Տիգրան Գաբոյեանի թարգմանութեամբ. Էտուարտ Միլիտոնեանի հատորը՝ արաբերէնով
Դամասկոսի մէջ արաբերէնով լոյս տեսած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի բանաստեղծական ժողովածուն՝ Տիգրան Գաբոյեանի թարգմանութեամբ:
«Շարքու ալ-քալիմաթ» («Բառերու Արեւելքը») խորագիրը կորող այս ժողովածուն լոյս ընծայած է «Տար Ալ Հիլալ»ի հրատարակչութիւնը:
Ժողովածուն հրատարակուած է ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններում» հիմնադրամի ծրագիրով եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդարանի եւ առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Արք. Նալպանտեանի բարձր հովանաւորութեամբ։