Բառերու Գանձարանին Մէջ (7) – «Ռա» Ու «Րէ», Ռահ Ու Ռանչպար, Ռամիկ Եւ Ռազմիկ (Ա. մաս)
Երբ նախակրթարանի աշակերտ էինք, հայերէնի մեր ուսուցիչը «ռ-ր» նոյնահնչիւն տառերուն ուղղագրութեան վերաբերեալ կատարած էր կարեւոր հաստատում մը.
—«Ն» գիրէն առաջ եկող R հնչիւնը ՏԵՒԱԲԱՐ ԳՐԵԼ «ռ»-ով։
Օրինակներուն մէկ մասը ուսուցիչը ի՛նք կ’արձանագրէր գրատախտակին վրայ, մնացեալն ալ մե՛նք կը փորձէինք գտնել.— բռնել, խառնել, առնել, մոռնալ, վերադառնալ, սպառնալ, եղեռն, ամառնային, ձմեռնային, ձեռնադրութիւն, բեռնակիր, գառնուկ, առնէտ, կռնակ, սառնարան, ձեռնոց, դռնապան, թոռնիկ, լեռնագնաց եւ այլն։
Աւելի ուշ, երբ քիչ մը հասակ առինք ու խելահաս դարձանք, հայերէնի մեր ուսուցիչներէն մին նկատել տուաւ որ վերի օրէնքին մէջ կար բացառութիւն մը, զոր պարտաւոր էինք միտք պահել,— «զարնել» բայը։ Այս շատ գործածական բառը կը գրուէր «րէ»ով, այլ ո՛չ թէ «ռա»ով։ Եւ ասիկա ունէր իր տրամաբանական բացատրութիւնը.— «զարնել» բայը հին հայերէնի (գրաբարի) մէջ կը գործածուէր «զարկանել» ձեւով։ Հոս, ինչպէս պիտի նկատէք, «ն» եւ «ր» տառերը քով-քովի չեն, հեռու են իրարմէ։ Ժամանակի ընթացքին՝ բառամէջի «կա» վանկը ինկած է ու բառը կրճատուելով դարձած է «զարնել»։
Երկրորդ բացառութիւն մըն է «վրնջել»ը (արմատը՝ վրինջ։ Ճիշդ վերի օրինակին նման՝ այս բայանունին «ի» տառը ինկած է բայի վերածուելու ատեն, պատճառ դառնալով որ «ր»ն ու «ն»ն քով-քովի գան)։ Ասիկա ձիուն հանած ձայնն է, որ ունի հոմանիշ մըն ալ՝ խրխնջել։ «Նժոյգները կը վրնջեն՝ երբ տեսնեն իրենց տէրերը»։
Նախակրթարանի իմ օրերէն կը յիշեմ «ռա»ի առնչուող այլ պատմութիւն մըն ալ։
Անգամ մը, մեր դասընկերներէն մին գրատախտակին վրայ «մեռել» բառը գրած էր սխալ ուղղագրութեամբ,— «մերել» («րէ»ով)։
Ուսուցիչը՝ պր. Արմէն Տէր Պետրոսեան (լոյսերու մէջ թող հանգչի), որպէսզի կարենայ մեր դասընկերոջ փոքրիկ ուղեղին մէջ քանդակել այդ բառին ճիշդ ուղղագրութիւնը, կաւիճը առաւ ու գրատախտակին վրայ արձանագրեց «մեՌել» բառը՝ «ռա» տառին պոչիկը անհամեմատօրէն երկնցնելով, այնքան որ՝ «ռա»ն նմանեցաւ սնարի մէջ պառկած մեռելի մը, ոտքերը հորիզոնական երկարած ու գլուխը՝ բարձի մը վրայ…։ Դեռ աւելին, մեր հնարամիտ ուսուցիչը մեռելի նմանող այդ երկարագի «ռ»ն կիսաբոլորակ գիծով մը «ծածկեց», որպէս թէ պատանք մը կամ սաւան մը ըլլար ատիկա՝ դիակին վրայ գոցուած…։ Շատ տպաւորիչ գիւտ մըն էր։ Անմոռանալի ու անջնջելի պատկեր մը։
*
