ՆՈՅՆԸ
աւազի բլուրներէն ծուխեր կու գան ճերմակ
կը ծածկեն հետքերը բլուրներու
տեղաշարժ ու ջնջումը տեղաշարժին
երբեմն
քուրջեր կը յայտնուին աղի մազի խոպոպներ եւ դեռ
խաւերը քաղաքի աղբին
մեռել մը որ կը մնայ հոն անթաղ
աննեխելի
ու զմռսուած
կը դիտես
պիտի չկրնաս նայիլ անոր դէմքին
թերեւս նմանիք իրարու
թերեւս անկրելին
օ վայր բերնին մէջ ձայնին ահաւորութեան
ուր արեւը խրեցաւ ծագումին
օ վայր սկզբնական եւ ան–
յօդելի
բայց չյիշել
ոչինչ որ ըլլար յիշելի
եղանք մոռացումը աշխարհին
թերեւս նոյն բլուրները կու գան նախկին անխօս աւազներէն
Գր. Պըլտեան, ՎԱՅՐԵՐ, Փարիզ 1983