Երազը Հայաստանի մէջ մանկապարտէզի հիմնելն է. Ալիս Տագէսեանը Պէյրութէն հասած է Մեծ Մասրիկ գիւղ
Հայրենադարձ երիտասարդներու մասին տեղեկութիւններ կամ լուրեր ներկայացնելը միշտ ալ հաճելի է։ Ինչպէս շատերը կ՚ըսեն «հաճելին օգտակարի հետ», ալ ուր մնաց, երբ խօսքը գործարանատիրոջ մը, փոքր խանութի մը, կամ հանրային ոլորտի աշխատակցի մը մասին չէ, այլ մանկավարժութեամբ զբաղուող անձնաւորութեան մը մասին, որ ետին թողնելով իր սիրելի ծննդավայրը եկած է հայրենիք եւ որոշած է Հայաստանի շէնշող արեւուն տակ, հայկական գիւղաւանի մը մէջ զբաղուիլ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան առաքինի գործով։
Իրաւամբ ալ, սփիւռքի ամենահեռաւոր ծայրերուն Հայաստանի եւ Արցախի կարօտով հասակ առած նուիրեալներ, եւ հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն կը շարունակեն հայրենադարձութեան ջահը վառ պահել։
Ջահը վառ պահել, յանուն ապագայի, յանուն տեսելքի եւ յանուն աւելի պայծառ օրերու ակնկալիքի։
—
«Դասաւանդէ՛ Հայաստան» ծրագրի շրջանակէն ն ներս, լիբանանահայ Ալիս Տաքեսեան մեծ հաճոյքով կը տանի իրեն վստահուած գործը Գեղարքունիքի մարզի Մեծ Մասրիկ գիւղին մէջ: «Միսս Ալիսի» մասին յօդուածով մը անդրադարձ կատարած է mediamax.am կայքը:
Աղբիւրը գրած է թէ Ալիս Տագէսեան Լիբանանէն է։ Որոշած է ուսուցիչ դառնալ, երբ դեռ դպրոց կը յաճախէր։ Երազած է աշխատիլ այնպիսի դպրոցի մը մէջ, ուր երեխաները զրկուած են որակեալ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։
«Ես շատ կը սիրեմ դասաւանդել։ Ուրախ գործ է, պզտիկները միշտ նորութիւն կը բերեն, միշտ զուարթ են, հոգ չունին, իրենց հետ միշտ ուրախ կ’ըլլաս», կ’ըսէ Ալիս:
Ալիս հինգ տարի դասաւանդած է Պէյրութի կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն համար նախատեսուած կաթոլիկ դպրոցը։ Այս տարի որոշած է իր գիտելիքն ու փորձառութիւնը օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի երեխաներուն։
«Այնտեղի աշակերտներս նեղուեցան, չորս անգամ դիմում ներկայացուցած եմ, տնօրէնը չէր ստորագրեր, չէր ձգեր, որ լքէի դպրոցը։ Հիմա ընկերներուս հետ երբ կը խօսիմ, կը հարցնեն, թէ չի զղջացի՞ր, որ գացիր, գիւղ կ’ապրիս։ Կ’ըսեմ չէ, ինծի համար շատ լաւ է, հոգեկան բաւարարուածութիւն կը զգամ, որ իրօք, կ’աշխատիմ այնտեղ, ուր պզտիկները կարիք ունին սորվելու»։
Աղբիւրը շարունակած է, թէ երբ Ալիս դիմած է «Դասաւանդէ՛ Հայաստան»-ի Առաջնորդութեան զարգացման ծրագրին ու ընտրական բոլոր փուլերը յաղթահարած, անհամբեր սպասած է, թէ ուր պիտի անցնէ յաջորդ երկու տարին։ Ան ըսած է, որ ծրագրի պատասխանատուները զինք նախապատրաստած էին ամենատարբեր դժուարութիւններուն, որ յետոյ երբ խնդիրներու առաջ կանգնի՝ չյուսահատի։
Ալիսին բաժին հասաւ Գեղարքունիքի մարզի Մեծ Մասրիկ գիւղը։ «Բախտաւորուած եմ»,-կ’ըսէ։ Մարդիկ լաւ են, սիրով ընդունած են, ամէն հարցով աջակցած են, գիւղը մեծ է, կենցաղային պայմանները՝ լաւ։ Միակ անհանգստութիւնը սահմանին մօտ ըլլալն է։
