Ի՞նչն է գաղտնիքն…
Ի՞նչն է գաղտնիքն այս Հալէպին,
Զարմացուցեր է աշխարհին,
Գորշ օրերուն արհաւիրքի,
Կ’արժանանայ դեռ հմայքի:
Ի՞նչն է գաղտնիքն ամրոցին մեր,
Ո՛չ երկնահաս շքեղ շէնքեր,
Ոչ ալ՝ պէս–պէս արդի վայրեր,
Այլ՝ հնութիւն, հիւրընկալ սէր:
Ի՞նչն է գաղտնիքն տաքուկ սիրոյն,
Կը թափանցէ խորը հոգւոյն,
Կը կլանէ միտքը իսկոյն,
Կը պարուրէ սիրտն զգայուն:
Ի՞նչն է գաղտնիքն հպարտ հողին,
Տուն կը կանչէ իր պանդուխտին,
Որ վայելելով բարիքն այլին,
Ան կը հիւսէ՜ փառքն Հալէպին:
Ի՞նչն է գաղտնիքն իր այդ օդին,
Թէպէտ սեւ մուխ ու ծուխ հոտի,
Կը յայտնուի զուլալ ոգին,
Ուր կը խայտան կեանքն ու հոգին:
Ի՞նչն է գաղտնիքն ջրին համով,
Հայաստանի գետին բոյրով,
Երբ որ ըմպես դառնաս գինով,
Չես յագենար օտար ջրով:
Ի՞նչն է գաղտնիքն հալէպցիին,
Կ’ըսեն կառչած է անցեալին,
Կ’ապաւինի իր բնազդին
Ու մարդկային գութ գորովին:
Ի՞նչն է գաղտնիքն մայր գաղութին,
Պահապանը մշակոյթին,
Դէմ յանդիման լուրջ վտանգին՝
Թափը կու տայ նոր զարթօնքին:
Ի՞նչն է գաղտնիքն հայ համայնքին,
Համբերանքին, տոկուն կամքին,
Յոյսեր տածած նոր գալիքին,
Կը հաւատայ միշտ հրաշքին:
Թամար Գասպարեան Արսլանեան
Գանձասար
Մարտ դ. 2014