Երանուհի Գույումճեան #Գործեր
ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՍ ՇՇՈՒՆՋԸ
Տարիներուս շշո՛ւնջն առի զեփիւռի մեղմ շոյանքներէն,
Լուսաբացի շաղոտ-շողոտ արեւահամ համբոյրներէն,
Կապո՛յտ-կապո՛յտ երկինքներէն ծորող շի՛թ-շի՛թ մաքուր ցօղէն,
Արահետէն իմ մանկութեան մշտաբուրեան պարտէզներէն…
Տարիներուս ժպիտն առի մանկան անմեղ հայեացքներէն,
Ծեր մամիկի աղօթաբոյր մաղթանքներէն, օրհնութենէն,
Հոգենուէր աշխատանքէս, երկնապարգեւ արարումէս
Ու բառերէս որոնք իջան դպան գրչիս աստղերու պէս:
Հոգիիս մէջ ան միշտ երգեց կեանքի հեքիաթն չծերացող,
Գարունները որոնք ծաղկին ձմեռէն ետք ահագնադող,
Արշալոյսի արեւաշող բերկրանքը ջինջ ու հոգեթով
Եւ կեանքի խոր առեղծուածը որ կը մնայ խորհրդաւոր:
12/1/2021
ԱՆՄԱՀԱՑԱԾ ԿՏՐԻՃՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Մենք ինկանք վէս՝ հայոց հողին Աստուածատուր,
Որ դուք ապրիք հպա՛րտ, արի՛, հայ ժողովուրդ,
Ծունկ չչոքէք թշնամիին, բարեկամին,
Միայն զիրար դուք սիրէ՛ք բորբ ու սրտագին…
Մենք շեշտակի տեսանք մահուան աչքերը սեւ,
Չընկրկեցանք ոչ մի վայրկեան, վախկոտի պէս
Ու կռուեցանք մինչեւ վերջին տրո՛փը սրտին,
Աչքերն յառած հայրենեաց սէգ լուսաբացին…
Աշխարհն էր բի՛րտ ու անտարբե՛ր մեր տագնապին,
Մեր կռիւին յանուն լոյսի՛ն, ազա՛տ կեանքին,
Սին խօսքերէն անդին ոչի՛նչ մենք լսեցինք,
Բայց միշտ ու միշտ հաւատացինք յաղթանակի՛ն…
Սո՛ւրբ է հողը մեր հայրենեաց պիպլիական,
Մի՛ սակարկէք շուկաներուն շիլ մարդկութեան,
Թէ աշխարհի բիւր գանձերը տան փոխարէն,
Մի՛ սայթաքիք անոնց շահի հաշիւներէն…
Մենք ՉՄԵՌԱՆՔ, պիտի ապրի՛նք հողին ներքեւ,
Պիտ’ բողբոջինք ամէն գարնան սիրունատես,
Միայն թէ դուք, ԱԶԳ ԻՄ ՀԱՅՈՑ, անխա՛խտ եղէք
Ձեր սիրոյն մէջ, ձեր հաւատքին, երազին մէջ…
24/1/2021
Ձիւնն է իջեր շիրիմներուն,
Ուր կը ննջէք, մեր քաջազո՛ւնք,
Անդորրութեան լոյսն է իջեր
Ու պարուրեր ձեզ, հերոսնե՛ր…
Ձիւնին նման մաքրամաքուր
Հոգիներուդ՝ խաղաղութի՛ւն,
Դուք տուիք ձեր ամենաթանկն
Հայոց երկրին, ազգին Հայկեան
Ու պիտ’ապրիք միշտ մեզի հետ
Որդւոց որդի, յաւերժօրէ՛ն…
Ձեր սխրանքը հայրենանուէր
Պիտի յիշուի դար ու դարեր,
Իսկ դուք Վերէն պիտի հսկէք
Մեզ՝ բոլորիս, փարոս անշէջ…
Եւ վա՛յ մեզի, թէ անարժան
Ըլլանք ձեր սուրբ յիշատակին,
