Շաքարաման
***
կ’ուզեմ կախուիլ պատշգամի ճաղերէն
թացնալ անձրեւէն
չորնալ հովէն
բայց մարդիկ պիտի այլայլին այս նոր
զարմացական նշանէն
աւելի լաւ է մտնեմ սենեակս
եւ կախուիմ
շարունակականութենէն
***
ես եւ ես փողոց իջանք միասին
ես անհետացայ մերկ – փողոցի վերջաւորութեան
իսկ ես – հագուստներով տուն վերադարձայ
տանս ծաղիկները ջրեցի
***
սէրը երազ էր – մնաց
մենք չմնացինք – իրական էինք
սիրոյ շաքարները մնացին
շաքարամանին մէջ
***
մարգագետինը կապոյտ է
երկինքը կանաչ
երդիքը անգոյն
ծուխը վարդագոյն
եւ կ’ուրախանաս
գոյները փոխած ըլլալուդ համար
***
թռչունները երբ ճռուողեն վիթխարի ծառերուն մէջ
չեն երեւիր
կարծես ծառերը կը ճռուողեն թռչուններուն փոխարէն
քար կը նետեմ ծառին
որ թռչունները թռչին
թռչին որ երեւին
եթէ թռչունները չթռչին
չեն երեւիր
***
ես կորսնցուցի ճամբան
դուն գտար ճամբան
որովհետեւ ուրիշ բան չունէի կորսնցնելիք
որովհետեւ ուրիշ բան չունէիր գտնելիք
որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է
որովհետեւ ամէն ինչ ճամբորդութիւն է
***
գիտնալու համար զիս
պիտի փորես հողը մինչեւ արմատներս
եւ պիտի տեսնես թէ
ճիւղերս ու արմատներս գրեթէ նոյն տեսքը ունին
բայց չունին նոյն ձգտումները
ճիւղերս կը ձգտին դէպի երկինք
արմատներս դէպի խորերը հողին
իսկ այն հորիզոնական գիծը
որ կը բաժնէ հողը երկինքէն
ոչ մէկ ձգտում ունի
***
բոլորն ալ նոյն հարցումը կը հարցնէին
թէ ինչու կը հալէր սառցակոյտը
մոռցած էին – թէ անոնք
դպչած էին սառցակոյտին
***
եղած բաները այնքան պարզ են եւ յստակ – որ
չեղած բաները աւելի կարեւոր կը թուին հիմա
այնքան պարզ են եւ յստակ
արեւին լոյսը – թթուածինը – անձրեւները – կողովիս մէջ հաւաքուած մանկոները
բայց
չեղած բաները աւելի կարեւոր կը թուին հիմա
փոխ յատուցումը
***
հեռացուր փոշին իրերէդ
եւ նստիր բազկաթոռիդ
վայելելու համար փայլքը իրերուդ
Իրիկուայ թէյիդ հետ
մի մտահոգուիր
երբ փոշին նստի իրերուդ վրայ
երբեք չի դառնար մաս մը իրերէդ
***
հանրակառքը կուգայ կ’երթայ
իսկ ես տակաւին կեցած կանգառին
կը սպասեմ
կը սպասեմ
կը սպասեմ
կը սպասեմ ես ինծի
Արա Ճուհարեան