Բառերու Գանձարանին Մէջ (4) – «Հօ» Եւ «Յի», Յիսուս Եւ Հիւսիս, Հաւանիլ Ու Յաւակնիլ
«Հօ» եւ «յի»։ Մասամբ նմանաձայն երկու տառեր՝ մեր այբուբենին մէջ։ Ես պիտի համարձակիմ ըսել՝ երկու վտանգաւոր լարուած թակարդներ, որոնց հանգոյցին մէջ կը գլտորին-կ’իյնան ո՛չ միայն մեր դպրոցական ամէն հասակի աշակերտները, այլեւ՝ գրեթէ ամէն հայորդի, որ ձանձրոյթը յանձն կ’առնէ իր մայրենիով քանի մը տող գրելու…։
Այսինչ կամ այնինչ բառը «հօ»ո՞վ գրել, թէ՞ «յի»ով։ Այս շփոթն ու երկմտանքը մեղադրելի չէ բնաւ, որովհետեւ մարդ իսկապէս կ’անճրկի բառասկիզբի «H» հնչիւնին դիմաց՝ եթէ հմտացած ու խորացած չէ հայերէնի քերականութեան ու բառակազմութեան մէջ։
Ահա՛ «հօ»ով սկսող փունջ մը բառեր.
-Հակառակ, հաղորդել, հաճոյք, հանգոյց, հակիրճ, հապճեպ, հաջել, հարիւր, հաւատք, հեղեղ, հեգել, հեգնել, հետամուտ, հիանալի, հինգ, հիմնել, հիւլէ, հոգալ, հորթ, հունձք, հսկել, հրաւէր, հրճուիլ…։
Եւ ահա՛ «յի»ով սկսող փունջ մը.
-Յագենալ, յախճապակի, յաղթել, յաճախել, յամառ, յամենալ, յայտագիր, յայտնել, յանդիմանել, յանկարծ, յանձնել, յանցանք, յաջողիլ, յաջորդ, յառաջանալ, յատուկ, յարաբերիլ, յարատեւել, յարգել, յարձակիլ, յարմար, յաւելեալ, յափշտակել, յեղափոխութիւն, յետամնաց, յետոյ, յիշատակ, յիսուն, յոգնութիւն, յորդորել, յուզուիլ, յոյս, յօդացաւ, յօժար, յօնք, յօրանջել, յօրինել…։
Ինչպէ՞ս բառնալ այս դժուարութիւնը։ Կա՞ն օրէնքներ, որոնց հետեւելով՝ նուազագոյնի կրնանք իջեցնել հ-յ շփոթը։
Ինծի կը թուի թէ բուն շփոթը «յի»ով սկսող բառերուն կը վերաբերի։ Հայ աշակերտը (կամ հայ մարդը առհասարակ) հակամէտ է H հնչիւնով արտասանուող բառերը մեծաւ մասամբ «հօ»ով գրելու։ «Յի»ն շարունակ կը մնայ կասկածելի գիր մը, շատերու համար՝ ընդհանրապէս անգոյ, աննշմար։ Մեր վարժարաններու երկրորդական բարձրագոյն կարգերուն մէջ ես յաճախ կը հանդիպիմ Քրիստոսի անունը սխալ՝ «Հիսուս» ձեւով, գրող աշակերտներու, հակառակ որ այդ նոյն աշակերտները տասը տարիէ իվեր հայկական դպրոց կը յաճախեն ու տասը տարիէ՝ կրօնի տասը տարբեր դասագիրքեր ունեցեր են իրենց տրամադրութեան տակ…։ Այդ դասագիրքերուն մէջ Յիսուսի անունը գրեթէ ամէն էջի վրայ դրոշմուած է, սակայն բառին ուղղագրութիւնը չէ՛ իւրացուած շատ-շատերու կողմէ։
