Արեւմտահայ Գրագէտներ նորատիպ օրացոյցի մը 12 էջերը
Գրասեղանիս վրայ կայ նոր լոյս տեսած գեղատիպ օրացոյց մը. «Արեւմտահայ Գրագէտներ.
2024-ի օրացոյց՝ դիմանկարներով եւ գրելու մասին խոհերով»:
Այսպէս է խորագրուած ան: Առաջին հայեացքով անոր 12 փայլուն էջերը զիս փոխադրեցին Պոլիս, երեք-չորս տասնամեակ մը ետ, երբ քաղաքս ալ ունէր հայկական նիւթերով օրացոյցեր հրատարակելու գեղեցիկ աւանդոյթը: Այժմ պոլսահայերը կը բաւարարուին սեղանի օրացոյցով մը: Այդ փոքրադիր օրացոյցի շնորհիւ է որ համաքաղաքացիներս գիտեն, թէ ե՛րբ են ազգային եւ կրօնական տօները: Իսկ հիմա, ահա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս կը տեսնէ մէկ այլ օգտաշատ օրացոյց մը, պատի պատկերազարդ օրացոյց, որ ունի խիստ հայկական շունչ եւ կարծես, թէ եկած է կարեւոր բաց մը գոցելու: Երբ կը պատրաստուիմ զայն քիչ վերջ դասարանիս պատին վրայ կախելու, փափաքեցայ ներկայացնել անոր բարեմասնութիւնները եւ ներածութիւնը:
Օրացոյցը կը ներկայացնէ 12 հայ գրագիտուհի:
Պատրաստուած է երեք տաղանդաշատ հայուհիներու կողմէ. Առաջինը Մարալ Ագթոքմաքեանն է, պոլսահայ գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր: Երկրորդը ամերիկահայ հետազօտող եւ թարգմանիչ Թամար Մարի Պօյաճեանն է, որ կը մասնագիտանայ միջնադարեան գրականութեան մէջ, ան ստորագրած է նաեւ ինքնատիպ բանաստեղծութիւններ: Երրորդը դարձեալ ամերիկահայ, Արփի հրատարակչատան հիմնադիր, գեղանկարիչ Արփի Գրիգորեանն է: Ա. Գրիգորեանն է, որ գծագրած է օրացոյցի մէջ յիշուած գրագիտուհիներու ոճաւորուած դիմանկարները:
Օրացոյցի կողքի մէջ խմբագրուհիները բացատրած են, թէ այս օրացոյցը ինչո՛ւ պատրաստեցին. «Այս օրացոյցը նուիրուած է Հայ գրողներուն, որոնք կին էին եւ ճիշդ այս պատճառաւ՝ գրական ասպարէզին մէջ, կա՛մ միայն պահ մը երեւան եկան, կա՛մ ալ հազիւ իրենց անունը ձգելէն անմիջապէս վերջ անհետացան մեր յիշողութենէն…
2024-ին իւրաքանչիւր ամիսը գրողով մը կը ներկայացնենք հայկական եւ համայն աշխարհին, մաղթելով ստեղծել հոգատար ուշադրութիւն եւ արդէն յապաղած հետաքրքրութիւն մը մեր ինքնութեան ու յիշողութեան մէջ»:
Եւ, ապա օրացոյցի 12 էջերը.
Յունուար
Սահակդուխտ (7րդ-8րդ դար)
Երաժիշտ-բանաստեղծ Սահակադուխտը կը ներկայանայ գեղեցիկ դիմանկարով մը: Ան հագած է մանիշակագոյն տարազ եւ պսակուած է մշտադալար դափնիով մը: Գառնիի ձորի մէջ կուսական կեանք վարած այս հայուհին հմտացած էր երաժտութեան եւ բանաստեղծութեան մէջ, ունէր աշակերտներ, կ՛ուսուցանէր վարագոյրի ետեւ նստած: Հոգեւոր երգեր, կցուրդներ եւ «քաղցրաեղանակ» մեղեդիներ յօրինած Սահակիդուխտը օրացոյցի վրայ կը ներկայանայ մեզի ծանօթ իր միակ ստեղծագործութեամբ՝ Աստուածամօր ձօնուած երգի առաջին քառեակով.