«Հենց գմփոց է լսում, վազելով գալիս է։ Ասում եմ հանգիստ, դրան էլ կը սովորես»,- կը պատմէ դպրոցի փոխտնօրէնը։
«Գիւղը բոլորը ինծի հետ են, բայց, միեւնոյն է, մինակ եմ առանց ընտանիքիս։ Կրակոց մէկ անգամ լսած եմ ու վախցած։ Հիմա հարեւաններս ալ սորված են, երբ ձայն կը լսեն, կը զանգեն, որ եկուր մեր տուն»։
Ալիս Մեծ Մասրիկ տեղափոխուած է Օգոստոսին։ Երեք տուն փոխած է ։ Վերջինը, որ ամենայարմարն է ու իր սրտով, ուսուցիչներու թաղամասը կը գտնուի։ Հարեւանութիւն կ’ընէ ու հիւր կ’երթայ։
«Լիբանան առաջին բանը, որ հայ մամաները խոհանոցին մէջ կը սորվեցնեն իրենց աղջիկներուն, սեւ սուրճ պատրաստելն է»,- կ’ըսէ Ալիս:
Ալիս մեծ տան ամենափոքր սենեակը առած է։ Տեղաւորած է ամենակարեւորը՝ գիրքերը, համակարգիչը, հարազատներուն ու ընկերներուն լուսանկարները: Սենեակներէն մէկը տրամադրած բարձր դասարանցիներուն հետ անգլերէնի պարապմունքներուն։ Երկու խումբ ունի՝ մեծերու ու փոքրերու։ Մանկական շարժանկարներով եւ խաղերով կը փորձէ զարգացնել խօսակցական անգլերէնը։ Գործընկերներուն ու աշակերտներուն համար իր մեթոդները քիչ մը անսովոր են, բայց ինքը վստահ է, որ այդպէս արդիւնաւէտ է։
«Ես չեմ ուզեր որ իրենք գրքին կառչին։ Շատ անգամ նոյնիսկ գիրքը չենք բանար, բայց գրքի դասը կ’ընենք խաղալով ու երգելով։ Ես իրենց տնային աշխատանք չեմ տար. դասարանը սորված կ’երթան տուն։
Երբեմն ինծի կ’ըսեն, թէ շատ ընկերական եմ աշակերտներուն հետ։ Բայց ես այդպէս կ’ուզեմ, որ մեր միջեւ սառոյց չըլլայ։ Դասի ժամանակ ես իրենց չեմ սեղմեր, ազատ կը ձգեմ, որ արձագանգեն, ըսեն՝ ինչ որ կը հաւնին, ազատ հարցեր տան, անկաշկանդ ըլլան։ Եթէ ուսուցիչէն վախնան, անոր առարկան չեն կրնար լաւ սորվիլ։ Իսկ եթէ իրենց ընկերը ըլլաս, աւելի հեշտ կը կարողանաս ուղղել սխալները»։
Ալիսի հետ ընկեր են նոյնիսկ այն աշակերտները, որոնց չի դասաւանդեր։
Գեղարքունիքի մարզի հեռաւոր գիւղին մէջ Ալիս ինքզինք իւրային կը զգայ։ Երեխաները իր արեւմտահայերէնին արդէն վարժուած են, «բայց երբեմն կը ծիծաղին երբ կ’ըսեմ՝ եկուր հոս»։
Ալիս արդէն մոռցած է, որ 5 աստիճան ջերմութիւնը Լիբանանի համար այնքան սարսափելի է, որ դպրոցները կը փակուին։ Իսկ ինք Պէյրութ ապրող իր ծնողներուն կը հանգստացնէ, թէ մի մտածէք, Մեծ Մասրիկի եղանակը շատ լաւ է՝ նոյնիսկ արեւ կայ։
«Պէյրութ ձիւն չի գար։ Երբ այստեղ առաջին ձիւնը եկաւ, ուրախացայ, նկարեցի, ընտանիքիս ուղարկեցի, որ իրենք ալ ուրախանան, բայց սկսան անհանգստանալ՝ զգոյշ, չմրսիս, չսահիս»։
Ալիս իր ապագայի նպատակները կը կապէ Հայաստանի հետ։ Երբ 2 տարի յետոյ Մեծ Մասրիկի ծրագիրը աւարտի, ան կ’երազէ Երեւան կամ որեւէ գիւղի մէջ դպրոց կամ նախակրթարան բանայ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն անվճար ու լաւ կրթութիւն տայ։
Նիւթը Լուսինէ Ղարիպեանի («Մէտիամաքս» կայքէն).