«Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը». Եգիպտոսի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Ալեքսանտր Սարուխանի 125-ամեակը
Եգիպտոսի մէջ հանդիսաւորութեամբ տօնած են հայ մեծանուն երգիծանկարիչ, հրապարակախօս Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 125-ամեակը: Յոբելենական հանդիսութիւնները տեղի ունեցած են «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» ծրագրի ծիրէն ներս՝ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին պատկանող «Ալսանարի» պատմական տան մէջ:
Միջոցառման ներկայ եղած են թէ՛ եգիպտահայ համայնքի աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Սարուխանի ընտանիքի անդամները, թէ՛ եգիպտական զանազան շրջանակներէ գործիչներ, լրագրողներ:
125-ամեակին կազմակերպուած ցուցահանդէսին Սարուխանի ընտանիքը տրամադրած էր մեծ երգիծանկարիչէն եօթ բնօրինակ գործեր, որոնք առաջին անգամ ցուցադրուեցան յոբելենական հանդիսութեան առթիւ:
Ելոյթներու ընթացքին կարեւորուած է Ալեքսանտր Սարուխանի անփոխարինելի ներդրումը հայ եւ եգիպտական մամուլի պատմութեան եւ զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ այն նպաստը, որ Սարուխան իր նկարներով բերած է եգիպտական արուեստին:
Ելոյթ ունեցողներուն մէջ «Ալսանարի» պատմական տան տնօրէնը յայտնած է, որ Աղեքսանդրիոյ պատմական գրադարանը միշտ ալ նախաձեռնող եւ քաջալերող եղած է Սարուխանին առընչուող ձեռնարկներուն, գրադարանին մէջ տօնուած է նաեւ անոր 120-ամեակը:
«Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» ծրագրին հեղինակը իր կարգին ըսած է, որ ամէն ջանք կը թափեն՝ Եգիպտոսի մեծանուն երգիծանկարիչներու ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ, եւ այդ երգիծանկարիչներուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ալեքսանտր Սարուխան:
Սարուխանի 125-ամեակին առթիւ լոյս տեսած է նաեւ նկարիչի գործերը ամփոփող պատկերագիրք մը, Եգիպտոսի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութամբ նկարահանուած է Սարուխանին նուիրուած ժապաւէն:
Ալեքսանտր Սարուխանի ընտանիքը՝ դուստրը՝ Սեդա Սարուխանը, թոռնուհիները՝ Սօսի եւ Սիլվա Ներետեաններն ու անոնց ընտանիքները նոյնպէս առաւելագոյն ջանք կը գործադրեն ընտանիքի անուանի հօր յիշատակը վառ պահելու եւ անոր ստեղծագրծութիւնը ներկայացնելու ուղղութեամբ: Ընտանիքը Սարուխանի 125-ամեակին առթիւ «Եգիպտական երգիծանկարչութեան յիշողութիւնը» ծրագրին հետ կազմակերպած է եգիպտացի երգիծանկարիչներու միջեւ մրցոյթ մը, որ ամփոփուեցաւ յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին եւ Սարուխան ընտանիքը դափնեկիր նկարիչներուն Ալեքսանտր Սարուխանի գործերէն բնօրինակներ նուիրեց:
Հարկ է նշել, որ Ալեքսանտր Սարուխանի հանդէպ Եգիպտոսի հանրութիւնը եւ մանաւանդ՝ իշխանութիւնը բարեացակամ եղած են նաեւ անոր կենդանութեան օրօք: Ան իր յուշերուն մէջ կը նշէ, որ ոչ մէկ անգամ կասկածանքով ընդունուած են իր երգիծանկարները, որոնք ի միջի այլոց, նաեւ Եգիպտոսի ղեկավարներուն նուիրուած կ՚ըլլային: Սարուխան կը խոստովանի, թէ երկրին օրուան ղեկավարները աւելի լաւ կ՚ընդունէին երգիծանքը, քան թէ՝ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները:
Այսպիսի պատմութիւն մը կայ, թէ ինչպէ՛ս Եգիպտոսի ղեկավարներէն Մուհամմէտ փաշա Մահմուտ իր քով կանչած է Ալեքսանտր Սարուխանը եւ ահա ինչպիսին եղած է այդ հանդիպումը: Կը նկարագրէ ինք՝ երգիծանկարիչը իր յուշերուն մէջ:
ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՓԱՇԱ ՄԱՀՄՈՒՏԻ ԱՌՈՂՋ ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ
Թագաւորական շրջանին Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէին մէկէ աւելի կուսակցութիւններ՝ Ուաֆտը, Սահմանադրականը, Ազատականը, Իթթիհատականը, Հայրենասէրները, Ժողովրդականը եւ այլն։ Սակայն, ի տարբերութիւն ուրիշ երկիրներու, հոս գրեթէ բոլորն ալ հիմնուած էին աւելի անհատական շահերու եւ փառասիրութիւններու վրայ։ Ընտրութիւններու ժամանակ ոչ մէկը անոնցմէ կը ներկայանար ընտրական յստակ ծրագիրով։
Երբ կարեւոր անձնաւորութիւն մը իր փառասիրական նպատակներուն գոհացում չգտնէր, անմիջապէս կը հիմնէր նոր կուսակցութիւն մը՝ անոր նախագահը ըլլալու միակ նպատակով։ Բոլորն ալ կը խօսէին «հայրենիքի», «ազատութեան» մասին, առանց որոշ «փլաթֆորմ» մը ներկայացնելու՝ թէ ինչ ձեւով պիտի իրագործէին զանոնք։ Չկար ո՛չ յառաջդիմականը, ո՛չ պահպանողականը, ո՛չ ընկերվարականը։ Եւ պայքարը, զոր յաճախ այնպիսի մոլեգնութեամբ կը մղէին իրարու դէմ, ո՛չ մէկ անգամ սկզբունքի կամ տեսակէտի շուրջ կը դառնար։ Իսկ բրիտանական կառավարութիւնը, յանձին Գահիրէ նստող իր Բարձր կոմիսարին, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողի իր աւանդական սովորութեամբ, ոչ միայն կը հրահրէր, այլ ի հարկին կը ստեղծէր զանոնք իրարմէ բաժնող ամէն տարակարծութիւն։ Շոյելով անգամ մը մէկ, ուրիշ անգամ միւս կողմիններու փառասիրութիւնն ու մեծամոլութիւնը, լարելով զանոնք իրարու դէմ, անիկա կ՚ապահովէր Եգիպտոսին կառչած մնալու իր ծրագիրը։ Անգամ մը պալատն էր, որ կը լարէր այսինչ կուսակցութեան դէմ, ուրիշ անգամ՝ հակառակը։