Սրբուհի Մարիամ, անապական տաճար
Եւ կենսատու էութեան ծնող եւ մայր.
Օրհնեալ ես դու կանանց մէջ,
Բերկրեալ տիրամայր եւ կոյս:
Փետրուար
Սրբուհի Տիսւաբ (1840, Պոլիս – 1901, Պոլիս)
Գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, հասարակական-մանկավարժական գործիչ, հայ առաջին վիպասանուհի Ս. Տիւսաբը (ծնեալ՝ Վահանեան) հեղինակն էր երեք վիպակներու. «Մայտա», «Սիրանոյշ» եւ «Արաքսիա կամ Վարժուհին»: Նոր լեզուի՝ աշխարհաբարի պաշտպանութեամբ հանդէս եկած Տիւսաբը լոյս ընծայած էր կանանց հարցերու նուիրուած շարք մը յօդուածներ, ինչպէս՝ «Կանանց դաստիարակութիւնը», «Քանի մը խօսք կանանց անգործութեան մասին», «Կանանց աշխատութեան սկիզբը»: Տիւսաբը բողոքած էր կանանց անազատ վիճակի դէմ, պահանջած էր ուսումի եւ աշխատանքի իրավունքը։ Այս գաղափարախօսութեան ցայտուն արտայայտութիւնն է «Մայտա» վէպը:
Գրագիտուհին օրացոյցի իր էջի վրայ կը ներկայանայ սոյն վէպէն առնուած մէջբերումով մը.
Դուն, Մայտա, կը գանգատիս ընկերութեան անիրաւութենէն. բայց ի՞նչ փոյթ քեզ երբ սիրտ մ‘ունիս սիրելու համար, միտք՝ խորհելու, կամք՝ գործելու. ազատ ես, գործէ, եւ ով որ ազատ է եւ կը գործէ, կարեկցութեան տեղի չի տար։ Դո՛ւն տէր ես գործոցդ եւ բախտիդ. անձնուիրութիւն մ‘ես արդ եւ ոչ թէ շուք, ձայն մ‘ես եւ ոչ արձագանք. արշալոյսն ես որ օրն կ‘աւետէ. ո՛չ, ափսոսալի չես»:
Մարտ
Զապէլ Ասատուր, (1863, Պոլիս – 1934, Պոլիս)
Զ. Ասատուրը բոլորիս յայտնի է իր գրագէտ ամուսնոյն՝ Հրանդ Ասատուրի աշխատակցութեամբ հրատարակած հայերէն քերականութեան եւ ընթերցանութեան դասագրքերու շարքով, որ կը կոչուէր «Թանգարան»: (Այս յօդուածի գրողն ալ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի մէջ հայկական գրականութեան ծանօթացած է «Թանգարան»ներ կարդալով): Պոլսոյ հայ դպրոցներու, մասնաւորաբար Եսայեան վարժարանի (18 տարի) հայերէն լեզուի թանկագին ուսուցչուհի Զ. Ասատուրը օրացոյցի վրայ հանդէս կու գայ «Հայ լեզուին» քերթուածով.
Դո՛ւն առաջին վանկ շրթունքիս, առաջին վանկ իմ հոգւոյս,
Նախկի՛ն հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս, իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՛կ լեզուս, ողջո՜յն քեզ:
Ապրիլ
Զապէլ Եսայեան (1878, Պոլիս – 1943
Սիպերիա)
Ազգային-հասարակական գործիչ, ըստ Արշակ
Չօպանեանի՝ «հայոց մեծագոյն գրագիտուհի» Զապէլ Եսայեանը, որ իր ամբողջ կեանքի մէջ, մինչեւ Պաքուի բանտի մէջ գրած նամակները, եղաւ տոկուն եւ ցոյց տուաւ խիզախ կեցուածք: Ան օրացոյցի մէջ կը ներկայանայ բոցաշունչ խօսքերով.
