Տիգրան Գաբոյեանի թարգմանութեամբ. Էտուարտ Միլիտոնեանի հատորը՝ արաբերէնով

Տիգրան Գաբոյեանի թարգմանութեամբ. Էտուարտ Միլիտոնեանի հատորը՝ արաբերէնով Դամասկոսի մէջ արաբերէնով լոյս տեսած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի բանաստեղծական ժողովածուն՝ Տիգրան Գաբոյեանի թարգմանութեամբ: «Շարքու ալ-քալիմաթ» («Բառերու Արեւելքը») խորագիրը կորող այս ժողովածուն լոյս ընծայած է «Տար Ալ Հիլալ»ի հրատարակչութիւնը: Ժողովածուն հրատարակուած է ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Հայ գրականութիւնը թարգմանութիւններում» հիմնադրամի ծրագիրով…