Դժուարութի՞ւնը անյաղթահարելի է, թէ՞ շարունակական անտարբերութիւն ու անտեսում մը խնդրոյ առարկայ է։
Գրեթէ ո՛չ ոք սխալ կը գրէ հաւատք, հսկել կամ հիմնել բառերը, բայց ամէ՛ն ոք…սխալ կը գրէ յանձնելը, յաւելեալը կամ յուղարկաւորը (պատահական օրինակներ են)։ Արեւելահայ մեր եղբայրները, սովետական շրջանին (1922), պետական հրահանգով «փրկուեցան» բառասկիզբի «յի»էն ամբողջովին ու զայն փոխարինեցին «հօ»ով։ Սկսան գրել հանձնել, հաւելեալ կամ հուղարկաւոր (աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ վերջին երկուքը աբեղեանական ուղղագրական նոր համակարգի բերումով կը գրուին «հավելյալ» եւ «հուղարկավոր» ձեւով…)։
Ինչպէս կը տեսնուի, հայերէն բառերու արտաքին պատկերնե՛րն անգամ աղաւաղուեցան, անճոռնի դարձան, որովհետեւ փոփոխութիւնը միայն բառասկիզբի «յի»ին չէր վերաբերեր։ Բառամէջի «օ»երն ու «է»երն ալ վերացան, երկբարբառները (եա, եօ, ոյ, իւ…) ջնջուեցան, կարծելով թօթափել մե՜ծ բեռ մը։ Սակայն այս յեղափոխութիւնը արեւելահայ մեր զանգուածները նետեց խրամատի մը մէջ.- անոնք կորսնցուցին այդ բառերուն ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ եւ զանոնք ՍՏՈՒԳԱԲԱՆԵԼՈՒ այնքան էական տուեալները…։ Զորօրինակ, հայաստանցի ուսանողը եթէ փորձէ ստուգաբանել սա «հաւելյալ»ը, արդեօք բառարանին մէջ «հաւ» եւ «հաւնոց» բառերո՞ւն պիտի դիմէ…։ Մինչդեռ դասական ուղղագրութեամբ՝ «յաւելեալ»ին կազմութիւնը արեւու նման յստակ է.- բառասկիզբի «յի»ն գրաբարէն եկած նախդիր է, իսկ բառին արմատը «աւելի» ածականը կամ «աւելնալ» բայն է։ «Յաւելեալ» կը նշանակէ աւելցած, լրացուցիչ։ «Բանուորները վարձատրուեցան իրենց յաւելեալ աշխատանքին համար»։
Մալխասեան բառարանը «յի»ով սկսող բառերուն յատկացուցեր է 43 էջ։ Ատոր դիմաց՝ «հօ» գիրով սկսող բառերը գրաւեր են 148 էջ։ Տարբերութիւնը շատ մեծ է ու կը հաստատէ «հօ»ին գերակշռութիւնը «յի»ին վրայ։ Այնուհանդերձ, ուղղագրական սխալագրութեանց «ամբաստանեալ»ը մի՛շտ «յի»ն է…։
Եկէ՛ք յիշենք «յի»ին գործածութեան դաշտերը։ Անոնք երեք են.