«Ես պիտի հետապնդեմ իմ երազս ամէն ճանապարհներու վրայ եւ հոգիս պիտի ստանայ իր ազատութիւնը։ Կ՚ուզեմ իմ յոյսս եւ հաւատքս ներշնչել ամենուն, առատաձեռն սերմանել ամենուրեք, կ՚ուզեմ ըսել ոչ թէ աքսորի ընկերներ, այլ դառնանք պայքարի ընկերներ ու միասին փնտռենք ներշնչման մաքուր եւ հարազատ աղբիւրները»
Մայիս
Հերանոյշ Արշակեան (1887, Պոլիս – 1905, Պոլիս)
Վաղամեռիկ բանաստեղծուհի, որուն թախծութեամբ լի քերթուածները տեղ գտած էին մեր դասագիրքերու մէջ: Անոր գրական վաստակը ամփոփուած կը յաւերժանայ՝ 1909ին Պոլսոյ եւ 1956ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած ժողովածուներու դալկահար էջերու մէջ: Երիտասարդուհի Արշակեանը օրացոյցի վրայ յիշուած է յուզիչ քերթուածով մը.
Չեմ կրնար գանգատիլ
Ո՜հ, հառաչ մը մինակ
Դուրս հանել ծաղկատի
Չոր կուրծքէս աւերակ:
…
Օր մ՛ալ կը կորսուիմ,
Անանո՜ւն, անքերթուած:
Յունիս
Մալվինէ Վալիտէեան (ա.տ, ա.թ)
Կենսագրական տուեալները կը բացակային
Մալվինէ Վալիտէեանի: Ան ընթերցողին ծանօթ է քնարական բանաստեղծութիւններու իր ժողովածուով՝ «Հոգիիս երգերը» (1935, Պոլիս): Օրացոյցի մէջ բանաստեղծուհին կը ներկայանայ հետեւեալ խօսքով.
Եթէ երբեք չես լացած,
Եթէ երգդ արցունքներով,
Գալարումով չես շինած,
Բանաստեղծ, լռէ՛:
Յուլիս
Նեւրիկ Սեպուհեան (ա.տ, ա.թ.)
«Ամուսնական յարկին երջանկութիւնը» գործի հեղինակ Նեվրիկ Սեպուհեանը օրացոյցի մէջ հանդէս կու գայ զօրաւոր կնոջ իր պատկերացումով. «Խորհող կինը, այո՛, միմիայն զայն կը պաշտեմ ես, իմաստուն, Անահիտեան իր դիցական գեղին մէջ, վասնզի, իրաւա՛մբ, տարբեր գեղեցիկն է ան իր նմաններէն, եւ անոր ուժեղ ձայնը պիտի երթայ հնչել մինչեւ ապագան»,
1937:
Օգոստոս
Ատրինէ Տատրեան (1913/1915, Չորում – 2002, Նիս)
Սիպիլի աշակերտուհի, Վիեննայի եւ Պերլինի համալսարաներու ուսանողուհի, Պոլսոյ Արամեան-Ունճեան վարժարանի ուսուցչուհի Ատրինէ Տատրեանը «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսի հրատարակիչներէն մէկն էր: Ան հեղինակն էր բազմաթիւ պատմուածքներու, քերթուածներու, հէքեաթներու, վէպերու, ինչպէս նաեւ՝ մանկական թատերախաղերու եւ դասագիրքերու: Ա. Տատրեանը օրացոյցի մէջ կարծես, թէ կը խօսի իր նկարագրի մասին. «Կը կարդամ, կը գրեմ… Կը սիրեմ առանձնութիւնը»,
Մայթերուն վրայ, 1955:
Սեպտեմբեր
Իրմա Աճէմեան (1936, Պոլիս – 1990, Փարիզ)
Էսաեան Վարժարանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ համալսարանի մանկավարժական եւ հոգեբանական ճիւղերու ուսանող, ապա օրուան թերթերուն, յատկապէս «Մարմարա» օրաթերթի աշխատակից, ուսուցչուհի, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Իրմա Աճէմեանը օրացոյցի մէջ յիշուած է 1971ին գրի առած «Տալ Միայն» բանաստեղծութեամբ.