Հայերէնի ուղղագրութեան մէջ «ռա»ի ու «րէ»ի շփոթը բաւական տարածուն է, մանաւանդ բառերուն մէջտեղը եւ վերջաւորութեան։
Նախ ըսեմ որ «ռա»ն համազօր է կրկնակ «րէ»ի։ Անիկա ձայնեղ բաղաձայն մըն է, որ մեր շրթունքէն դուրս կու գայ որոշ թրթռացումով մը։
Մալխասեան բառարանին մէջ «ռա»ով սկսող բառերը գրաւեր են ընդամէնը տասնմէկ էջ։ Բայց եթէ աչք մը նետենք Աճառեանի «Արմատական բառարան»ի բառացանկերուն վրայ, պիտի անդրադառնանք որ «ռա»ով սկսող ու մեր առօրեային մէջ գործածական արմատ-բառերուն թիւը տասըն չ’անցնիր։ Թուե՛նք.— ռազմ (ճակատամարտ), ռահ, ռեհան (մանիշակագոյն կամ կանաչ տերեւներով հոտաւէտ բոյս մը), ռամիկ, ռետին, ռոճիկ (թոշակ, աւուրչէք), ռումբ, ռունգ (քիթին ծակերը, որմէ կուգայ՝ ռնգեղջիւր), ռուպ (խաղողի եփած ու թանձրացեալ ջուրը, «պէքմէզ»)։ Ասոնց վրայ կ’աւելցնեմ ռաբունի եւ ռաբունապետ բառերը, որոնք թէեւ յստակօրէն օտար լեզուներէ փոխառեալ են, սակայն առատօրէն կը գործածուէին միջին դարերուն՝ բնորոշելու համար զարգացեալ ու գիտնական վարդապետները (օրինակ՝ Վահրամ Ռաբունին, որ ԺԳ. դարուն հռչակաւոր իմաստասէր մըն էր Կիլիկիոյ մէջ)։ Այս բուռ մը բառերը սորվիլը դժուա՞ր է։
Ինչ կը վերաբերի «րէ»ին, ապա՝ ի մե՜ծ ուրախութիւն իմ ընթերցողներուն, ըսեմ որ հայերէնի մէջ «րէ»ով սկսող բառ չունինք, բացի ՐՈՊԷ բառէն, որ արդէն յունարէնէ փոխառեալ բառ է ու կը նշանակէ ակնթարթ, երկվայրկեան։ Ուստի, այժմէն իսկ շեշտեմ, որ R հնչիւնով սկսող մեր բոլո՜ր անուններն ու մականունները, տեղանունները, գոյականներն ու բայերը պէտք է գրել «ռա»ով։ Ուրեմն գրել՝ Ռուբէն, Ռոպեր, Ռոստոմ, Ռափայէլ, Ռեթէոս, Ռուպինա, Ռուզան, Ռոզին, Ռաքէլ, Ռեբեկա, Ռիթա, Ռուսիա, Ռումանիա, Ռաքքա, Ռոստով, Ռապաթ, Ռասթկէլէնեան, Ռագուպեան, Ռէիսեան, Ռուսինեան, Ռշտունի եւ այլն։
Այստեղ, բացառութիւն մը պիտի ընենք արեւելահայ մեր անմահանուն վիպագրին՝ ՐԱՖՖԻ-ին (Յակոբ Մելիք Յակոբեան), որ իր գրչանունը սովոր էր ստորագրել «րէ»ով։ Պարագայ մը, որ նուիրականացաւ մեր գրականութեան պատմութեան մէջ ու այդպէս ալ աւանդուեցաւ իրերայաջորդ սերունդներու։ Այլապէս, մեզի ծանօթ միւս «ՌաՖՖի»ները աներկբայօրէն կարելի է գրել «ռա»ով։
Սա պահուն կը յիշեմ ԺԲ. դարու մեր ականաւոր կաթողիկոսը՝ Ներսէս Շնորհալին, որուն «Առաւօտ լուսոյ» շարականը, ինչպէս ծանօթ է, կը բաղկանայ այբուբենի իրարայաջորդ տառերով սկսող երեսունվեց տուներէ, այբէն մինչեւ քէ։ Տեսնե՛նք, թէ «ռ» եւ «ր» տառերը ինչպիսի՛ արտայայտութիւն գտած են Շնորհալիի գրչին տակ.