ա) Բառերուն սկիզբը, միշտ «հը» ձայնով (փունջ մը օրինակներ տուինք վերը)։
բ) Բառերուն մէջը, միշտ «եը» ձայնով։ Օրինակ՝ կայարան, գոյն, սակայն, այգի, եղբայր։ Անշուշտ պէտք է զատորոշել ածանցեալ կամ բարդ այն բառերը, որոնց երկրորդ մասը «յի»ով բառ մըն է.- երկյարկանի, անյայտ, բարեյիշատակ, սալայատակ…։ Ասոնց մէջ կը պահուի «հը» ձայնը։
գ) Բառերուն վերջը, անձայն ու համր վիճակով։ Օրինակ՝ վկայ, քահանայ, ապագայ, հաւաքածոյ, երեկոյ, քաղցրաբարոյ, յետոյ։ Յատուկ է պարագան միավանկ բառերուն, որոնց վերջը հանդիպող «յի»ն կ’ունենայ «եը» ձայնը, ինչպէս՝ հայ, բայ, խոյ, թէյ…։
Բառասկիզբի «յի»ն ճանչնալու առնչութեամբ՝ մեր քերականագէտները շօշափելի օժանդակութիւն մը չեն կրնար տալ մեզի, դժբախտաբար։ Յակոբ Չոլաքեան իր «Հայերէնի աւանդական ուղղագրութիւն» գրքոյկին մէջ (Հալէպ, 2000) կը շեշտէ որ հ-յ շփոթը վերացնելու համար «բառերուն մեծ մասը պէտք է սերտողութեամբ իւրացնել»։ Նոյն գաղափարը կը կրկնէ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան եւս՝ իր «Արեւմտահայ գրական լեզուի ուսումնական ձեռնարկ»ին մէջ (Երեւան, 2009), ցուցակագրելով «յի»ով սկսող 150 բառեր ու թելադրելով որ զանոնք ՄՏԱՊԱՀԵՆՔ…
Յամենայն դէպս, կրնանք գոնէ երեք բանալիներ տրամադրել՝ «յի»ի գաղտնի դռները բանալու համար.
ա) Բացարձակ օրէնք է՝ որ «ղ» գիրէն առաջ մի՛շտ «յի» կը դրուի, այլ ո՛չ թէ «հօ»։ Օրինակ՝ յղի, յղել, յղկել, յղփանալ…։ Միւս բոլոր բաղաձայններէն առաջ «հօ» կու գայ, բացի «յստակ» բառէն։
բ) Օտար լեզուներու մէջ J-ով սկսող յատուկ անուններն ու հասարակ բառերը երբ հայերէնի կը տառադարձուին՝ «յի»ով կը գրուին։ Օրինակ՝ Յիսուս-Jesus, Յակոբ-Jacob, Յովսէփ-Joseph, Յովհաննէս-John, Յորդանան-Jordan, յասմիկ-jasmine, յոբելեան-jubilee, Յունուար-January, Յուլիս-July…։
գ) Հայ մարդը (կամ աշակերտը) եթէ քիչ մը վարժութիւն ձեռք բերէ բառերը ճանչնալու իրենց արմատներո՛ւն մէջ՝ հետզհետէ դիւրաւ պիտի կռահէ, որ բազմաթիւ բառերու սկիզբը «յի»ն ԱԾԱՆՑ Է։ Օրինակ՝ յափշտակել (ափ բառէն), յարձակիլ (արձակ բառէն), յօրինել (օրէնք բառէն), յարգել (արգ արմատէն, յիշել՝ մեծարգոյ բառը), յուղարկաւորութիւն (ուղարկել բառէն), յուշամատեան (ուշ՝ միտք բառէն) եւ այլն։ Այս կալուածին մէջ եթէ քիչ մը խորանաք, կը վստահեցնեմ ձեզ՝ որ շատ հետաքրքրական հորիզոններ պիտի բացուին ձեր առջեւ։
*
Հիմա ալ արագ պտոյտ մը ընենք վերնագրիս մէջ երեւցած քանի մը բառերուն շուրջ։
«Յիսուս»ը բացատրութեան չի կարօտիր, մանաւանդ որ անոր ուղղագրութեան պատճառաբանեալ բացատրութիւնը տուինք արդէն։ Բայց «հիւսիս»ը, որ քիչ մը դժուարահունչ բառ է եւ այդ պատճառով ալ շատեր սխալ կը գրեն զայն, արժանի է փոքր ակնարկի մը։
