Ռաքքայի մէջ. Վերապրող հայութիւն եւ անղօղանջ եկեղեցիներ
Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին «Տահէշ»ի վերահսկողութեան տակ անցած Ռաքքա քաղաքէն մեծաթիւ քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացան։ «Տահէշ» կործանած էր քաղաքին եկեղեցիները ու պարտադրած հետեւիլ իսլամական օրէնքներուն: Այս մասին անդրադարձած է «Ալ Նահար Ալ Արապ»ի կայքը:
Աղբիւրը նշած է, թէ այժմ 30 քրիստոնեայ ընտանիք մնացած են Ռաքքայի մէջ, անոնք 9 տարի է արդէն իրաւունք չունին կատարելու իրենց կրօնական ծէսերը:
Իր հերթին, Ռաքքայի հայ համայնքի անդամներէն 55 տարեկան հայր մը «մարդու իրաւունքներու դիտարկման կեդրոն»ին պատմած է, թէ «Տահէշ»ի իշխանութեան օրերուն, անոնք ստիպած են իրեն որ դաւանի իսլամական կրօնը, հետեւի այդ կրօնքի դասընթացքներուն, եւ ենթարկուի անոնց օրէնքներուն փոխարէնը «լուծել»ով իր ընտանիքի անվտանգութիւնը։ Աւելի ուշ ալ ձերբակալած են զինք քրիստոնէական ծէսեր կատարելու մեղադրանքով: Ան պատմած է նաեւ թէ կազմակերպութիւնը ձեռքը դրած է իր ազգականներու բնակարաններուն եւ առեւտրական խանութներուն վրայ:
Ռաքքայի քրիստոնեաները բաժնուած են երկու խումբերու: Անոնք, որոնք բնիկ Ռաքքացի են եւ այն հայերը, որոնք հասած են Ռաքքա խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան։Կան նաեւ այլ քրիստոնէական համայնքներ ինչպէս՝ Յոյն Կաթողիկէ համայնքը, որուն պատկան Ս. Աւետում եկեղեցին փլատակ վիճակի մէջ է ներկայիս: Կայ Հայ Կաթողիկէ համայնքը, որուն պատկանող Ս. Նահատակաց եկեղեցին վերաբացուեցաւ անցեալ Նոյեմբերին:
Կը նշուի նաեւ, որ Ռաքքայի մէջ քրիստոնեաները ենթարկուած են բռնութեան եւ ցեղապաշտական խտրականութեան «Տահէշ»ի կողմէ, անոնք նոյնիսկ տուգանք «Ժըզյէ» վճարած են այնտեղ՝ իրենց բնակարաններուն մէջ ապրելու համար: Ռաքքայի եկեղեցիները վերածուած են կազմակերպութեան յատուկ ռազմական կեդրոններու:
Ըստ աղբիւրին, քրիստոնեայ ընտանիքներուն թիւը 2013-2017 թուականներու ընթացքին նուազած է 4000-էն հասնելով 200 ընտանիքի: Անոնցմէ շատեր փոխադրուած են սուրիական այլ քաղաքներ, կամ ընդհանրապէս գաղթած երկրէն:
Ի դէպ, 2017-ին երբ քաղաքը ազատագրուած է ու կազմակերպութիւնը պարտուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով, ամերիկեան Free Burma Rangers փոքրամասնութիւններով զբաղող կազմակերպութիւնը համագործակցութեամբ Ռաքքայի քաղաքացիական խորհուրդին, նորոգած է Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ վերաբացուած է անցեալ տարուայ Նոյեմբերին:
Աղբիւրը՝ «Արեւելք»