Չեմ գիտեր ուրիշներուն տեսակէտը այս մասին։ Գալով ինծի, ես դժգոհելու պատճառ չունէի իրերու այս կացութենէն։ Գծագրութեան համար առատ նիւթ կը մատակարարէին ինծի եւ ես երախտապարտ էի իրենց՝ այդ բանին համար։ Կուսակցութիւններուն մէջ ամենէն զօրաւորը, անկասկած, Ուաֆտն էր, Սաատ փաշայի հիմնածը։ Ուաֆտ կը նշանակէ պատուիրակութիւն։ Արդարեւ, 6 մարտ 1919-ին, Զաղլուլի գլխաւորութեամբ՝ չորս հոգինոց պատուիրակութիւն մը կը ներկայանայ Եգիպտոսի մէջ անգլիական զինուորական ներկայացուցիչ սըր Ռեճինըլտ Ուինկէյթին, պահանջելով Եգիպտոսի անկախութիւնը։ Իբրեւ պատասխան՝ չորսը մէկ կ՚աքսորուին Մալթա։ Ժողովուրդը կը պոռթկայ։ Պատուիրակներուն շուրջ կը հաւաքուին ժողովրդային զանգուածները եւ մտաւորականները։ Այս խմբաւորումը կը վերածուի կուսակցութեան՝ Ուաֆտ անունին տակ։ Երկրորդ գլխաւոր կուսակցութիւնն էր Սահմանադրական Ազատականը՝ նախագահութեամբ Մուհամմէտ փաշա Մահմուտի։ Ամենէն հին կուսակցութիւնը՝ Ազգայնականը, անցած էր Հաֆըզ Ռամատան փաշայի նախագահութեան տակ, բայց որոշ չափով կորսնցուցած էր իր հմայքը: Կային եւ մնացեալները։ Ինչպէս յիշեցի, պայքարները այս կուսակցութիւններու միջեւ սկզբունքի շուրջ չէին դառնար։ Ընկերային բարեփոխումներու հարցը՝ «անկախութեան» հետ միասին, ընդհանուր խօսքեր էին, բոլորին յատուկ։ Բայց ծրագրուած, մշակուած ոչ մէկ յայտագիր, ինչպէս ըսուեցաւ։ Ժողովրդական պոռթկումները այս անորոշութեան առջեւ՝ անպակաս էին։ Սըտքը փաշայէն առաջ զանոնք զսպելու փորձեր ըրած էր Մուհամմէտ փաշա Մահմուտ։ Ան հաստատած էր «երկաթէ բազուկ»ի դրութիւնը՝ տեղի տալով բուռն հակազդեցութիւններու։
Իբրեւ հայ, այդ շրջաններուն, երգիծանկարիչի դիրքը խիստ փափուկ էր, հակառակ որ, ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կամ գաղափար կը պատկանէր անձնապէս ինծի։ Բոլորն ալ կու գային խմբագրապետէն, եւ ի պաշտօնէ ստիպուած էի ենթարկուիլ անոնց կամքին։ Տակի գրութիւնները իմս չէին։ Ահա պաշտպանողականս։ Պէտք է խոստովանիմ այստեղ, ի պատիւ Եգիպտոսի հանրային կարծիքին, թէ այդ ուղղութեամբ, ո՛չ մէկ դիտողութեան, ո՛չ իսկ ակնարկութեան հանդիպեցայ, ո՛չ մէկ շրջանակի կողմէ, այն օրերուն եւ մինչեւ յիսնամեայ գործունէութեանս վերջաւորութիւնը։
Անգամ մը՝ վարչապետ Մուհամմէտ փաշա լուր ղրկած էր ինծի, թէ կ՚ուզէր տեսնել զիս։ Ի՞նչ կ՚ուզէր ինձմէ. «Երկաթէ բազուկ»ին հա՞մը ճաշակել պիտի տար ինծի արդեօք։ Ակնկալածիս հակառակ, խիստ մեղմութեամբ եւ սիրալիր կերպով ընդունեց զիս՝ ապարանքին ընդարձակ հիւրասրահին մէջ։
-Երգիծանկարներուդ կը հետեւիմ եւ մեծ հաճոյք կը զգամ։ Ուզեցի ճանչնալ անոնց հեղինակը, -այսպէս սկսաւ իր խօսակցութեան, -մանաւանդ «երկաթէ ձեռք»ի վերաբերեալ պատկերներդ շատ կը զուարճացնեն զիս։ Այդ բազուկը խիստ եղած է, բայց երբեք տեղի չէ տուած արիւնահեղութիւններու, -աւելցուց ան։ -Պարագաներ կան, ուր ուժը պէտք է գործածել… այնպէս չէ՞։
Իրաւունք տուի իրեն՝ ինչպէս վայել էր ընել այդ պահուն։
Ո՞վ կ՚ըսէր, թէ այդ միջոցին դիմացս նստող հեզահամբոյր մարդը օրուան ամենազօր մարդն է, տիքթաթէօր մը։