ՀԻՒՍԻՍ։ Հորիզոնի չորս գլխաւոր կողմերէն մէկն է անիկա։ Արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ։ Անպայման գիտէք, որ հիւսիսէն փչող քամիները ցրտաշունչ կ’ըլլան…։ Բառարանս «հիւսիս»ով կազմուած քանի մը բարդ ու ածանցաւոր բառեր ալ շարայարեր է։ Ասոնցմէ մին «հիւսիսափայլ»ն է, որուն բացատրութիւնը տրուած է սա՛պէս.«Գեղեցիկ լուսեղէն երեւոյթ, որ երբեմն կը նկատուի հիւսիսային բեւեռի կողմէն՝ բազմատեսակ ձեւերով ու գոյներով եւ կը տարածուի շատ հեռուները»։ Օդերեւութաբանական կամ տիեզերագիտական երեւոյթ մըն է, ուրեմն։
Հիւսիսափայլը անմիջապէս զիս մտովին կը տանի…Մոսկուա, ուր 1858-64, արեւելահայ փայլուն եւ լուսամիտ մտաւորական մը՝ Ստեփանոս Նազարեանց, հրատարակեց նոյն անունով ուշագրաւ պարբերական մը՝ «Հիւսիսափայլ» ամսագիրը։ Իր գլխաւոր աշխատակիցներէն մին ազատատենչ բանաստեղծ Միքայէլ Նալբանդեանն էր, որուն հրապարակախօսական եւ արձակ ծաւալուն գրութիւնները հո՛ս տպուեցան շարունակ, լայն արձագանգ գտնելով։ «Հիւսիսափայլ» դարձաւ աշխարհաբարի կողմնակից արեւելահայ յառաջապահ մտաւորականներու առաջին ժամադրավայրն ու գաղափարական դարբնոցը, որուն կը հակադրուէին նոյն շրջանին Մոսկուա կամ Թիֆլիս լոյս տեսնող երեք պահպանողական թերթեր՝ «Ճռաքաղ», «Մեղու Հայաստանի» եւ «Կռունկ Հայոց Աշխարհի»։
Հիւսիսը, կամ ընդհանրապէս՝ հորիզոնի չորս կողմերուն յիշատակութիւնը, իմ մտքին մէջ անպայման կ’արթնցնէ Հայց. Եկեղեցւոյ զմայլելի մէկ արարողութեան պատկերը։ Այդ արարողութիւնը կը կոչուի Անդաստան։ Մեր եկեղեցիները Խաչվերացի տօնին եւ այլ առիթներով՝ շատ հանդիսաւոր արարողակարգով մը Անդաստանի օրհնութիւն կը կատարեն, այսինքն՝ հոգեւորականներ ու դպիրներ խաչեր, խաչվառներ ու մոմեր բռնած կը կանգնին ատեանին մէջ ու կ’օրհնեն երկրին չորս կողմերը, «յարեւելից եւ յարեւմուտս, ի հիւսիսոյ եւ ի հարաւոյ»։ Տեսակ մը «աշխարհօրհնէք»՝ Պոլսոյ Շնորհք պատրիարքին բնորոշումով։ Արեւելքը օրհնուած ատեն՝ կ’օրհնուի Հայոց Հանրապետութիւնը, արեւմուտքը օրհնուած ատեն՝ կ’օրհնուին քրիստոնեայ ազգերն ու թագաւորութիւնները, հարաւը կ’օրհնուի՝ իբրեւ խորհրդանիշ արգասաբեր ու պտղաշատ արտերու, իսկ հիւսիսը կ’օրհնուի՝ վանքերը, մենաստանները, քաղաքներն ու գիւղերը նկատի առնելով։ Մեր մեծ նահատակը՝ Դանիէլ Վարուժան, իր ամէնէն գեղեցիկ բանաստեղծութիւններէն մէկը կոչած էր «Անդաստան», հաւանաբար ներշնչուելով եկեղեցական այդ արարողութենէն։ Ինք ալ մի առ մի մաղթանքներ կը յղէր աշխարհի չորս կողմերուն, իսկ հիւսիսի մասին կը գրէր.
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկէ ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդին.