Ռետի՛նդ քաղցու,
Ռա՛մ հոգւոյս արբո,
Ռահ ցոյց ինձ լուսոյ։
(Քու քաղցր բալասանդ խմցո՛ւր իմ անտաշ հոգիիս ու լուսաւոր ճամբայ ցոյց տուր ինծի)։
Րաբո՛ւնդ երկնաւոր,
Րոտեա՛ զաշակերտս
Րամից երկնայնոց։
(Երկնաւո՛ր վարդապետ, միացո՛ւր աշակերտս,- զի՛ս,- երկնայիններու երամին)։
Կը տեսնուի, որ Շնորհալին գործածած է «ռետին» (բառացի՝ բուսախէժ, գրենական պիտոյքներու կողքին գործածուող առաձգական նիւթ մը՝ ջնջան), «ռամ» (գռեհիկ, հասարակ), «ռահ» (ուղի, ճամբայ), «րաբուն» (վարդապետ, Աստուած, կը գրուի նաեւ «ռա»ով), «րոտել» (միացնել, կցել, զօդել, այժմ՝ անգործածական բայ մը) եւ «րամ» («երամ»ին կրճատումը) բառերը, վարպետօրէն եւ իմաստալից ագուցումով։
«Ռ-ր» շփոթը իր գլուխը կը ցցէ գլխաւորաբար բառերուն մէջտեղը եւ վերջաւորութեան։ Զորօրինակ, ինչո՞ւ «ռա»-ով կը գրուին աթոռ, ախոռ, բառ, ծառ, ծառայ, կշիռք, ուռկան, օճառ, առիւծ, անտառ, բեւեռ, առտու, առաւօտ, զեփիւռ, ժառանգ, ապառաժ, առագաստ, կեռաս, սիսեռ, կռիւ, կռունկ, կռթնիլ, պառկիլ, մաքառիլ, պառակտել, վաճառել եւ անհամար բառեր։ Չունինք ո՛չ մէկ բացատրութիւն։ Այս եւ բազմաթիւ այլ բառերու ուղղագրութիւնը հարկ է իւրացնել սերտողութեամբ։
Ասոնց կողքին սակայն, եթէ ուշադրութեամբ ու քննական ակնոցով մօտենանք մեր կարդացած բառերուն, պիտի նկատենք որ անոնցմէ շատ-շատեր «ռա»ով կը վերջանան՝ պարզապէս որովհետեւ անոնց բուն արմատին մէջ առկայ է «ռն» բաղադրիչը. սակայն դարերու հոլովոյթով՝ «ն»ն ինկեր է ու մնացեր է լոկ «ռ»ն։ Օրինակ՝ ամառ-ն, ձմեռ-ն, դուռ-ն, բեռ-ն, նուռ-ն, գառ-ն, թոռ-ն եւ այլն (բոլորն ալ ներկայիս կը գրենք առանց «ն»ի)։ Ասոնք ածանցումի կամ բարդումի ատեն ընդհանրապէս կը վերաշահին իրենց կորսնցուցած «ն» տառը եւ կու տան բեռնակիր, նռնենի, գառնարած, թոռնուհի եւ այլն։
Վերը, տեղ մը, յիշեցի «առնել» բայը։ Եթէ ուշադիր ըլլանք՝ այս բառին արմատով կազմուած բոլո՜ր բարդ ու ածանցաւոր բառերը աներկբայօրէն պիտի գրենք «ռա»-ով.- փորձառու, ակնառու (աչքառու), վրիժառու, կապալառու (պայմանագրով մը շինարարական որոշ աշխատանք յանձն առնող անձ), վաշխառու (ապօրինի ու անիրաւ տոկոսով դրամ պարտք տուող անձ), ապառիկ (պարտքի թողուած, ոչ կանխիկ), անառիկ (անմատչելի, աննուաճելի), անաչառ (անկողմնակալ, արդարամիտ), բացառիկ, սրտառուչ (սրտաշարժ, յուզիչ), ապառնի, առուծախ, առեւանգել, թափառիլ, շուրջառ (եկեղեցական զգեստ), հոգէառ…։ Բայց քանի՞ հայ ընթերցող կ’անդրադառնայ, թէ ակնառու-ին կամ անառիկ-ին մէջ տեղաւորուած «առու» կամ «առիկ» յետադաս մասնիկները կու գան «առնել» բայէն…։ Ահա հո՛ս թաղուած է բառերուն գաղտնիքը, աւելի ճիշդ՝ խորհուրդը։
Շատ հետաքրքրական պարագայ մը կը ներկայացնէ ուղղագրութիւնը այն բառերուն, որոնք թէեւ իրենց արմատին մէջ «ռա»ով կը գրուին, սակայն «ն» հնչիւնին «ռա»էն հեռանալուն պատճառով՝ նորակազմ բառերու մէջ կը սկսին գրուիլ «րէ»ով։ Ասիկա անշուշտ նոր բարդութիւններ կը ստեղծէ հայերէնի ուղղագրութեան մէջ ու կ’ընդլայնէ շփոթի ու դժուարութեանց ծիրը։ Օրինակ, դառնալ բայը կը վերածուի դարձ-ի (տարեդարձ, վերադարձ, դարձդարձիկ, դարձուածք), համբառնալ-ը՝ համբարձում-ի, յառնել-ը՝ յարութիւն-ի (արեւելահայերէնի մէջ յաճախ գործածուող արի՛ ու արի՛ք հրամայական եղանակի եզակի-յոգնակի բայերը եւս,- վե՛ր կաց, եկո՛ւր իմաստով,- ծագում կ’առնեն «յառնել» բայէն) ։
(Շարքին վերջին մասը՝ յաջորդիւ)
Լեւոն Շառոյեան