Մտորումներ՝ Գիրքի, Գրադարանի Եւ Լեզուի Փոշոտ Ուղիներու Վրայ
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ԳԻՐՔԻ, ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԵՒ ԼԵԶՈՒԻ ՓՈՇՈՏ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ Բազմանուն մակդիրներով սոսկ ծագումով հայ ըլլալու տանող փապուղիի վրայ խուփ աչքերով կ’ընթանանք: Դէպի ո՞ւր եւ ի՞նչ ընելու: Վերջնական կայանները պիտի կրեն ծանօթ-անծանօթ երկիրներու եւ քաղաքներու անուններով «հայութիւններ». լեհահայ, թրքահայ իսպանահայ, լիբանահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, չինահայ, ապուխտի պէս շերտելով իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը: Շերտելով նաեւ շերտերը, բազմապատիկ անուններով, ինչպէս հալէպահայ, պոլսահայ,…