-Կը յուսամ, թէ նեղուած չէք դէմս, եթէ երբեմն քիչ մը բուռն նկարներ կը գծեմ Ձեր մասին, -ըսի իրեն ժպտալով։
-Նեղուի՞մ։ Բայց ինչո՞ւ, -յարեց ան։-Քաղաքականութեամբ զբաղող ամէն մարդ պէտք է պատրաստ ըլլայ քննադատութեանց, նոյնիսկ ծաղրանքի ենթակայ ըլլալու։ Ո՞վ է ըսեր «ինչ որ քաղաքական մարդը կ՚ընէ լաւ կ՚ընէ, եւ թէ ամէն ոք ենթադրուած է զայն հաւնելու, իւրացնելու»։ Այդ է քաղաքական մարդուն ճակատագիրը։ Կա՛մ կը մտնես այդ կեանքէն ներս, կա՛մ ոչ։ Եթէ մտար, պէտք է քաջութիւն ունենաս ամենայն հանդարտութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ տանելու ամէն քննադատութիւն, ծաղրանք, նոյնիսկ հալածանք, որքան ալ բուռն ըլլան անոնք։ Բնական է, պէտք չէ մոռնալ պատշաճութեան ամէն սահման պահել։
-Բնական է, եւ շնորհակալութիւն ձեզի, ձեր այսքան լայնախոհ խօսքերուն եւ գեղեցիկ դասին համար, -ըսի, ու բաժնուեցանք իրարմէ ձեռքի տաք սեղմումէ ետք։ Ասիկա առիթ մը եղաւ ինծի՝ բաղդատութիւն մը ընելու Մուհամմէտ փաշա Մահմուտի եւ մեր «պետական»ներու վերաբերմունքին միջեւ։ Եւ մերինները չեն, որ յաղթական ելան դժբախտաբար։
Երգիծանք եւ … «Ծաղրածու»
Երեսուն տարիներ ետք իսկ, տակաւին մեր կարգ մը մարդիկ չէին հասած պէտք եղած մտքի հասունութեան՝ նոյնքան լայնախոհ եւ ազատամիտ ըլլալու չափ, հակառակ երգիծանկարի կամ «ծաղրանկար»ի ըրած հսկայ յառաջդիմութեան եւ անոր գրաւած պատուոյ տեղին՝ համաշխարհային մամուլին մէջ։
Ճիշդ է, հետեւած ըլլալու համար այդ յեղաշրջումին, անհրաժեշտ է քիչ մը դուրս ելլել իր շրջապատէն եւ հետեւիլ, թէ ինչե՜ր կ՚անցնին-կը դառնան աշխարհի մէջ, զիրենք կալանաւորող չորս պատերէն դուրս։ Քարացած եւ անտաշ միտքը դժուար թէ զանազանէ «երգիծանք»ը՝… «ծաղրանք»էն։ Ան կը տարուի «ծաղրանկար» բառին պատկանած «ծաղր» մասնիկէն եւ ծաղրանկարիչին եւ իր գործին մէջ «ծաղրածու» միայն կը տեսնէ։ Կը մոռնայ, թէ ինչ որ ներելի է հասարակ մարդոց, պարագան նոյնը չէ, երբ մարդ՝… «լրագրող» կը դաւանի ինքզինք։
Այս կարգի «խմբագիր»ներէն էր «փարլամենթի նախկին անդամ»ի հլու-հնազանդ ստրուկներէն՝ Գաբրիէլ Լազեան:
Հասակէն վեր ելլելով, օրին մէկը, ան թերթին մէջ, օր ցերեկով, այս մասին յայտնեց իր տգիտութիւնը, առանց անդրադառնալու, թէ մեծագոյն ծաղրածուն կարելի է դառնալ առանց «ծաղրանկարիչ» ըլլալու…։
Փա՞ստը։ Հայաստանի մէջ 1921-ին ցուցաբերած իրենց «քաղաքական» հասունութիւնը։
Երգիծանքը ըմբռնելու կարողութիւնը չունենալ՝ ամօթ մը չէ։ Զայն ըմբռնելը՝ ամէնուն տրուած շնորհ մը չէ։ Ամօթ կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ այդպիսի մէկը փորձէ իր կարգին… երգիծանք ընել։ Այն ատեն՝ կը դառնայ իսկական…
Միակ բարիքը զոր գործած են այսպիսի տիպարները՝ մեծագոյն երգիծագիր Օտեանին զմայլելի Փանջունիին նիւթ հայթայթած ըլլալն է, այսպիսով գլուխ գործոցով մը ճոխացնելով հայ գրականութիւնը։
