Գիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ
Քասանէ քաղաքին մէջ (Պոթսվանա) ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագրի միջկառավարական կոմիտէի 18-րդ նստաշրջանի ընթացքին կոմիտէն որոշում ընդունած է Գիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառելու վերաբերեալ, յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւնը։
Դարբնութիւնը Հայաստանի մէջ տարածուած արհեստներէն եղած է, սակայն որպէս քաղաքային արհեստ՝ իր լիարժէք արտայայտումը ձեռք բերած է Գիւմրիի մէջ եւ ծաղկուն շրջան ապրած 19-րդ դարուն: Սերունդէ սերունդ փոխանցուող այս ազգային աւանդոյթի գրանցումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցչական ցանկին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունի անոր կենսունակութեան ապահովման, արժեւորման եւ հանրահռչակման համար։