ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ
Թող փարատի թանձր մէգը,
Ցաւի, դաւի սեւ մրուրը,
Խարդաւանքի մառախուղը,
Պիղծ կեղծիքի գորշ մշուշը
Հայ աշխարհէն բազմադարեան,
Ուր մշակը Բանին կենաց
Արարեր է Լոյսը անափ,
Որպէս փարոս, լոյս-ուղեցոյց
Մտքի, սրտի, խիղճի, հոգուոյն,
Զայն զետեղեր Մասսեաց գլխուն
Որպէս պսակ մը անթառամ,
Յաւերժավա՛ռ, յաւերժափա՛յլ:
ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ,
Թող ծագի նոր արշալոյսը
Լուսահեղե՛ղ, վարդահեղե՛ղ,
Թող ողողէ երկինքները,
Երդիքները հայրենական,
Խուժէ բոլոր սիրտերէն ներս
Որպէս ճաճանչ բարուոյն, սիրոյն,
Տեղ չթողու մութին ահեղ
Չարեաց աղբիւր սուտին քսու
Եւ խաւարին հազարանուն:
ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ,
Թող օծէ ան հայուն հոգին
Որ զերթ արծիւ է խոյացեր
Մասսեաց սարի գագաթն ի վեր,
Տառապանքի խոր վիհերէն,
Անդնդախոր բիւր չարքերէն
Սըլացեր է երկինքն ի վեր,
Սաւառներ է միշտ երկնահաս
Բարձունքներուն տենդով արբշիռ,
Լուսահմա՛յ, արեւափա՛ռ,
ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ
Անա՛փ, անծի՛ր, անեզրակա՛ն,
Ու շո՛ղ առ շո՛ղ, ճաճա՛նչ-ճաճա՛նչ
Վանէ մութը, չարն ու կեղծը,
Նենգի, ոխի թոյնն ու ժահրը,
Սիրտէ ի սիրտ ջահավառէ
Սիրոյ մի նոր վառ արեգակ,
Թող գրկէ հայաշխարհը ողջ
Շողերովն իր արեւաթով,
Ծաղի՛կ-ծաղի՛կ սիրտերն բացուին,
Բոյր-թոյրերով արեւածին,
Նոր ցնծութեամբ ողջագուրուին
Վառ շողերովն այգաբացի:
ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ…
Երան Գույումճեան
Նիկոսիա-Կիպրոս
28/1/2022