Դաւաճանենք մեր Հայրենեաց,
Չըլլանք ձեզի հաւատարիմ:
9/12/2020
ՄԻ՛ ՄՕՏԵՆԱՔ
Մի՛ մօտենաք դուք իմ գիրին, բառին, տողին լուսահամբոյր,
Թէ որ պիղծ են ձեր սիրտերը, ձեր միտքերը ու ձեր հոգին…
Գիրս խոնարհ բայց միշտ անկեղծ արարումն է անբաւ սիրոյս՝
Մարդ էակին տառապակոծ, տիեզերքին արեւածին…
Մի՛ մերձենաք սուրբ խորանին արարումին իմ լուսատենչ,
Թէ որ դիմակ ունիք հագին, ստապատիր է ձեր խօսքը…
Իմս անսուտ, ճշմարտախոյզ որոնում է, տենչ ու տենդ է,
Ձերը միայն խաբեպատիր, մութ կիրքերու թելադրանքը…
Արարումը լուսօրհնութիւն, խնկարկումն է գեղեցիկին,
Խորին հաւատք, ինքնընծայում մ’ է բարիին ու ազնիւին,
Անսակարկ սէր ու մատուցում՝ յանուն լոյսին, յոյսին, կեանքին,
Սրտի խորքէն վեր բարձրացող աղօթք մըն է զմայլագին:
ՈՐԴԵԿՈՐՈՅՍ ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ
Մայրե՛ր սգաւոր, մայրե՛ր վշտակիր,
Ձեր ցաւը տանիմ, հովուն, ծովուն տամ,
Արցունքը սրբեմ, բալասան դառնամ,
Կաթիլով մը գէթ սփոփարար դառնամ
Ձեր լուռ մորմոքին, հոգւոյն հառաչին…
Բառերս տկար, բառերս ունայն
Զովարար ջրվէժ դառնան կըրակին,
Որ կը հրկիզէ սիրտը մայրական,
Պահիկ մը գոնէ հանդարտի մի քիչ
Մրրիկը հոգւոյն ձեր ալեկոծեալ…
Դուք դիեցուցիք կորիւնները ձեր
Ոգիով հզօր հողին հայրենեաց,
Սիրովը անբաւ երկրին կարեվէր
Եւ անոնք ինկան որպէս սուրբ սերմեր,
Որոնք պիտ’ծաղկին յանուն մեր վաղուան…
Խորին խոնարհո՛ւմ եւ բիւր օրհնութի՛ւն
Ձե՛զ, առիւծածին մայրե՛ր դիւցազուն,
Դուք մատաղեցիք ձեր գանձը անգին
Վասն հայրենեաց եւ անոր պատուին,
Ընդունէք սէրը իմ երախտագին:
22/1/2021
ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆ ԱՐՑԱԽԻՆ
Հիմա նորէն մեր արիւնող վէրքը դարձար,
իմ արծուեբոյն,
Խողխողուած ու խոշտանգուած մեր սրբութիւն,
Արցախ հայոց,
Ուր դարերով երկներ ենք երգ, վանք ու կոթող,
սուրբ մատեաններ,
Հայոց լեզուով օծեր օդը, քարը, հողը
հովիտ ու լեռ…
Հողիդ խառներ մեր քրտինքը, սուրբ աճիւնը
մեր պապերուն,
Արիւնը տաք հերոսներուն որոնք ինկան
հողիդ սիրոյն,
Մեր պատիւին, հայ ոգիին որ ան մնայ
միշտ աննկուն
Ու արարէ բերք ու բարիք, ժիր ու կայտառ,
լուսացնծուն:
Նոյն ոսոխն է հայրենակուլ ու հայատեաց,
արիւնըռուշտ,
Որ կը միտի ի սպառ ջնջել մեր երկիրը
բազմադարեան,
