնչացած շապիկներ
մեր հոգիին թանգարաններուն մէջ դնենք
Դատարաններու մէջ մի շարուիք
մտիկ ընելու բռնանուագները
դնենք անոնց սուրբ մատնահետքերը
իրենց տրուած դատավճիռներուն վրայ
որպէսզի մորթերու եւ ոսկիներու քովնտի սակարանէն
պահ մը դուրս գայ արդարութիւնը
եւ շնչահեղձէ բուն ոճրարարները
Մատնահետքեր ուր սառած է արիւնը
եւ զօրութիւնը կ՚ապրի
քսենք զանոնք մարդկայնութեան
կորաքամակ կերպարին եւ փորուած հանուած աչքերուն
պահպանել այդ սուրբ մատնահետքերը
որոնք թիթեռնիկներ չբռնած՝ ինկան Անապատին մէջ
անոր մահաբեր ախորժին մէջ
արշալոյսի միջանցքները փնտռելով
որպէսզի արեւին խիղճը չխաւարի դարձեալ
Ազգի մը հա՛ցն է արդարութիւնը եւ ամբողջ ազգս անօթի է
Եւ հիմա ոչ թէ ողբս է անցամաքելի
այլ՝զայրոյթիս մշտահոսքը
Յոգներ եմ մենամարտէ մեներգներէ խորին
յոգներ եմ քաղցրերգութեան սրբատուփէն արբշիռ
անօգուտ է մաղտել մարմինը աղաղակի
Զոհարեան բարձրահասակ ջրվէժներու ընդդէմ
ձայնիս վերջին վարակն անգամ
որպէս ցցապատնէշ
հաներ եմ որ խրե՛մ
Ճառակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով
պատմութեանս դարահիւս դիմագիծը կը քերծեն
Պատմութիւնս փոշի չէ որ հանգուցեալ ննջէ
Յիշողութի՛ւն է ճանապա՜րհ
Օ ճահուկներ ճարահատ նենգութեան ձեր զրահը
թող ծակծկեմ բարձրագոռ
որ սեղանս պահպանեմ պահեմ ճեղանը ծառիս
Խնկաշունչ չեն աղօթքներս ոչ ալ խորանս՝ խաղաղ
խրտուիլակներ եկեր են շղթայ նետեր արեւին
Աչքերդ բա՜ց Արարատ։
Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի
Այս ցեղերը ձրձիտ՝ ջղջիկներու նման խաւար փչելով
մթագներ են ներկաս Տո՛ւնս քանդել կ՚ուզեն
Իսկ ես կանգնած
ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին
ապաւինած՝ զէնքիս բազմակառոյց թեմին
ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին
Բարի բառեր մի՜սպասէր ինձմէ դարձաւ հոգիս
աղետակիր աղետահար աղետատեաց
Արարա՛տ աչքերդ բաց
Իժալեզու մարդիկ ձգռտալով լկտի
արեանս քամքէն ետք՝ սահմաններուս պլլուած
կ՚ուզեն հաշտութիւն կնքեմ հարեւանավարի
Իժալեզու այրերն այդ՝ Երկրէս ներս թէ դուրս
չեն ուզեր տեսնել թէ իրե՛նց իսկ ստեղծած
տանջարանին գամուած խաչափայտ եմ արդէն
Կը խօսին լուծումիս մասին ոսկի պաղպաղակներ ուտելով
բառէ պղպջակներով կը ծածկեն օրերուս եռքը
Գերեզմաններուս լո՛յսը կը խափանեն հիմա
ժանտասերմերը՝ պերճասոսորդ սողոսկումով
Յենած՝ ժողովրդավարութեան սրբանկարին
սուտ առաջնորդներու ուռած ոտքերուն մէջ
միայն թարախներ կ՚եփին
Փալփլուն սեղաններու շուրջ ծրագրեր են բզկտել
կամքի ցնցուղներս
որոտընդոստ ներբաններս այրել
Ես ո՛ր մէկը մոռնամ ուղարկուած բիւր-բիւր
մարախներէն մաղձի
Թալան աւեր մղձաւանջ տարտղնում ու ահագաղթ
Ողջ աշխարհս պատե՜ր են
Աչքերդ բա՛ց Արարատ
Դեռ քանի՛ դիակ պիտի գլտորի ապագային մէջ
հզօրագոյն սերմերն են որ անձնասպան կ՚ըլլան
ճարճատիւն տարածութեան վրայ՝ անշարժ օրօրոցներ
չկառուցուած սեմեր չմրոտած կաթսաներ
կապարակոծ քերթեր
ծնողներու հառաչանքներ առանց ձայնաւորի
ցաւը համր ու ներաբնակ՝ ինչպէս կեանքը հողին
ինչպէս զաւակի վերադարձի յուսափշրումը
Մեր անցեալի եւ ներկայի աղաղակները
հոգիիդ մէջ դիր եւ դուրս մի հաներ
աղաղակները ձայնապնակ չեն
Այնպէս ընենք որ մեր զաւակները հաւատան մեզի
Էջ-էջ բանանք Անապատի խորհրդատետրը
եւ ցոյց տանք լոյսը անհերքելի անհատնելի
որուն սրսփումէն իրենց սիրտը ճեղքուի՛լ գիտնայ
Ծիրանի՜դ եմ ես
աչքերուդ գոյնը
Ամրահատիկը նուռի
ափիդ ջլապինդ
Մհերի սուրն եմ
տանդ մուտքին կախուած
Արծիւը կրկնատենդ
կրկնանիշ ճամբուդ
Եւ ողկոյզն եմ սեւ
բայց հրացոլուն համը արեւի
Արեան շապիկն եմ
Դեռ մուրազիս չգասած
Վըրէս խորունկ քուն եկաւ Շողեր ջան
Եւ Տըլէ Եամա՜ն
ես երգն եմ Երկրին
պահէ գուրգուրա մինչեւ որ տանիս զիս հետդ
Երկիր
Եւ այս է ա՛յս է միակ գոյութիւնդ ամենակեցոյց
հեղեալ հոգիիդ այսօր եւ վաղը
Առաւօտ լոյսի
Արդար արեգակ
Ամբողջ աշխարհին եւ տանս վրայ իբրեւ լոյս ծագեա՛
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