Ենովք Արմէն բառաստեղծը
Ենովք Արմէն. այս անունը կը կրէր Եղեռնի նախօրեակին պոլսահայ հրապարակին վրայ ամենաբարձր աղմկող մարդը: Իր կեանքի 84 տարիներուն (1883−1968) ոչ մէկ վայրկեանը հանգիստ նստած է ան. խմբագրած է ութ-տասը թերթ, գրած ու հրատարակած է ութ-տասը հատոր գիրք,− որոնց ոչ մէկը կը կարդացուի այսօր,− ըրած է թարգմանութիւններ, մասնակցած է ազգային-հասարակական բոլոր գզուըռտուքներուն, կռուած է քիչ մը բոլորին հետ անխտիր, հրապարակաւ «պոռնկագիր» կոչած է Դանիէլ Վարուժանը, քանի մը քար ալ նետած է Միսաք Մեծարենցի պարտէզը, հուսկ գաղթած Մարսէյ, ուր բացած է տպարան մըն ալ ու այնտեղ ալ մահացած է, ինչպէս կ’ըսեն՝ «սուրը միշտ ձեռքին», պայքարելով եւ կռուելով շրջապատին՝ ազգայիններուն եւ Ազգային իշխանութեան դէմ անխտիր:
Կարելի է եզրակացնել՝ ըստ ամենայնի անուն մը, որ իր ետեւէն ոչ մէկ լացող կամ ափսոսացող, ոչ իսկ… յիշող ունեցած է: Հակառակը… աւելի ճիշդ է: Բայց ահա վերջերս պատահմամբ ձեռքս անցաւ իր պատմուածքներու մէկ հատորը՝ «Կինը», գրուած 1906-ին, ուրեմն երբ տակաւին 23 տարեկան էր:
Այս շատ միջակ, չըսելու համար անարժէք հատորը, սակայն, ուշադրութիւնս գրաւեց ինքնահնար բառերու բաւական ճոխ շարքով մը, չհաշուած լեզուական այլ իւրայատկութիւններ, որոնք խոտոր կը համեմատին… հեղինակին կերպարին ու վարկին հետ. պարզապէս չես ակնկալեր, որ ան կրնար լեզուական այդքան ճաշակ, երեւակայութիւն ու ինքնուրոյնութիւն ունենալ:
Սխալ չէ ըսուած՝ Աստուած մարդուս հոգին հանէ, անունը չհանէ:
Ստորեւ կը յամենամ անոնցմէ մէկ քանիին վրայ, որոնք կը գտնուին առաջին պատմուածքին մէջ, այսինքն՝ էջեր 1−29:
***ճլտորում (էջ 8) – քանի մը անգամ գործածած է. ճշտորիլ կը նշանակէ աճիլ, մէջտեղ գալ, հիւանդութենէ մը ապաքինիլ, առողջանալ: Արեւմտահայերէն միայն Ճիզմեճեան եւ Տէր Խաչատուրեան ունին զայն՝ իբրեւ կազդուրուիլ:
***Ճաշակցութիւն (էջ 17) − որ է սեղանակցութիւն, միատեղ ճաշելը: Գայայեան եւ Տէր Խաչատուրեան ունին ճաշակից, Ճիզմեճեան՝ սեղանակից:
***խելայեղել (էջ 28) – խելահան ընել, խենթացնել: Գայայեան եւ Տէր Խաչատուրեան ունին խելայեղ եւ խելայեղութիւն, Ճիզմեճեան եւ Կռանեան՝ միայն խելայեղ: Ոչ մէկը ունի այնքան գեղեցիկ խելայեղել բայը:
***վերկենցաղում (էջ 25) – վերադարձ դէպի կեանքը, կեանքի հաճոյքները: Ոչ մէկ արեւմտահայ բառարանագիր ունի զայն:
***ահաբեկիլ (էջ 24) − Գայայեան ունի ահաբեկ, Կռանեան՝ ահաբեկում, ահաբեկիչ, ահաբեկչութիւն, միայն Ճիզմեճեան ունի ահաբեկել բայը: Ահաբեկիլ չէզոք բայը ոչ մէկը ունի:
***լուսաւէտիլ (էջ11) − լուսաւորուիլ, լոյսով օժտուիլ: Ճիզմեճեան, Տէր Խաչատուրեան, Կռանեան ունին լուսաւէտ, սակայն ոչ մէկը ունի լուսաւէտիլ բայը:
***պարտէզին խիճուտ շրջեզերքը (էջ 20) – կ’ակնարկուի խիճերով սարքուած ցածուկ ցանկապատի: Զոյգ եզրերէն ոչ մէկը կը գտնենք մեր բառարաններուն մէջ: Միայն Տէր Խաչատուրեան ունի շրջեզր բառը՝ իբրեւ շրջանակ, ըսել կ’ուզէ՝ շրջագիծ, ինչ որ ուրիշ բան է:
***մելամաղձութիւն (երեք անգամ) եւ սեւամաղձութիւն (մէկ անգամ) – երկրորդը առաջինին տեսակ մը թարգմանութիւնն է. մել յունարէն կը նշանակէ սեւ, մելան (μέλαν)՝ սեւ ներկ: Երկուքն ալ կը յղուին յունական մելանխոլիա (μελαγχολία) բառին:
Սեւամաղձութիւն-ը կու գայ դասական հայերէնէն, հետագային յառաջացած է մելամաղձութիւն-ը:
Եզրակացութիւն.
Ուրեմն այստեղ կը գտնենք բառամթերք մը, որ շատ հեռու է հետագային լիարժէք օգտագործուած ըլլալէ, որքան ալ անոնց բացը մինչեւ հիմա ալ զգալի ըլլլայ մեր բարբառին մէջ: Կարելի է միայն երեւակայել, թէ ամբողջ հատորին,− ա՛լ չեմ ըսեր հեղինակին բոլոր գործերուն,− ընթերցումը ինչպիսի՛ անակնկալներու առջեւ կրնար դնել մեզ:
Այդ հոգը կը ձգեմ Լեւոն Շառոյեանին: Այլեւ Յակոբ Պալեանին, որ ազգային-քաղաքական մանուածապատ վերլուծումներ ընելու փոխարէն՝ թող քիչ մը փէշերը հաւաքէ եւ այս օգտակար գործով զբաղի եւ… առանց ճապկումի:
Արմենակ Եղիայեան