ԴԻԱԿՍ…
Այս առաւօտ,
դիակս գտան`
գլուխս խոնարհած ստեղնաշարին համակարգիչիս։
Հարուածէն՝ ճակտիս արեան հոսք մը մեղմ
տառերուն անզարդ երանգ էր տուած…
Արիւնս լերդացած…
Դիազննիչը ըսաւ վճռօրէն. մահը առտուայ մութին էր եկեր։
– Սրտի կաթուած է- …
Յետոյ նայեցաւ համակարգիչի պաստառին ճերմակ։
Տառ մը միայնակ, որբի մը նման՝
նստա՞ծ էր, կանգնա՞ծ, թէ լո՜ւռ խոնարհած…
Զարմացած հարցուց. «Այս ի՞նչ լեզու է։»
Ըսին. «Հայերէն։ Չորս հազար տարուայ լեզու մարտնչած։»
«Իսկ ի՞նչ տառ է այս։» Հարցուց ան նորէն։
«Հայերէն ՛Հո՛-ն է», ըսին թոռներս գլուխնին հակած…
«Իր առանձնութեան անհուն պահուն մէջ,
ինչո՞ւ է ընտրած այս տառը ծուռլիկ։
«Անուանատա՞ռն է», հարցուց քննիչը։
«Չենք կարծեր» ըսին գլուխնին կախած իմ բալիկները՝ Կամքն ու Երազը։
«Անուանատառ չէ՛։»
Իրար նայեցան, զաաւակներս տխուր, գլխիկոր, ըսին.
«Իր ներաշխարհի սրբութիւններու արձագանգներու պսակի զարդն է։՝
– Հո-ն Հայաստա՛նն է։
= Մարտնչող Հա՛յն է։
– Հո-ն Հայրենի՛քն է, իր կարմիր Հո՛ղն է։
= Եւ այս բոլորով Հո-ն ապրող, շնչող, իր Հայութի՛ւնն է։»
Մեր հայրը, ըսին.
– «Հո» տառով ծնաւ,
– «Հո»վ ապրեցաւ,
– «Հո»վ մահացաւ…»
Պաստառին վրայ Հո տառր խոնարհ,
Որ գահակալն է սրբութիւններուն մեր գահնամակին,
Խաչուած, պարտասած, բազմիցս հրկիզուած,
Դարերու փոշին վրայէն նետեց,
Յարատեւութեան իր խորհուրդին մէջ հպարտ, անկոտրուն,
Լռիկ ժպտեցաւ…
Հրանդ Մ. Մարգարեան
2021-7-18