ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԱՐԴԿԱՆՑ
Եկէ՜ք մոռնանք՝ ինչո՞ւ հոս ենք,
Գաղտնիքն այդ թող մնայ անթեղուած
Ամպերուն մէջ մառախլապատ։
Եկէ՜ք մոռնանք, որ մահկանացու ենք,
Անբան ամպերուն նման՝
Թափառինք անհոգ, կարծէք անմահ ենք,
Երկրէ երկիր սուրանք, կարծէք անկապանք ենք,
Խնդանք, զուարճանանք, կարծէք մանուկ ենք,
Ու երբ օրը մթնի, չխորհինք թէ սա վերջն է,
Այլ սկիզբը՝ խինդ ու պատրանքի, որ անվերջ է։
Եկէ՜ք չխորհինք ոչ մէկ հարցի մասին,
Հաշուի չնստինք մեր կեանքին հետ,
Ապրինք այնպէս, ինչպէս վարդն է քաղցրաբոյր,
Որ սպասում չունի իր տուածին համար։
Եկէ՜ք մոռնանք, որ աշխարհը կայարան մըն է միայն,
Ու կեանքը՝ սուրացող շոգեկառք մը, պարզապէս։
Եկէ՜ք թառինք մեղուին նման բզզաձայն
Ամէն գեղեցիկ ծաղիկի որ կեա՜նք է հոգեհմայ…
Կեա՜նքը, այդ շուշանն է, որ հիմա կայ, հուսկ ո՜չ,
Մահը՝ բոլորին համար առեղծուած չէ, օ՜հ ոչ։
Եկէ՜ք մոռնանք, որ մենք կա՜նք, հո՜ս, այսօ՜ր,
Հովին ու բախտի քմայքին դառնանք անձնատուր,
Անփոյթ, ճռճռան ճպուռին ո՜վ երանի չի տար…
Միթէ բան փոխուեցա՞ւ աշխարհէն անհոգ,
Նոյն այդ մեղուն, շուշանն այդ՝ սէր չե՞ն հիւսեր միթէ,
Իսկ մենք ինչո՞ւ անդադար կը պատերազմինք,
Կը յօշոտենք, կը դարպասենք զիրար –
Կարծէք մահը խաղ մըն է մեր ճիրաններուն մէջ։
Եկէ՜ք մոռնանք՝ մենք ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք, ո՞ւր կ’երթանք,
Գաղտնիքն այդ թող մնայ անթեղուած։
Եկէ՜ք սկսինք զերօ կէտէն, որ աւարտը ուշանայ,
Գուցէ այն ատեն չզղջանք այս յիմար կատակին,
Գուցէ սթափինք մեր այս զառանցանքէն խելացնոր:
2011