Ու լայն ամբարն աղուներուն երբ բացուի,
Բերկրութի՜ւն թող ըլլայ։
«Հիւսիս» բառը պէտք չէ շփոթել «հիւսել» բային հետ, որուն արմատը «հիւս»ն է։ Հիւսել՝ թել աշխատիլ՝ իրարու մէջ անցընելով։ Մազերը հիւսել, խսիր հիւսել, ծաղիկէ պսակներ հիւսել, պատ հիւսել։ Կարելի է նաեւ պատմութիւններ կամ հեքիաթներ հիւսել՝ շարադրել իմաստով։ Տակաւին կարելի է մէկու մը գովքը հիւսել, այսինքն՝ զայն գովաբանել։ Ունինք «բանահիւսութիւն» բառը, որով կը հասկնանք մեր հին անգիր գրականութիւնը, որ բերնէ բերան փոխանցուած է։ Պոլսահայ մամուլի ներքին լրատուութիւններուն մէջ յաճախ կը հանդիպիմ սիրուն բառի մը՝ «գեղահիւս»։ «Սրբազան Հայրը Կիրակիի Ս. Պատարագին գեղահիւս քարոզ մը խօսեցաւ» կը գրեն լրագիրները, դրուատելով սրբազանին պերճախօսութիւնը…։
Բայց կայ ուրիշ բառ մըն ալ , որ իր կարգին բնաւ պէտք չէ շփոթել «հիւսել» բային հետ։ Անիկա «հիւսն» գոյականն է։ «Հիւսն» կը նշանակէ (շա՛տ պիտի զարմանաք) փայտի վրայ աշխատող գործաւոր։ Այսինքն՝ մեզի ծանօթ կահագործը կամ ատաղձագործը, որ աթոռ-սեղան-փեղկ կը շինէ։
Բառերը երբեմն որքա՜ն ճարպիկութեամբ, ստուերներու մէջէն, խաղեր կը սարքեն մեր գլխուն…։
*
Հաւանիլ եւ յաւակնիլ։ Որքա՜ն դիւրահունչ եւ իմաստալից երկու բառեր։ Կը գործածե՞նք զանոնք մեր առօրեային մէջ։
Թերեւս չենք գիտեր ասոնցմէ մէկուն կամ միւսին իմաստը։
«Հաւանիլ» կը նշանակէ յօժարիլ, համաձայնիլ, ընդունիլ, հաճութիւն յայտնել։ «Ընտանիքին բոլոր անդամները հաւանեցան այդ առաջարկին, բացի Յովսէփէն, որ դէմ արտայայտուեցաւ»։
Արմատը «հաւան»ն է, եւ ասկէ կազմուած են հաւանութիւն, հաւանական, հաւանաբար, դիւրահաւան, ինքնահաւան բառերը։
Տարակոյս չկայ, որ «հաւնիլ» (իր ճաշակին համապատասխան գտնել, ախորժիլ) բայն ալ յառաջ եկած է այս նոյն արմատէն։ «Շատ հաւնեցայ այդ աղջիկը»։
Իսկ «յաւակնիլ» կը նշանակէ մտադրութիւն ունենալ, հետամուտ ըլլալ, ձգտիլ (բան մը ձեռք բերելու կամ բանի մը տիրանալու)։ «Վաչէն կը յաւակնի անպայման առաջնութիւն շահիլ ճատրակի մրցումին»։ Ունինք «յաւակնոտ» ածականը, որ ժխտական իմաստ ունի եւ մատնանիշ կ’ընէ մեծամիտ մարդը՝ որ ինքն իր անձին մասին մեծ համարում ունի։
«Հօ»ին ու «յի»ին հրաժեշտ տալէ առաջ՝ վերջին յիշեցում մը եւս.- «Հ.»ն հոգեւորականներու, մանաւանդ Մխիթարեան վարդապետներու անունին առջեւ դրուած գիր է՝ «հայր» իմաստով։
Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Հ. Արսէն Բագրատունիին, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանին, Հ. Արսէն Այտընեանին, Հ. Ներսէս Ակինեանին եւ միւս բոլո՜ր անկրկնելի երախտաւորներուն՝ ի Վենետիկ եւ ի Վիեննա…։
Լեւոն Շառոյեան