Տալ տալ միայն, գրել, պատռել էջերը
…
Լերան ծոցէն ամպին իշխել, չընկրկիլ,
Լեցուիլ սիրով, նուիրումով սրբանալ
Տալ տալ երկար, գրել, պատռել էջերը
Հոկտեմբեր
Վեհանոյշ Թէքէեան (1948, Պէյրութ)
Լիբանանահայ, այժմ Ամերիկաբնակ Վ.
Թէքէեանը բանաստեղծ է եւ արձակագիր։ Ան թղթակիցն էր «Գարուն», «Սովետական գրականութիւն», եւ սփիւռքի շարք մը պարբերականներու, աշխատակցած է Բեյրութի «Սփիւռք» եւ «Բագին» հանդէսներուն, հայկական վարժարաններու մէջ դասաւանդած է լեզու եւ գրականութիւն: Օրացոյցի մէջ ան ունի լակոնիկ ոճով արտայայտուած, ինքնատիպ եւ խոր միտք մը. «Շնորհակալ եմ որ զգուշացուցիր թէ հայրենիքը Սփիւռքահայ գրողի մը հոգիին լոյսով եւ մութով օծուն էջերուն հրուանդանն է»:
Նոյեմբեր
Մարուշ Երամեան (1955, Հալէպ)
«Ուրուագիծ Սփիւռքահայ Բանաստեղծութեան
1965-1995» գրական-ուսումնասիրական աշխատութեան, ինչպէս նաեւ թերթողական վեց գրքոյկներու եւ պատմուածքներու երկու հատորներու հեղինակ, «Բանաստեղծութիւն» պարբերագիրքի, «Մաշտոց» մատենաշարի խմբագիր Մարուշի բանաստեղծութիւնները նորաբոյր են եւ արդիական: Վահէ Օշականը ակնարկելով Մ. Երամեանի գրականութիւնը, ըսած է. «Թարմ հով մը կը փչէ Սուրիոյ աւազներուն վրայէն…»: Երամեանը օրացոյցի մէջ կը ներկայանայ որպէս արդիական բանաստեղծուհի.
… Բառը լռեց.
Ինչ որ եղած է
կը շարունակէ շքեղութեան մը մէջ անտես
անգուշակելի
եւ կ՛ըլլանք-ի վերջոյ-մէկ միասին
բառին հետ
որուն էինք սկիզբէն
Դեկտեմբեր
Թամար Մարի Պօյաճեան (1981, Մաունթըն Վիու)
Օրացոյցի վերջին էջի վրայ ներկայացուած է օրացոյցի խմբագիրներէն Թամար Մ. Պօյաճեանը: Ամերիկահայ այս արձակագիր եւ բանաստեղծի հետաքրքրութեան նիւթերն են հայկական ապագայապաշտութիւնը եւ արեւմտահայերէնի տեղը անոր մէջ, վտանգուած լեզուներ, թարգմանական հարցեր, ինչպէս նաեւ հայկական միջնադարեան գրականութիւնը:
Դեկտեմբերի էջը ան պսակած է կանանց նուիրուած ինքնատիպ միտքով մը. «Եւ այսօր պիտի այս կիներուն մասին կարդայ: Որ գիրքերուն մէջ չեն գրուած: … Եւ պիտի գրէ միշտ խորհելով որ ո՞վ է գրողը: Եւ պիտի գրէ խորհելով որ ինչո՞ւ կը գրէ»:
«Արեւմտահայ գրագէտներ» օրացոյցը իր իւրայատուկ միտքով, գեղագիտական ճաշակով, ինչպէս նաեւ 12 էջերը զարդարող գեղանկարներով թանկագին նուէր մըն է հայ կիներու եւ հայկական գրականութեան համար: Կասկած չունինք, թէ ան 2024ին պիտի զարդարէ հայկական բազմաթիւ տուներու, հաստատութիւններու ինչպէս նաեւ դասարաններու պատերը:
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