Չմոռնանք, որ առողջ եւ սրամիտ ծիծաղ յառաջ բերել շատ աւելի դժուար արուեստ է, քան ժողովուրդ մը լացնելը։ Հայ ժողովուրդը ներողամիտ է եւ ո՛չ ոխակալ։
Բայց չի հանդուրժեր, որ կէս դար առաջուան սխալները կրկնողներ գտնուին դեռ մինչեւ այսօր:
*
ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՀԱՅԵՐ
Ալեքսանտր Սարուխանի 125-ամեակին առթիւ «Հայփոսթ»ը թողարկած է «Մեծանուն հայեր. Ալեքսանտր Սարուխանի ծննդեան 125-ամեակ» նիւթով դրոշմաթուղթ մը՝ երկկողմանի թղթատարային բացիկ:
Փոստային բացիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է Ալեքսանտր Սարուխանի (1898-1977) «Ինքնադիմանկար» աշխատանքը:
Բացիկի ներքեւի ձախ անկիւնը պատկերուած է Ալեքսանտր Սարուխանի ծաղրանկարը, ինչպէս նաեւ «125-ամեակ» գրառումը՝ հայերէնով եւ անգլերէնով:
Բացիկի դարձերեսին պատկերուած են Սարուխանի ծաղրանկարները, ինչպէս նաեւ՝ «Հայ ծաղրանկարիչ» եւ «Ալեքսանտր Սարուխան» գրառումները՝ հայերէն եւ անգլերէն:
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք՝ Ալեքսանտր Սարուխանի թոռնուհին՝ Սիլվա Ներետեան-Պլատեան ստանձնած է իր անուանի մեծ հօր ստեղծագործութիւններու պահպանման եւ տարածման պատասխանատուութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանին փոխանցած է Ալեքսանտր Սարուխանի մասնակցութեամբ հրատարակուած հինգ գիրքի թուային տարբերակ, որոնք արդէն հասանելի են Համահայկական թուանշային գրադարանին մէջ: Այդ հինգ հրատարակութիւններէն երկուքը Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Բ. Փանջունի ի Ծապլուար եւ Վասպուրական» (Գահիրէ, 1938) եւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» (Գահիրէ, 1962) գիրքերն են, որոնց նկարազարդումները կատարած է Սարուխան:
Գիրքերէն մէկն ալ կը կրէ «Մենք մեր ակնոցով» խորագիրը եւ կը ներկայացնէ Ալեքսանտր Սարուխանի՝ հայկական, մանաւանդ սփիւռքահայութեան կեանքին վերաբերող ծաղրանկարներն ու գծանկարները:
Չորրորդ գիրքը «Ալեքսանտր Սարուխան, 1898-1977. Երգիծանկարիչ» գիրքն է, որ արուեստագէտին կինը՝ Սիրվարդ Սարուխան ձօնած է իր ամուսինին յիշատակին եւ հրատարակած Գահիրէ, 1990:
Գիրքերուն մէջ կայ նաեւ «Յուշեր» խորագրով հատորը, որուն հեղինակը ինք՝ Սարուխանն է, ան կը պատմէ, թէ ինչպէս, Կովկաս ծնած ըլլալով, ուսանած, ապրած, աշխատած է Պոլիս, Եգիպտոս, ապա մեկնած է Եւրոպա, կը ներկայացնէ յատկանշական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն: Այս գիրքը լոյս տեսած է 2018 թուականին եւ Ալեքսանտր Սարուխանին վերաբերող ամենավերջին հրատարակութիւնն է: Կրկին հրատարակուած է Գահիրէի մէջ:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ», Պոլիս