Պոլսոյ մէջ. Հայկական վարժարանը վանտալիզմի ենթարկուած

Պոլսոյ մէջ. Հայկական վարժարանը վանտալիզմի ենթարկուած Թուրքիոյ Սթամպուլ քաղաքին մէջ գործող հայկական դպրոցը վանտալիզմի ենթարկուած: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մասիսփոսթ»ը, վանտալիզմի արարքը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ հայերը կը պատրաստուին նշելու Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: Սթամպուլի նոյն դպրոցին նկատմամբ վանտալիզմի դրսեւորումներ եղած էին նաեւ 2016 թուականի Նոյեմբերին: Դպրոցի պատերուն յայտնուած էր «գիշեր մը, մենք յանկարծ պիտի…

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան յայտարարութիւնը «Լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան յայտարարութիւնը «Լոյսի» արարողութեան վերաբերեալ Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներու մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի: Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «Լոյսի» արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000…

Ոսկեբերան Արզումանեան՝ ազգային զործիչ եւ մտաւորական

Ոսկեբերան Արզումանեան՝ ազգային զործիչ եւ մտաւորական Ոսկեբերան Արզումանեան վկայուած է Պէյրութի ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեանց կաճառէն՝ ստանալով հայագիտական եւ արեւելեան ընկերաբանութեան վկայականներ: Ապա՝ շարունակելով իր ուսումը, ստացած է նոյն համալսարանի իրաւաբանական եւ տնտեսագիտական բաժանմունքէն առեւտրական հաստատութիւններու վարչագիտական վկայականը: Ո. Արզումանեան իր ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, 1956էն սկսեալ ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն: Ան յաջորդաբար…

Եզեկիէլ Թորոս` գեղանկարիչ, գծագրութեան ուսուցիչ եւ լողի ախոյեան

Գեղանկարիչ, գծագրութեան ուսուցիչ եւ լողի ախոյեան՝ Եզեկիէլ Թորոս Հանրածանօթ գեղանկարիչ Եզեկիել Թորոս ծնած է Խարբերդ քաղաքին մէջ, 1915-ին: Իր ծնողքին՝ Աբրահամի  եւ Մարիամի ու երկու եղբայրներուն՝ Կոստանդինի եւ Սամիկի հետ գաղթած է  Հալէպ, Սուրիա, 1921-ին: Եզեկիէլ Թորոսին մեծ եղբայրը՝ Կոստանդին աւարտած է Խարբերդի Քոլէճը․ հայրը իր ընտանիքին եւ  իր զաւկին ընկերոջ՝  Խաչատուրին հետ կը ստիպուի…

«Քամբ Արմէն»ը նոր ոգի պիտի բերէ հայաշունչ Պոլիսին

«Քամբ Արմէն»ը նոր ոգի պիտի բերէ հայաշունչ Պոլիսին Պոլսոյ «Թուզլա» շրջանին մէջ գտնուող եւ երկար տարիներ համայնքին ծառայած «Քամբ Արմէն»ը դարձեալ վերակառուցուի։ Կը սպասուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հայ Աւետարանական համայնքի ճիգերուն շնորհիւ կարելի ըլլալ մեծագումար յատկացումներ կատարել իրականութիւն դարձնելու համար համայնքին համար այդքան կենսական եւ կարեւոր երիտասարդական այս կեդրոնի բացումը։ Բնականաբար տակաւին վաղ է, խօսիլ…

Ռաքքայի մէջ. Վերապրող հայութիւն եւ անղօղանջ եկեղեցիներ

Ռաքքայի մէջ. Վերապրող հայութիւն եւ անղօղանջ եկեղեցիներ Սուրիոյ պատերազմին  ընթացքին «Տահէշ»ի վերահսկողութեան տակ անցած Ռաքքա քաղաքէն   մեծաթիւ քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացան։ «Տահէշ» կործանած էր քաղաքին եկեղեցիները ու պարտադրած հետեւիլ իսլամական օրէնքներուն: Այս մասին անդրադարձած է  «Ալ  Նահար Ալ Արապ»ի կայքը: Աղբիւրը նշած է, թէ այժմ 30 քրիստոնեայ ընտանիք մնացած  են  Ռաքքայի մէջ, անոնք 9 տարի է…

«Ցեղասպանութիւն». Բառը եւ անկէ անդին

«Ցեղասպանութիւն». Բառը եւ անկէ անդին Հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին մասին Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Դաշնակիցները լուր առին, երբ այն արդէն ընթացք առած էր տեղահանումներով ու ջարդերու մասին հասնող լուրերով, եւ զգուշացուցին երիտթուրքերու կառավարութեան, որ պիտի դատուին «մարդկութեան դէմ ոճիր»-ի մեղադրանքի հիման վրայ: Այդպէս ալ եղաւ: Հրադադարէն եւ  Օսմանեան կայսրութեան անձնատուութենէն ետք, Դաշնակիցներու զինուորական վերահսկողութեան տակ…

Չարեաց Աղբիւրը

ՉԱՐԵԱՑ ԱՂԲԻՒՐԸ 21 Մարտին Միջին Արեւելքի մէջ Մայրերու տօնը ըլլալու կողքին, է նաեւ բանաստեղծութեան համաշխարհային օրը: Արդեօք արձակի օր կա՞յ, կը մտածեմ. եթէ ըլլար, պիտի իմանայինք, իսկ եթէ չկայ, ինչո՞ւ չկայ: Արդեօ՞ք բանաստեղծութիւնը նահանջի մէջ է, այդ պատճառով անոր «օր» տրամադրուած է, որ գոնէ տարին մէկ օր մարդիկ յիշեն եւ անդրադառնան անոր: Այս տրամաբանութեամբ ուրեմն պէտք…

Բառերու Գանձարանին Մէջ (6) – «Չա» Եւ «Ջէ», Զեղչել, Զիջիլ Եւ Զղջալ

Բառերու Գանձարանին Մէջ (6) – «Չա» Եւ «Ջէ», Զեղչել, Զիջիլ Եւ Զղջալ Եթէ ինձմէ պահանջուի, որ թուեմ ամէնէն գործածական այն տասնհինգ հայերէն բառերը, որոնք «չա»-ով կը սկսին, պիտի պատասխանեմ. -Չակերտ, չիր ու չամիչ, չար, չարչարել, չափ, չէզոք, չղջիկ, չնչին (աննշան), չոր, չորս, չուան, չքաւոր, չքնաղ, Չինաստան։ Նոյնը եթէ խնդրուի «ջէ»-ով սկսող բառերուն համար, պիտի պատասխանեմ. -Ջահ, ջաղացք, ջամբել,…

Բառերու Գանձարանին Մէջ (4) – «Հօ» Եւ «Յի», Յիսուս Եւ Հիւսիս, Հաւանիլ Ու Յաւակնիլ

Բառերու Գանձարանին Մէջ (4) – «Հօ» Եւ «Յի», Յիսուս Եւ Հիւսիս, Հաւանիլ Ու Յաւակնիլ  «Հօ» եւ «յի»։ Մասամբ նմանաձայն երկու տառեր՝ մեր այբուբենին մէջ։ Ես պիտի համարձակիմ ըսել՝ երկու վտանգաւոր լարուած թակարդներ, որոնց հանգոյցին մէջ կը գլտորին-կ’իյնան ո՛չ միայն մեր դպրոցական ամէն հասակի աշակերտները, այլեւ՝ գրեթէ ամէն հայորդի, որ ձանձրոյթը յանձն կ’առնէ իր մայրենիով քանի մը տող…