Հայաթափել ու թրքացնել ողջ տարածքը
արմենական,
Տապան դնել հայ ինքնութեան, հայ հոգիին
վսեմաշունչ:
Բայց դարաւոր արմատները ցեղիս հնամեայ
անսասան են,
Ու ո՛չ մէկ ձեռք կրնայ զանոնք արմատախիլ
ընել հողէն,
Որ հայութեամբ լոկ կը շնչէ դեռ պատմութեան
արշալոյսէն,
Ու պիտ’մնայ լոկ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ու ՀԱՅՈՒԹԵԱՄԲ
պիտի շնչէ:
21/1/2021
ԵՍ ՑԱՆԵՑԻ
Սիրոյ սերմեր ես ցանեցի
Կեանքիս բարակ արահետին,
Ծաղիկ ու վարդ անոնք դարձան
Թոյրերով բիւր ու հոտեւան…
Բարւոյն ցօղեր կաթի՛լ-կաթի՛լ
Իջան անոնց թերթիկներուն,
Պսպղացին մաքո՛ւր, անբի՛ծ
Յոգնած մարդուն խոնջ աչքերուն…
Ծաղիկներս յո՛րդ բազմացան…
Ամէն մէկը՝ լո՛յսի բաժակ,
Ամէն մէկը՝ սէ՛ր ըմպանակ,
Վարդաբուրեա՛ն, լուսածածա՛ն…
Մարդը ըմպեց լո՛յս ու արե՛ւ,
Սէր-բարութեա՛ն ցոլքեր լուսէ,
Նոր խայտանքով ան փարեցաւ
Հին աշխարհին հազարացաւ…
Ու որքան ալ նենգն ու չարը
Ցեխ շպրտեց ծաղիկներուս,
Շողացին զերթ ճառագայթը,
Մշուշին մէջ՝ նոր յոյս ու լոյս:
14/1/2021
ՈՐՔԱՆ ԱԼ
Որքան ալ դուն լոյս տարածես,
Մութը ցըրես, զայն անիծես,
Յոյսի, լոյսի շողեր սփռես,
Ոմանք քեզ ստուեր պիտի նետեն…
Որքան ալ դուն բարի սրտով
Ուզես անուշ խօսք մը ըսել,
Չարը վանել սիրագորով,
Ոմանք քեզ քար պիտի նետեն…
Որքան ալ դուն զգաս, ներես,
Գութով լեցուիս, կարեկցանքով,
Ոմանք միշտ ալ պիտ’ չներեն
Սրտիդ անքէն ու լուսաւոր…
Ու որքան ալ բարիք գործես,
Բարի խօսքով սիրտ ամոքես,
Պիտ’ զգաս նետը նախանձին,
Երախտամոռ անիրաւին:
10/1/2021
ՄԵՐ ԼԵՐԱՆ ՊԷՍ
Արցունքիս մէջ, թախիծիս մէջ,
Դուն կը յառնես երազ լուսէ,
Երկի՛ր իմ հին, Արարչաստեղծ,
Որուն մէն մի բեկոր-հիւլէն
Թաթախուած է արիւնով սուրբ
Մեր բիւր քաջաց բորբ, դիւցազուն…
Դուն կը յառնես զերթ մեր Լեռը,
Կը բարձրանաս տեսիլքի պէս,
Ամպերու մէջ լոյս գագաթդ
Անձեռակերտ գմբէթ մըն է,
Որ կը խրի երկնքին մէջ,
Սիրտէն բխած աղօթքի պէս…
Դուն կը յառնես՝ մթան մէջ ԼՈՅՍ,
Գիշերէն ետք զերթ արշալոյս,
Կը վառես նոր արեգակներ,
Նոր յոյս, հաւատք կը ներշնչես
Մեր սիրտերուն յուսակորոյս,
Հոգիներուն հաւատաբեկ…
Եւ չեմ գիտեր՝ այլ երկիրներ
Ունի՞ն արդեօք վեհատեսիլ
Նման գագաթ, բարձունք լուսէ,
Որուն պիտի անվերջ ձգտինք,
Ճակատագիր՝ մեր մէջ դաջուած,
Դիւթանք անհաս եւ անբաժան:
20/1/2021